ՈՒՔՐԱՅԻՆԱՅԻ ՑՈՅՑԵՐՈՒՆ ԱՌԱՋԻՆ ԶՈՀԸ՝ ՀԱՅՈՐԴԻ ՄԸ

0 0
Read Time:40 Second

serge nihoyan ՔԻԵՒ.- Աւելի քան երկու ամիսէ ի վեր կատարուող ցոյցերը, Յունուար 22-ին հասան իրենց գագաթնակէտին, եւ խլեցին երեք զոհեր: Անոնց կարգին էր, հայորդի մը` Սերժ Նիհոյեան: Հազիւ 21 գարուններ բոլորած Սերժ, ժամանած էր Քիեւ, Դնեպրոփեթրովսքի մօտակայ Պերեզնովանիվքա գիւղէն եւ միացած էր Եւրասիոյ Մաքսային միութեան դէմ պայքարող ցուցարարներուն: Սերժի ծնողքը Ուքրայինա ժամանած էր 1992-ին, Ղարաբաղի շրջանէն: Ուքրայինա ծնած եւ լաւապէս տիրապետած թէ՛ հայերէնին եւ թէ՛ ուքրայիներէնին, Սերժ միշտ ալ առաջին գիծի վրայ կը գտնուէր, շարունակ հայրենի եռագոյն դրօշն ալ, իր ուսին կապած: “Սերժ շատ կը փափաքէր Հայաստան այցելել: Երբեք չէր այցելած: Հպարտ էր իր հայութեամբ…“, կը յայտնէ Սերժի հայրը` Գարիկը: Սերժ կը նկատուի Ուքրայինայի “ԵուրոՄայտան“ի առաջին նահատակը: Ան, ցոյցերու ժամանակ, խոր ապրումով կ՛արտասանէր 19-րդ դարաշրջանի ուքրայինացի բանաստեղծ Թարաս Շեվչենքոյի “Կովկասը“ գործը, որ կոչ կ՛ուղղէր տեղացիներուն, պայքարիլ ռուսերուն դէմ:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles