Յունուար 6-ին, Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առթիւ, Սուրբ Էջմիածինի Մայր տաճարին մէջ Սուրբ պատարագ մատուցեց Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս: Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ առաջին տիկին Ռիթա Սարգսեան ներկայ գտնուեցան այս պատարագին: Հայրապետական թափօրը Ամենայն հայոց կաթողիկոսը եւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանը ամպհովանիով առաջնորդեց Մայր տաճար: Ամպհովանակիրներն էին` սուտանահայ բարերար Հրաչ Մարտիկեան, Հայաստանի արուեստի վաստակաւոր գործիչ Արմէն Էլպակեան, արուեստաբան Հրավարդ Յակոբեան եւ Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագէտ Տիգրան Ներսիսեան: Պատարագէն ետք վեհափառ հայրապետի հանդիսապետութեամբ կատարուեցաւ Ջրօրհնէքի արարողութիւն: Մայր տաճարին մէջ ջրօրհնէքի խաչի կնքահայրն էր հայ եկեղեցւոյ Մոսկուաբնակ բարերար Հայկ Մաղաքելեան:
Պատարագի արարողութեան ներկայ էին Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան եւ կառավարութեան անդամներ, Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի անդամներ, պետական բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած օտարերկրեայ դիւանագէտներ, կրթութեան, գիտութեան եւ մշակոյթի ներկայացուցիչներ: Աւարտին, “Ալեք եւ Մարի Մանուկեան“ գանձատան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական ընդունելութիւն, որուն ընթացքին վեհափառ հայրապետը վերստին իր օրհնութիւնը եւ բարեմաղթանքները փոխանցեց ներկաներուն Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով:
Նշենք թէ Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն առիթով Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս հայրապետական օրհնութեան գիրով իր շնորհաւորութիւններն ու բարեմաղթանքները ուղղեց սուրիահայ համայնքի հոգեւոր առաջնորդներուն, աշխարհիկ ու հոգեւոր սպասաւորներուն, համայնքային պաշտօնէութեան, ազգային վարժարաններու տեսչական եւ ուսուցչական կազմերուն, սաներուն եւ համայն սուրիահայութեան:
Վեհափառ հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց հայորդիներուն, որոնք հակառակ դժուար իրավիճակին, առկայ վտանգներուն, անորոշութեան ու փորձութիւններու պայմաններուն, կը շարունակեն արթուն պահել իրենց հոգեւոր ու ազգային կեանքը եւ զօրաւոր` նախանձախնդրութիւնը` մասնաւորաբար նոր սերունդին նկատմամբ հայեցի կրթութեան ու դաստիարակութեան երախտարժան գործը:
Վեհափառ հայրապետը Ամենակալ Աստուծոյ զօրակցութիւնն ու պահպանութիւնը հայցեց սուրիահայ համայնքին համար` մաղթելով, որ Ս. Ծննդեան խորհուրդով բացուող 2014 թուականը խաղաղութիւն ու ապահովութիւն բերէ Սուրիոյ եւ անոր ամբողջ ժողովուրդին:
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեան գիրին մէջ, նշուած էր.- “Այս օրերուն, երբ քրիստոնեայ աշխարհին հետ միասին համայն հայութիւնը կը պատրաստուի նշելու Ս. Ծննդեան տօնը, Մեր մտքին եւ ամէնօրեայ աղօթքներուն մէջ էք դուք, որ Սուրիոյ ամբողջ ժողովուրդին հետ միասին կը կրէք երկրին մէջ ծայր առած հակամարտութեան ծանր ու անդառնալի հետեւանքները:
Սուրիահայ գաղութի պատմութեան մէջ բացառիկ դերակատարութիւն կատարած են հայկական վարժարանները, ուր կերտուած ու ձեւաւորուած են հայորդիներուն հոգիները, ներշնչուած են մայրենի լեզուի եւ ազգային արժէքներու նկատմամբ սիրով ու նախանձախնդրութեամբ: Կոտորածներէն մազապուրծ ու Եղեռն վերապրած ձեր հայրերը ամէն դժուարութիւն ու զոհողութիւն յանձն առին, որպէսզի իրենց զաւակները ուսման կարօտ չմնան: Այսօր առիթ ունինք դրուատանքով անդրադառնալու, որ նախընթաց տասնամեակներուն ընթացքին Սուրիոյ ազգային վարժարանները կրթած են փայլուն սերունդներ, որոնք Սուրիոյ եւ աշխարհի չորս ծագերուն սփռուած, կը ծառայեն մեր ժողովուրդին ու Ս. եկեղեցւոյ, աւանդ կը բերեն հայ մշակոյթի, արուեստի, գրականութեան ու գիտութեան զարգացման:® Վարժարաններու սիրելի՛ սաներ, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինէն հայրական Մեր սէրն ու օրհնութիւնը կը յղենք ձեզ եւ կ՛աղօթենք ձեր ու ձեր ծնողներուն, Սուրիոյ բոլոր մանուկներուն ապահովութեան համար: Թող ձեր ծնողներուն ու ուսուցիչներուն նախանձախնդրութիւնը` հանդէպ կրթութեան գործը, խրախոյս ըլլայ ձեզի համար, որպէսզի շարունակէք ջանադիր սորվիլ` ապագային ձեր կեանքով ու հայրենաշէն գործերով աւանդ բերելու ազգային ու հոգեւոր մեր կեանքի յաւելեալ շինութեան ու պայծառութեան“: