ՍԵՒԱՆ ՆՇԱՆԵԱՆ…ԲԱՆՏԱՐԿՈՒԱԾ

0 0
Read Time:1 Minute, 3 Second

sevan-nishanian  ՊՈԼԻՍ.- Բառարանագէտ եւ շինարար Սեւան Նշանեան, Հինգշաբթի, Յունուար 2-էն ի վեր բանտարկուած է:

Նշանեանի դէմ քաղաքական բնոյթի անհամար դատեր բացուած էին, բայց այս դատապարտումը եկած է Շիրինճէի մէջ առանց արտօնութեան կառուցուած տուներուն համար: Անոր դէմ դատ բացուած էր “ժողովուրդի մէկ մասին կրօնական արժէքները վիրաւորելու“ մեղադրանքով, եւ անոր համար կը պահանջուէր մինչեւ 1.5 տարուան բանտարկութիւն: Նշանեանի դէմ բողոքած էին տեղացի 15 քաղաքացիներ` պնդելով, թէ Նշանեան իր արտայայտութիւններով վիրաւորած էր Մոհամէտ մարգարէին վարկը:

Ան յանձնուած է Թորպալըի բանտի վարչութեան ու դատապարտուած է երկու տարուան բանտարկութեան պատիժով:

Նշանեան բանտ մուտք գործելէ առաջ խօք առնելով մամլոյ ներկայացուցիչներուն առջեւ, յայտնեց թէ, կեանքը բանտին մէջ ալ կը շարունակուի եւ թէ ինք վարժուած է բանտարկուելու, իսկ բանտէն ելլելէ ետք պիտի շարունակէ իր պայքարը:

Ան նաեւ աւելցուց, որ Թուրքիոյ մէջ դատական համակարգը խայտառակ վիճակի մէջ է եւ ասիկա այլեւս ամէն մարդ գիտէ: “Թուրքիոյ մէջ այլեւս գոյութիւն չունի խելք, խղճմտանք ու մարդասիրական զգացում: Այսօրուան խնդիրը Կիւլենի համայնքին կամ դատախազներուն խնդիրը չէ՛, խնդիրը շա՛տ աւելի խորունկ է: Ես բանտէն ելլելէ ետք ալ պիտի շարունակեմ պայքարիլ“, եզրակացուց ան: Լրագրողներու պաշտպանութեան յանձնախումբը` Committee to Protect Journalists (CPJ), որու կեդրոնը կը գտնուի Նիւ Եորք, շարունակ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն թելադրած է անպարտ արձակել Նշանեանը: Իսկ հայազգի լրագրող Ճեւաթ Սինեթը համոզուած է, որ Նշանեանի նկատմամբ կայացած բանտարկութեան դատավճիռին նպատակը զայն սպաննելն է:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles