Լուսանկարներ` Ժիրայր Յովսէփեան
Դեկտեմբեր 8-ին, Պելմոնթի (Մասաչուսէց) Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, յանձին հովիւ` Ռաֆայէլ Անտոնեանի, պաշտօնական յայտագրով մը, նշուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութենէն փրկուած Վահրամ Նահիկեանի (այժմ Նիւ Հեմշըրաբնակ) 101ամեակը:
Ծերակուտական Ուիլ Պրաունզպըրկըր եւ Միտըլսեքս շրջանի ոստիկանապետ (շերիֆ) Փիթըր Գութուճեան ներկայ եղան այս ձեռնարկին:
Վահրամ Նահիկեանի պատմութիւնը ներկայացուց անոր թոռը` Անահիտ Նահիկեանը` նշելով, որ իր պապը կը մարմնաւորէ նաեւ նախորդ երկու սերունդներուն հանդէպ իրականացուած հալածանքներն ու կրած չարչարանքները: Նահիկեանի հայրը` մտաւորական Նշան Նահիկեանը, ընտանիքի միւս անդամներուն հետ սպաննուած էր 1915ին, իսկ մեծ հայրը` տէր Վահրամ քահանայ Նահիկեանը, 1895ի համիտեան ջարդերուն ընթացքին սպաննուած էր: Անահիտ Նահիկեան աւելցուց թէ իրենց ընտանիքի ընդհանուր անցեալի հայկական ժառանգութիւնը այսօր կենդանի է բոլորին մէջ եւ անոնք կը շարունակեն վերակառուցել հայ տունն ու նպաստել անոնց զարգացման` ներկայացնելով քրիստոնէական հաւատքն ու ընտանեկան արժէքները ե ւ մեր հայկական ժառանգութիւնը:
Ծերակուտական Ուիլ Պրաունզպըրկըր յատուկ յուշանուէր մը յանձնելով, յայտնեց թէ իրեն համար միշտ շատ կարեւոր եւ խրախուսելի եղած է յարգանքը վերապրածներու նկատմամբ: “Անիկա մեզի կը յիշեցնէ, թէ որքան կարեւոր է մեր միտքին մէջ պահելու ցեղասպանութիւնները կանխարգիլելու առաքելութիւնը“:
Օրուան հանդիսավարը` Լալիկ Մըսրեան, իր կարգին յայտնեց թէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրածներու հետ հանդիպումը անբացատրելի փորձառութիւն է: “Երբ կը նայիմ անոնց աչքերուն, կարծես կը տեսնեմ այն բոլոր սարսափները, զորս տեսած են այդ աչքերը. կը լսեմ օգնութեան աղերսներուն արձագանգը: Եւ երբ կը տեսնեմ, որ այդ աչքերը դեռ ունակ են ժպտալու եւ նայելու ցաւէն անդին, ապա կը խոնարհիմ մարդկային ոգիի հզօրութեան եւ տոկունութեան առջեւ“, եզրակացուց ան: