Նոյեմբեր 10-ին, Նիւ Ճըրզիի “Համազգային“ը կազմակերպեց ձեռնարկ մը, ի յիշատակ Սօս Սարգսեանի: Առաջին հերթին, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, Սուրբ Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ապա Կարինէ Քոչարեան ներկայացուց Սօս Սարգսեանը` իբրեւ արուեստագէտ, որ ստեղծած է հայու կենսապատում եւ մարդու կենսապատում: Քոչարեան յայտնեց թէ ան դարձած է հայ ժողովուրդի կեանքի մասնակից` իր բոլոր հոգերով եւ պայքարներով: “Սօս Սարգսեան կը ներկայացնէ այն արժէքները, որոնք մարդը` մարդ կը պահեն, հայն ալ` հայ: Անոր ժապաւէններով բացուեցաւ ոչ միայն ֆիլմաշխարհի նոր էջ, այլեւ հայկական ինքնութեան ճանաչման նոր էջ` հասկնալով հողի խորհուրդը“, ըսաւ Քոչարեան, որ Սարգսեանի հասարակական գործունէութեան մասին խօսելով, յայտնեց թէ ան պահանջատէր էր: Ղարաբաղեան շարժումին ընթացքին ան մնաց պատնէշի վրայ: Մեծ գործունէութիւն ծաւալեց երկրաշարժին ժամանակ: Տարբեր երկիրներէ օժանդակութիւններ իր անունով կը հասնէին Հայաստան:
Սարգսեան հին երկրի յիշողութիւնը ներկայացուց նոր Հայաստանի մէջ: Այսպէս, ան հռչակաւոր “Նահապետը“ տիպարը խաղալով իւրացուց այդ կերպարը եւ ապրեցաւ այդ “Նահապետ“ով:
Նշենք թէ, Սօս Սարգսեան խորհրդային վարչակարգի դժուար պայմաններուն մէջ իր կերպարով ստեղծեց հաւաքական յիշողութիւն մարմնացնող տիպար: Իր “Ձորի Միրօ“-ով ան ներկայացուց հայ մարտիկի կամքը, այս ժապաւէններով ան ամբողջ սերունդներ կը կապէր իրենց արմատներուն, իրենց ինքնութեան: Ասոր փայլուն վկան է այսօրուան արցախեան յաղթանակը, ուր ոչ միայն յաղթեց հայ զինուորը իր զէնքով, այլեւ յաղթեց հայ մշակոյթը` Սօս Սարգսեանի ներկայացուցած տիպարներով: Կան արուեստագէտներ, որոնք կը կերտեն ժամանակը: Ասոնց շարքին է Սօս Սարգսեան, որ ահազանգ հնչեցնել տուաւ եւ կերտեց հայուն ժամանակները: Շրջանի հովիւ Յովնան Պօզոյեանի աղօթքէն ետք, տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն: