Լոնտոնի “Կոմիտաս“ հիմնարկը, լոյս պիտի ընծայէ Յակոբ Օշականի “Մնացորդաց“ը (Remnants), թարգմանուած անգլերէնի:
1928-էն 1934-ի միջեւ, Կիպրոսի մէջ պատրաստուած այս գործը, որ բաղկացած է 1800 էջերէ, կը նկարագրէ Օսմանեան օրերու հայ ընտանիքի (Նալպանտեան) մը ոդիսականը: Թարգմանողը` Ճէֆրի Մայքըլ Կօշկարեան, արդէն իսկ այս կոթողական գործէն մաս մը թարգմանած է տիրացած` յատուկ մրցանքի: Իսկ, այս հրատարակութեան նախաբանը կատարած է Քոլումպիա համալսարանի դասախօս եւ Օշականի մասնագէտ Նանոր Քեպրանեան: