ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- ՋՈՒ­ԹԱ­ԿԱ­ՀԱՐ ՆՈՒ­ՆԷ ՄԵ­ԼԻՔ­ԵԱՆԻ ՀՄԱՅԻՉ ԵԼՈՅԹԸ

0 0
Read Time:3 Minute, 25 Second

nuneՅԱ­ԿՈԲ ՎԱՐ­ԴԻ­ՎԱՌ­ԵԱՆ

 

Այս որ­քա՜ն ար­ուես­տա­գէտ­ներ ու­նի Նիւ Եոր­քը … պի­տի ըսեն ամե­րի­կա­հա­յե­րը: Ե՞րբ հա­ւաք­ուե­ցան անոնք այս մեր քա­ղա­քին մէջ: Եւ ին­չո՞ւ:  Ընդ­հան­րա­պէս անոնք Հա­յաս­տա­նէն ար­տա­գաղ­թած հա­յեր են. անուն­նե՞ր. տա՜նք. մա­յէսթ­րօ Խո­րէն Մէյ­խա­նէճ­եան, պա­րի­թոն Վա­ղար­շակ Օհան­եան, դաշ­նա­կա­հա­րու­հի Լու­սին Պա­տալ­եան, դաշ­նա­կա­հա­րու­հի Կա­րի­նէ Պօ­ղոս­եան, յօ­րի­նող եւ դաշ­նա­կա­հար Կա­րէն Յա­կոբ­եան, երգ­չու­հի Յաս­միկ Մէյ­խա­նէճ­եան, երգ­չու­հի Անուշ Պարք­լի, ջու­թա­կա­հար Տի­ա­նա Վա­սիլ­եան եւ դեռ ու դեռ:  Բո­լո՜րն ալ ծնուն­դը Խորհր­դա­յին Հա­յաս­տա­նի այդ լա՜ւ օրե­րու մշա­կու­թա­յին հունձ­քին:  Այո՛ չամչ­նանք ըսե­լու որ անոնք զա­ւակ­ներն են այն հայ­րե­նի­քին, որ սի­րեց մեր մշա­կոյ­թը, յար­գեց իր ար­ժէք­նե­րը, գնա­հա­տեց զա­նոնք ու աշ­խար­հով մէջ զա­նոնք ներ­կա­յա­ցուց:  Ինչ որ տուաւ այդ հայ­րե­նի­քը, գու­ցէ Կար­միր Դրօ­շին ներ­քեւ, եղաւ բա­րի ու օրհ­նա­բեր:

Սա­կայն, չտա­րած­ուինք:

Նո­յեմ­բեր 20, Չո­րեք­շաբ­թի երե­կոյ­եան ժա­մը 7:30ի Նիւ Եոր­քի Ս. Վար­դան Մայր Տա­ճա­րը չոր­րորդ ան­գամ ըլ­լա­լով հան­դի­սա­ցաւ ժա­մադ­րա­վայ­րը ար­ուես­տա­սէր նիւ եոր­քա­հայ խա­ւին: Ամե­րի­կա­յի Հա­յոց Առաջ­նոր­դա­րա­նը, դարձ­եալ գոր­ծակ­ցու­թեամբ Մ.Ա.­Կ.ի մօտ Հ.Հ. ներ­կա­յաց­չու­թեան կազ­մա­կեր­պեց ջու­թա­կա­հար Նու­նէ Մե­լիք­եա­նի մե­նա­հա­մեր­գը:  Ծնած Երե­ւան դափ­նե­կիր է մրցա­նակ­նե­րու, ինչ­պէս` Տէյ­վիտ Օյսթ­րախ Մոսկ­ուա­յի մի­ջազ­գա­յին փա­ռա­տօ­նին, Անտ­րէա Փոս­թաչ­չի­նի մի­ջազ­գա­յին մրցոյ­թին, ԼԻՍ­ՄԱ Հիմ­նար­կու­թեան: Նուա­գած է Նիւ Եոր­քի Գար­նը­կի Հօ­լի եւ Մոսկ­ուա­յի Պոլ­շոյ հա­մեր­գաս­րահ­նե­րուն մէջ:

Ան ու­սա­նած է Կա­լի­նա Թուր­չա­նի­նո­վա ան­ուան կեդ­րո­նա­կան երաժշ­տա­նո­ցին մէջ:  Ստա­ցած է պսա­կա­ւոր ար­ուես­տից վկա­յա­կա­նը Կնե­սա երաժշ­տա­կան գո­լէ­ճէն եւ այ­նու­հե­տեւ` Մոսկ­ուա­յի Երաժշ­տա­նո­ցէն վկայ­ուած է:  Կը տե­ղա­փոխ­ուի Գա­նա­տա, ուր կը ստա­նայ մա­գիստ­րո­սի կո­չու­մը Վլա­տի­միր Լանտ­մա­նի հսկո­ղու­թեան ներ­քեւ: Ան եղած է կրտսե­րա­գոյն ու­սա­նո­ղու­հին այդ հաս­տա­տու­թեան:  Շու­տով ան պի­տի աւար­տէ Նիւ Եոր­քի Ալ­պերթ Մար­քո­վի երաժշ­տա­նո­ցի դա­սըն­թացք­նե­րը:  Շնոր­հա­լի հա­յու­հի մը, վեր­ջա­պէ՜ս:

Դաշ­նա­կով կ՛ըն­կե­րակ­ցի Ռա­ի­սա Քար­կա­ման­տո­վա, որ իր կար­գին ծա­նօթ դաշ­նա­կա­հա­րու­հի է եւ ու­սա­նած շատ մը հան­րա­յայտ հա­մալ­սա­րան­նե­րու եւ երաժշ­տա­նոց­նե­րու մէջ:

Յայ­տագ­րին բա­ցու­մը կը կա­տա­րէ  concerts@saintvartan յայ­տա­գիր­նե­րու պա­տաս­խա­նա­տու Շո­ղակ Յով­հան­նէս­եան:  Ան, գոր­ծակ­ցու­թեամբ Ս. Վար­դան Մայր Տա­ճա­րի լու­սա­րա­րա­պետ Մա­մի­կոն Ծ. Վրդ. Քի­լեճ­եա­նի, լա­ւա­գոյն մա­կար­դա­կով, այս ան­գամ եւս կազ­մա­կեր­պած էր այս հա­մեր­գը:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles