ՀԱՅՐԵՆԻՔ
Խմբագրական
Հերթը վերստին ժամանած է:
Գոհաբանութեան արձակուրդի այս օրերուն, զանգը կրկին կը հնչէ, որպէսզի ամենայն խանդավառութեամբ, առատաձեռնութեամբ եւ նուիրումով, մասնակցինք նուիրահաւաքին` թելեթոնին:
Ժամանակն է մեր լուման տրամադրելու, յաչս այս տարուայ ծրագրին, որ յատկապէս վերապահուած է Վարդենիս – Մարտակերտ մայրուղիի կառուցման:
Նմանօրինակ ճանապարհի մը կառուցումը պիտի ըլլայ Հայաստանը Արցախին կապող երկրորդ միջազգային չափանիշերու համապատասխանող ճանապարհը, արդէն իսկ գործող Գորիս-Ստեփանակերտ մայրուղիի կողքին:
Բնականաբար այս ճանապարհի կառուցումն ու գործածութիւնը, ինքնաբերաբար իր ուղղակի ազդեցութիւնը պիտի ունենայ ճանապարհէն մինչեւ երկու տասնեակ մղոն հեռաւորութեան վրայ տարածուող համայնքներու բնակիչներուն ընկերային, տնտեսական կեանքին եւ հաղորդակցութեան վրայ: Շարքը երկար է… Դադիվանք, Քնարաւան, Եղէգնուտ, Դրմբոն, Վաղուհաս, Կոճողուտ, Գետաւան, Վերին Յոռաթաղ, Հաթերք, Չափար, Խնկաւան, Չարեքթար, նաեւ քիչ մը աւելի հեռաւութեան վրայ գտնուող գիւղեր` Չափնի, Չինաւան, Յարութագոմեր, Զարդախաչ, Համշակ, Շիկքար, Նոր Բրաջուր, Եղցին, Զովք, Մշենի եւ ընդհանրապէս Քարվաճառի կեդրոնական շրջանը:
Դեռ աւելին, յատկապէս նկատի ունենալով որ այս ճանապարհը պիտի անցնի Քարվաճառի եւ Շահումեանի շրջաններէն, թէ՛ աշխարհագրականօրէն եւ թէ՛ ռազմավարականօրէն կարեւոր քայլ մը առնուած պիտի ըլլայ այն եզրակացութեամբ որ, Արցախի հիւսիսիսային շրջանը, անմիջականօրէն, պիտի կապուի Հայաստանի Հանրապետութեան հետ:
Ճարտարագէտներու եւ ճարտարապետներու կատարած ուսումնասիրութիւնները կը տեղեկացնեն թէ այս մայրուղիի երկարութիւնը մօտ 72 մղոն (116 քիլոմեթր) պիտի ըլլայ: Այս առթիւ, նաեւ պիտի վերանորոգուին բազմաթիւ կամուրջներ, որոնց թիւը կը գերազանցէ տասնըհինգը: Այս կատարուելիք աշխատանքներուն արժէքն է մօտաւորապէս երեսուն միլիոն տոլար:
Նախապէս, “Հայաստան“ հիմնադրամի միջոցաւ կատարուած այս համահայկական նուիրահաւաքին, կարելի եղած էր Հայաստանի եւ Արցախի սահմանամերձ գիւղեր կեանքի կոչել, վերակառուցել, դպրոցներ ու բժշկական կեդրոններ վերանորոգել ու արդիականացնել: Նաեւ, կարելի եղած էր վառելանիւթի եւ ջուրի մատակարարման համակարգեր գործի լծել:
Այս տարուայ “ճանապարհային քարտէս“ը` Վարդենիս – Մարտակերտ ճանապարհի կառուցումն է, որուն նաեւ պէտք է, որ ապագային յաջորդեն միջազգային չափանիշներու համապատասխան նմանատիպ այլ մայրուղիներ:
Ուստի Հետեւինք “Դէպի Արցախ“ կարգախօսին: