Համաշխարհայնացումը եւ արդի արհեստագիտութիւնը սկսած են փոխել ղեկավարութեան դիրքեր հասնելու խաղի օրէնքները: Անկասկած որ փորձառութիւնը հաշուի կ՛առնուի, անհրաժեշտ է, բայց այլեւս չունի անցեալի իր առաջնահերթութիւնը: Նոր, թարմ մտածողութիւնը եւ յարմարելու կարողութիւնը աւելի կարեւոր յատկանիշներ են: Մենք ականատես կ՛ըլլանք մեծ հաստատութիւններու ղեկին երիտասարդ առաջնորդներու յատկանշական թիւի մը յայտնութեան, եւ զարմանալի չէ, որ կ՛ապրինք ժամանակի մը մէջ, ուր երբեմն երիտասարդ եւ աւելի փորձառու սերունդներ իրարու հետ շփում կ՛ունենան եւ համագործակցութիւնը կը գերիշխէ, եւ այլ պարագաներ ուր հաղորդակցութեան պակասը կը տիրէ:
ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ ԿՐՆԱՅ ՕՐԻՆԱԿ ԾԱՌԱՅԵԼ
Հ.Մ.Ը.Մ., որեւէ այլ կազմակերպութեան նման, նման եղափոխութենէ մը կ՛անցնի: Մենք կը քաջալերենք երիտասարդ նոր սերունդը, որպէսզի աւելի մասնակից դառնայ միութենական մեր կեանքին: Հակառակ այն իրողութեան, որ ոեւէ ղեկավար, երիտասարդ կամ հասուն տարիքի, պէտք է ամբողջացնէ հիմնական չափանիշները առաքելութեան մը հաւատալու եւ նուիրուելու, մեզի նման կազմակերպութիւններու գործին յաջողութիւնը աւելի եւս կախեալ է համագործակցութեան մշակոյթին վրայ ազդող գործօններէն:
Մեզ կը հիացնէ այն փաստը, թէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադիր դէմքերը որքան ատակ էին: Ի դէպ, 20-րդ դարու սկիզբի մարտահրաւէրները դիմագրաւելու մեր հիմնադիրներուն միջոցները կրնան օգտակար ըլլալ լուծելու նաեւ 21-րդ դարու սկիզբի մեր կարգ մը մարտահրաւէրները: Ընկերութիւնը բարեփոխելու նպատակով հայութեան կեանքին մէջ մարմնակրթութիւնը ներմուծելու Շաւարշ Քրիսեանի կիրքէն, եռանդէն մինչեւ Գրիգոր Յակոբեան, որ ղեկավարեց մեր կազմակերպութեան միաձուլումը եւ եղաւ հայ ազգային արիապետ, չմոռնալով նաեւ Յովհաննէս Հինդլեանի գաղափարական ներդրումը, առաջնորդութիւնը եւ իմաստութիւնը, այսօրուան սերունդը, երիտասարդ եւ տարեց, շատ բան ունի սորվելիք հիմնադիր դէմքերու իրարու հետ գործակցութեան եղանակէն:
Ինչո՞ւ է որ Շաւարշ Քրիսեան, Գրիգոր Յակոբեան եւ Յովհաննէս Հինդլեան աներկբայօրէն եւ արդարօրէն նկատուած են Հ.Մ.Ը.Մ.ի երեք ճարտարապետներն ու հիմնադիրները: Պատասխանը կը գտնուի այն փաստին մէջ, որ երեքն ալ զիրար կը լրացնեն ու կ՛ամբողջացնեն: Երեքն ալ հաւատացած են նոր, թարմ գաղափարներու եւ յարմարած են 20-րդ դարասկզբի կարիքներուն: Անոնք արժէքներու հանդէպ ընդհանրական հաւատք մը ունէին եւ մեծ կորովով կ՛աշխատէին: Նոյն տեսիլքը ունենալով հանդերձ, սակայն, իւրաքանչիւրը արմատական եւ անզուգական ներդրում ունեցաւ միութեան կեանքին մէջ: Անոնք յաջողեցան, որովհետեւ իրարու հետ գործակցեցան:
ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ ԹԱՐՄ ՄՏԱԾՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԿՈՐՈՎԸ
Հ.Մ.Ը.Մ. հիմնուեցաւ 1918-ին, բայց նախորդող տարիները` 1910-1914 ամէնէն կազմակերպչական տարիներն էին: 1910 թուականին մարտահրաւէրն էր ի՞նչպէս հզօրացնել հայ ազգը, տարածելով մարմնակրթութեան գաղափարը, հայեցակարգը: Այդ թուականներուն համար թարմ եւ նորօրինակ գաղափար մը, սթաթուս քոյի մարտահրաւէր մը, որ կը պահանջէ մտածողութեան եւ գործելաձեւի փոփոխութիւն: Այդ թարմ գաղափարները գերիշխեցին եւ արդիւնաբեր եղան:
Այդ ժամանակ, Հինդլեան ամէնէն տարեցն էր, Յակոբեան` միջին տարիքի, Քրիսեան` ամէնէն երիտասարդն ու ամէնէն գործունեան: Հինդլեան իմաստունն էր, յարգուած եւ փորձառու դաստիարակը: Յակոբեան համազօր էր այսօրուան գործադիր խորհուրդի մը ղեկավարին, որ ոչ միայն ատակ անձիք համախմբեց, այլեւ` անձնական օրինակով առաջնորդեց, նիւթապէս եւ բարոյապէս աջակցելով ծրագիրներու: Բայց իրականութիւնը այն էր, որ ուժական երիտասարդ գործիչ Քրիսեանն էր փոփոխութեան իսկական մղիչ դէմքը: Ինք միւսներէն խորհուրդներ առաւ, բայց ինքն էր որ իրականացուց զանոնք:
Պէտք է նշել, որ 1910-ին Քրիսեան միայն 25 տարեկան էր: Կ՛ակնածինք երբ ակնարկ մը նետենք նուազ քան հինգ տարիներու ընթացքին Քրիսեանի կատարած նուաճումներուն վրայ.- հայկական ողիմպիական առաջին խաղերու կազմակերպիչ, ֆութպոլի հայկական ախոյեանութեան առաջին մրցաշարքի հիմնադիր, “Մարմնամարզ“ թերթի խմբագիր, առաջինը, Հինդլեանի եւ Յակոբեանի հետ, հայկական սկաուտական շարժումի նախաձեռնող, “Մարմնամարզ“ի մէջ հայ սկաուտական կանոնները գրող, իգական սեռը քաջալերող, որպէսզի անոնք աթլեթիզմ կիրարկեն, Աղեքսանդրիոյ “Կամք“ մարմնամարզական շարժումի ստեղծման մղիչ ուժ:
Վերոնշեալ պատճառներուն եւ շատ աւելիին համար, Շաւարշ Քրիսեան կը նկատուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի տեսլականի ռահվիրան: Տպաւորիչ է այն, որ Քրիսեան շատ արագ բազմաթիւ նուաճումներ կատարած է իր երիտասարդ տարիքին` 24-29: Թէեւ, ճիշդ է, որ ինք չէր կրնար այդքան նուաճումներ կատարել առանց իր երէցներուն ուղղութեան, աջակցութեան, եւ հոս է որ ի յայտ կու գայ խմբային աշխատանքին կարեւորութիւնը:
Օրինակները բազմաթիւ են. 1909-ին Քրիսեան Եւրոպայէն Պոլիս կը վերադառնայ բարձր կորովով եւ նոր գաղափարներով: Ինք կ՛ուզէ նախաձեռնել մարմնակրթութեան կազմակերպման ու տարածման գործին: Ո՞վ է գլխաւոր զօրակցողը, աջակցողը, որ դռներ կը բանայ անոր դիմաց: Հինդլեանն է, յարգուած կրթական մշակը, դաստիարակը եւ Սկիւտարի դպրոցին տնօրէնը, որ Քրիսեանի առիթը կ՛ընձեռէ, որպէսզի իր աշակերտներուն հետ կիրարկէ Եւրոպայէն բերած գիտելիքները: Երբ ժամանակը կու գայ 1911-ին “Մարմնամարզ“ թերթը հրատարակելու, որպէսզի կարելի ըլլայ նախաձեռնել առողջապահական դաստիարակութեան, ո՞վ է ամէնէն կարեւոր գրող-թղթակիցը: Կրկին Հինդլեանն է: Ան հայկական սկաուտութեան գաղափարախօսն է, սկաուտական շարժումը հայկական հանրութեան ներկայացնողը: Եւ ո՞վ է գործնապաշտ խորհրդատուն, առաջին սկաուտ առաջնորդը եւ նոյն ատեն նիւթապէս ամէնէն առատաձեռն աջակցողը “Մարմնամարզ“ին: Գրիգոր Յակոբեանն է:
Երեք ղեկավարները աշխատանքի միացեալ խումբ մըն էին, զիրար ամբողջացնող ու լրացնող:
ԴԱՐ ՄԸ ԵՒ ԱՆԴԻՆ
Աշխարհաքաղաքական պայմանները այսօր մեծապէս տարբեր են: Իբրեւ ազգ մենք վերապրեցանք Ցեղասպանութենէն եւ անհատապէս յաջողութիւններ արձանագրեցինք: Հ.Մ.Ը.Մ. դարձաւ համաշխարհային կազմակերպութիւն: Այժմ ունինք անկախ պետութիւն: Այսուհանդերձ, մեր ազգային մարտահրաւէրները կը մնան գրեթէ նոյնը, այսինքն` դարձեալ մեր դիմաց կը ցցուի այն հարցումը, թէ ի՞նչպէս օգնել որ ներկայի եւ ապագայի հայ սերունդները հպարտ ըլլան իրենց մշակոյթով եւ յանձնառու մնան հայկական իրենց ինքնութեան ու պատկանելիութեան:
Դար մը եւ անդին, մենք սկիզբի օրերու հետ բազմաթիւ զուգահեռներ կը գտնենք: Հ.Մ.Ը.Մ. այսօր ունի միջին տարիքի Յակոբեանի տիպարով ղեկավարներ, որոնք յաջողած են իրենց անձնական կեանքերուն մէջ, լաւ կառավարողներ են եւ շատերն ալ առատաձեռն նուիրատուներ են: Մենք բախտաւոր ենք, որ տակաւին ունինք աւելի տարեց, փորձառու, յարգարժան Հինդլեանի նման դաստիարակներ եւս: Մեզի կը պակսին Քրիսեանի նման խանդավառ երիտասարդները:
Ճիշդ է, որ Քրիսեան բացառութիւն մըն էր եւ կարելի չէ կրկնօրինակել զայն, բայց ան հազիւ 20 տարիքը թեւակոխած` եթէ ատակ եղած է հայ կեանքին մէջ հսկայական փոփոխութիւններ ներմուծելու, ինչո՞ւ չհաւատանք, որ ժամանակակից, նորօրեայ Քրիսեանները եւս կրնան նոյնը ընել: Այնպէս չէ, որ մենք այսօր զուրկ ենք ուշիմ, հնարամիտ, նուիրեալ եւ կորովի երիտասարդ ղեկավարներէ: Մենք իսկապէս ունինք երիտասարդ ղեկավարներ, որոնք իրենց շուրջիններէն կը զանազանուին միջազգային իրենց հմտութիւններով եւ կարողութեամբ:
Մեր հիմնադիր երեք դէմքերը զիրար ամբողջացուցած են, եւ իբրեւ խումբ գործած են: Տարեցները զօրակցած, աջակցած են երիտասարդ Քրիսեանին եւ օրհնած են անոր տեսլականը: Հինդլեան եւ Յակոբեան տեսած են Քրիսեանի ներուժը եւ անոր տարիքը իրենց համար հարց չէ եղած: Անոնք հասկցած են երիտասարդութեան արժէքը, քաջալերած են ուժական փոփոխութիւնը եւ խիզախութիւնը ունեցած են առաջնորդելու եւ ուղղելու Քրիսեանը: Բանալին հետեւեալն է` Յակոբեանի եւ Հինդլեանի տիպարով այսօրուան ղեկավարներու հաւաքական գիտակցութիւնը մղել հաւատալու այսօրուան Քրիսեաններու կարողութիւններուն եւ ներուժին: Բայց որպէսզի նորօրեայ Քրիսեանները ոտքի հանենք, մեր հաւաքական ղեկավարութիւնը պէտք է անդրադառնայ նաեւ, որ տարիքի 20-40 սահմանը ամէնէն արդիւնաբեր եւ նորութիւններ բերող շրջանն է: Պէտք է օգտագործել գիտնալ այդ տարիքի սերունդը:
ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐՈՒ ԱՅՍՕՐՈՒԱՆ ՍԵՐՈՒՆԴԸ
2018-ը` Հ.Մ.Ը.Մ.ի հարիւրամեակը շատ մօտ է: Մեր մաղթանքն է, որ ամբողջ աշխարհի մէջ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի ղեկավարութեան այսօրուան սերունդը հետեւի Հինդլեանի եւ Յակոբեանի օրինակին: Մեզմէ անոնք որոնք փորձառու են պէտք է յանձնառու մնան, բայց մենք պէտք է որոնենք, փնտռենք, վստահինք, զօրակցինք, աջակցինք, դաստիարակենք եւ խնամենք նոր Քրիսեանները: Այդ տաղանդաւոր երիտասարդ ղեկավարները ներկայ են եւ պէտք է ստուերէն դուրս գան: Մենք ականատեսը եղած ենք անոնցմէ շատերուն, իբրեւ սկաուտ առաջնորդներ եւ երիտասարդ մարզիկներ, բայց նաեւ` ռազմավարական ծրագրումի հանդիպումներուն ընթացքին: Հ.Մ.Ը.Մ.ի հանդէպ մեծ յանձնառութեան տէր երիտասարդ անհատականութիւններ շատ կան, որոնք ունին ղեկավարման, համացանցային, հաղորդակցութեան, տեղեկատուական արհեստագիտութեան տիրապետման լաւ կարողութիւններ: Ուրիշներ ալ կան, որոնք տակաւին պէտք է յայտնաբերուին: Այս երիտասարդ անհատականութիւնները մեծ ընդունակութիւններով մեր շուրջն են: Մենք անոնց պարզապէս չենք տուած փայլելու պատշաճ տեղն ու առիթը:
Մեր սերունդը տակաւին կը հաւատայ, թէ մենք ենք փարոսը եւ միակ ուժը, որ կրնայ առաջնորդել մեր կազմակերպութիւնը: Ճիշդ մեր շուրջի աշխարհին նման, ասիկա Հ.Մ.Ը.Մ.ին համար վիճելի փաստ մըն է այլեւս: Այսօր, իսկական ուժը երիտասարդ, նուիրեալ անհատն է, որուն հետ մենք պէտքէ փորձենք գտնել հասարակաց տեսլական մը: Մեր սերունդը կրնայ ծառայել իբրեւ հայելի, որ կը ցոլացնէ երիտասարդութեան լոյսը: Մենք պէտք է գործելու առիթը տանք անոնց` բարելաւելով եւ արդիականացնելով աշխատանքի մեր մեթոտները: Անոնք ունի՛ն կարողութիւններ փայլելու եւ առաջնորդելու իրենց հասակակիցները եւ մեզ:
Հաղորդակցութիւնը անհրաժեշտութիւն է կազմակերպութեան մը աւելի մեծ օգուտին համար: 2011 թուականի 10-րդ Պատգամաւորական Ժողովէն ի վեր, Հ.Մ.Ը.Մ. ունի երիտասարդութեան ունեցածին զուգահեռ տեսլական մը: Մենք խօսքի սահմաններէն շատ անդին գտնուող հանգրուանի մը մէջն ենք. մենք ի վերջոյ շօշափելի քայլեր կ՛առնենք այժմէականացնելու համար մեր աշխատանքի մեթոտները: Հիմա անհրաժեշտ է դրական փոփոխութիւնը երիտասարդութեան փոխանցել ժամանակակից հաղորդակցութեան միջոցներով եւ ապա անոնց տրամադրել բեմ եւ ստեղծել մասնակցութեան առիթներ: Անոնք օգնելու մեծ կարելիութիւններ ունին: Վստահ եմ, որ անոնք յարգալից պիտի մնան տարեցներու հանդէպ, միաժամանակ միութեան ընծայելով իրենց կորովն ու թարմ մտածողութիւնը: Երբ անոնք զգան, որ ողջունելի են, անոնք մասնակից, յանձնառու պիտի ըլլան: Հսկողութիւնը տարեց դաստիարակներու կողմէ անշուշտ անհրաժեշտ է, բայց երիտասարդութիւնը եթէ ինքզինք խումբին մէկ մասը զգայ, հաճոյքով, կամովին պիտի ընդունի հսկողութիւնը:
Շրջանային եւ մասնաճիւղերու ղեկավարութեանց պարտականութիւնն է ըլլալ նախաձեռնող, կապուելու, հաղորդակցելու երիտասարդութեան հետ, բացատրելու նոր մօտեցումը եւ նախքան մեր հարիւրամեակը, ամբողջական ուժգնութեամբ կազմակերպութեան յառաջատար դիրքերու հասցնելու երիտասարդ, կարող ուժեր: