Նոյեմբեր 16-ին, Ուրուկուայի զբօսաշրջութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Լիլիամ Քէշիշեան պաշտօնական հանդիպում ունեցաւ Հ.Հ. նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ:
Քէշիշեան Ուրուկուայի նախագահ Խոսէ Մուխիքայի քաղաքական խմբակցութեան անդամ է: Քէշիշեանի ջանքերուն շնորհիւ Ուրուկուայը դարձած է առաջին պետութիւնը, որ ուղիղ կապեր հաստատած է Արցախի հետ` խորհրդարանական մակարդակով: Անոր շնորհիւ նաեւ վերցուած է Հայաստանի եւ Ուրուկուայի միջեւ մուտքի արտօնագրերու դրութիւնը:
Քէշիշեան լրագրողներու հետ հանդիպումի մը ընթացքին նշած է, որ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի նախօրեակին Ուրուկուայի մայրաքաղաք Մոնթեվիտէոյի կեդրոնական հրապարակներէն մէկուն մէջ կառավարութեան աջակցութեամբ պիտի բացուի Մեծ Եղեռնի զոհերուն նուիրուած թանգարան:
Պատասխանելով “Ուրուկուայը Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած առաջին պետութիւնն է: Արդեօք կարելի՞ է, որ Ուրուկուայը Արցախի անկախութիւնը ճանչցող առաջին երկիրը ըլլայ“ հարցումին Քէշիշեան նշեց, որ այդ առումով իր յոյսը չի կորսնցներ, աւելցնելով.- “…Չեմ կրնար կանխատեսել: Պէտք է համբերատար եւ քրտնաջան աշխատանք տանինք այդ ուղղութեամբ: Եւ ես յոյսով եմ, որ մենք պիտի կարողանանք օգնել: Ես անձամբ մեծ յոյսով եմ, սակայն աշխարհը շատ աւելի բարդ է, քան մեր յոյսերը“:
Նախարար Լիլիամ Քէշիշեան ծնած է Մարտ 2, 1952-ին Մոնթեվիտէօ: Ան անդամ է “Լայն ճակատ“ կուսակցութեան: 1999-ին միացած է Յառաջդիմական դաշինքին : Քէշիշեան 2004-ին ընտրուած է երկրի խորհրդարանի անդամ, որմէ կարճ ժամանակ ետք նշանակուած է զբօսաշրջութեան փոխնախարար, իսկ Մայիս 2012-ին` զբօսաշրջութեան նախարար: