ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ԽՕՍՔԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ԹՈՒՐՔԻԱ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ.- ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐԸ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻ°Ն ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ ՀԱՐԿ Է ԴԻՄԱԳՐԱՒԵԼ

0 0
Read Time:14 Minute, 21 Second

Հա­յաս­տան-Թուրք­իա կա­պե­րու ծի­րէն ներս ար­ձա­նագր­ուած վեր­ջին զար­գա­ցում­նե­րը, յատ­կա­պէս քա­ղա­քա­կան-դիւա­նա­գի­տա­կան մա­կար­դակ­նե­րու վրայ տե­ղի ու­նե­նա­լիք յա­ռա­ջի­կայ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը՝ Զուի­ցեր­իոյ միջ­նոր­դու­թեամբ գո­յա­ցած հա­մա­ձայ­նա­գի­րե­րու հի­ման վրայ, ար­դար ընդվ­զու­մի ալիք մը սկսած են բարձ­րաց­նել թէ° Հա­յաս­տա­նի ժո­ղովր­դա­յին շրջա­նակ­նե­րէն ներս, եւ թէ Սփիւռ­քի մէջ: Այս կա­ցու­թեան դի­մաց անհ­րա­ժեշտ է խո­հեմ, իրա­պաշտ ու շրջա­հայ­եաց մօ­տե­ցում որ­դեգ­րել՝ հե­ռու մնա­լով զգա­ցա­կան պոռթ­կում­նե­րէ եւ ժա­մա­նա­կա­ւոր շա­հեր ապա­հո­վե­լու վա­տա­ռողջ մտա­ծե­լա­կեր­պե­րէ ու գոր­ծե­լա­կեր­պե­րէ: Չենք ու­զեր անդ­րա­դառ­նալ վե­րոնշ­եալ հա­մա­ձայ­նա­գի­րե­րու երկ­դի­մի, անո­րոշ ու վտան­գա­լից պա­րու­նա­կու­թեան: Սա­կայն, կÿու­զենք հե­տեւ­եալ կէ­տե­րուն շուրջ հրա­ւի­րել Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թեան, մեր ժո­ղո­վուր­դի կեան­քէն ներս գոր­ծող կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն եւ մեր ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րուն ազ­նիւ ու­շադ­րու­թիւնը.-

Ա) Հա­յաս­տա­նին միայն առնչ­ուած խնդիր­նե­րու քննար­կու­մը եւ այդ գծով առն­ուե­լիք որո­շում­նե­րը բնա­կա­նա­բար կը վե­րա­բե­րի Հա­յաս­տա­նի պե­տու­թեան: Սա­կայն, հա­մա­հայ­կա­կան բնոյթ ու­նե­ցող հիմ­նա­հար­ցե­րը անհ­րա­ժեշտ է որ հա­մա­հայ­կա­կա°ն մաշ­տա­պով ու մաս­նակ­ցու­թեամբ լուրջ քննար­կու­մի են­թարկ­ուին: Նման խնդիր­նե­րուն ու մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն մեր մօ­տե­ցու­մը պէտք է մեկ­նի հա­մազ­գա­յին գե­րա­գոյն շա­հե­րէն ու մեր ներ­քին մի­աս­նա­կա­նու­թիւնը ամուր պա­հե­լու նա­խան­ձախնդ­րու­թե­նէն: Յա­րա­փո­փոխ պայ­ման­նե­րու յա­րա­բե­րա­բար մար­տա­վա­րա­կան հաշ­ուարկ­նե­րէ ու տնտե­սա-քա­ղա­քա­կան ան­մի­ջա­կան շա­հե­րէ ան­դին, եթէ մեր ազ­գը յու­զող հիմ­նա­հար­ցե­րուն նկատ­մամբ Հա­յաս­տա­նի, Ղա­րա­բա­ղի ու Սփիւռ­քի ամ­բող­ջա­կան մաս­նակ­ցու­թեամբ հա­ւա­քա­կան մօ­տե­ցում­ներ չճշդուին, մեր ազ­գի կեան­քէն ներս անվս­տա­հե­լիու­թեան մթնո­լորտ մը կրնայ ստեղծ­ուիլ, ներ­քին բե­ւե­ռա­ցում­ներ կրնան յա­ռա­ջա­նալ ու նոր տագ­նապ­նե­րու դի­մաց կրնանք գտնուիլ: Այս վտան­գա­լից կա­ցու­թեան նա­խան­շան­նե­րը սկսած են երե­ւե­լի դառ­նալ: Հե­տե­ւա­բար, բարձ­րա­գոյն աս­տի­ճա­նի կա­րե­ւո­րու­թեամբ կÿու­զենք Մեր այս խոր մտա­հո­գու­թիւնը փո­խան­ցել Հա­յաս­տա­նի, Ղա­րա­բա­ղի եւ Սփիւռ­քի մեր պե­տա­կան, քա­ղա­քա­կան ու հա­մայն­քա­յին պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն եւ մեր ժո­ղո­վր­դի զա­ւակ­նե­րուն:

 Բ) Այ­սօր մեր ժո­ղո­վուր­դին դի­մաց, որ­պէս առաջ­նա­հերթ մտա­հո­գու­թիւն ու­նինք եր­կու հիմ­նա­հար­ցեր՝ Ղա­րա­բա­ղի եւ ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման ու հա­տուց­ման հար­ցե­րը: Հա­յաս­տա­նի ապա­հո­վու­թիւնն ու յիշ­եալ հար­ցե­րու հե­տապն­դու­մը պէտք է դիտ­ուի մէ°կ ամ­բող­ջու­թեան ծի­րէն ներս, եր­բեմն մէ­կը շեշ­տե­լով, եր­բեմն միւ­սը՝ շրջա­նա­յին ու մի­ջազ­գա­յին քա­ղա­քա­կան պայ­ման­նե­րու հո­լո­վոյ­թին հա­մա­ձայն: Սա­կայն, յիշ­եալ հար­ցե­րու իրար­մէ ան­ջա­տու­մը, մէ­կուն շեշ­տա­ւո­րու­մը ի հե­ճուկս միւ­սին կամ մէ­կուն ան­տե­սու­մը ի շահ միւ­սին՝ վնա­սա­բեր քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն է հա­մազ­գա­յին գե­րա­գոյն շա­հե­րու տե­սան­կիւ­նէն դի­տած:

 Գ) Յա­ճա­խա­կի առիթ­նե­րով Հա­յաս­տա­նի թէ Սփիւռ­քի մեր քա­ղա­քա­կան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն հետ զրոյ­ցի ըն­թաց­քին, Մեր հրա­պա­րա­կա­յին ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րուն ու հրա­տա­րա­կու­թիւն­նե­րուն մէջ յա­տուկ կա­րե­ւո­րու­թեամբ յի­շե­ցու­ցած ենք, թէ ցե­ղաս­պա­նու­թեան հե­տապն­դու­մի աշ­խա­տանք­նե­րուն մէջ բա­ցա­կայ է գոր­ծի ներ­դաշ­նա­կումն ու մա­նա­ւանդ տե­ղե­կու­թիւն­նե­րու փո­խա­նա­կու­մը: Այլ խօս­քով՝ Հա­յաս­տա­նի պե­տու­թիւնը իր ճամ­բով կÿար­ծար­ծէ ցե­ղաս­պա­նու­թեան հար­ցը, եր­բեմն իր ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան ծի­րէն ներս զայն վե­րա­ծե­լով առաջ­նա­հերթ խնդի­րի ու եր­բեմն լու­սանց­քա­յին հար­ցի: Սփիւռ­քի մէջ Հայ Դա­տի մար­մին­նե­րը եւ կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը առանձ­նա­բար կը հե­տապն­դեն ցե­ղաս­պա­նու­թեան հար­ցը՝ իւ­րա­քան­չիւ­րը իրեն յա­տուկ գոր­ծե­լա­կեր­պով: Նա­եւ եկե­ղե­ցին, իր կար­գին, ան­ջա­տա­բար միւս­նե­րէն յա­տուկ աշ­խա­տանք կը կա­տա­րէ այս ուղ­ղու­թեամբ: Ահա ա°յս է մեր ժո­ղո­վուր­դի իրա­ւունք­նե­րու հե­տապնդ­ման աշ­խա­տան­քին պար­զած ընդ­հա­նուր կա­ցու­թիւնը, ուր փաս­տօ­րէն չկայ դե­րե­րու յստա­կացում ու բա­ժա­նում, ինչ­պէս նա­եւ հանգր­ուա­նա­յին մօ­տե­ցու­մով թի­րախ­ներ նուա­ճե­լու ծրագ­րում: Եւ բնա­կա­նա­բար, այս կա­ցու­թիւնը ո°չ միայն կը դան­դա­ղեց­նէ Հայ Դա­տի հե­տապնդ­ման լայ­նա­ծա­ւալ աշ­խա­տանք­նե­րը, այլ նա­եւ կը յա­ռա­ջաց­նէ խա­չա­ձե­ւում, կրկնու­թիւն եւ եր­բեմն՝ նոյ­նիսկ հա­կա­սու­թիւն: Արդ, անհ­րա­ժեշտ է շրջել այս իրա­վի­ճա­կը:

Դ) Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հար­ցը չա­փա­զան­ցօ­րէն զգա­յուն հարց մըն է մեր ժո­ղո­վուր­դին հա­մար: Չմոռ­նանք որ Սփիւռ­քը պար­տադր­եալ գո­յա­վի­ճակ մըն է. անոր գո­յա­ւո­րու­մը ցե­ղաս­պա­նու­թեան ար­դիւնք է: Սա­կայն ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը ամ­բո°ղջ հա­յու­թեան եւ իւ­րա­քան­չի°ւր հա­յուն հարցն է: Եւ աւե­լի°ն, քա­ղա­քա­կան սո­վո­րա­կան օրա­կարգ մը չէ ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը. ան ան­քակ­տելի­օ­րէն ըն­դե­լուզ­ուած է հա­յուն ապ­րում­նե­րուն ու տագ­նապ­նե­րուն, կազ­մա­ւոր­ման ու գո­յա­պայ­քա­րին: Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը սոսկ նա­հա­տակ­նե­րու յի­շա­տա­կու­մի վե­րա­ծե­լը բա­ցար­ձա­կօ­րէն անըն­դու­նե­լի է: Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չու­մը ու հա­տու­ցու­մը մեր ազ­գա­յին պա­հան­ջա­տի­րու­թեան առանցք­նե­րէն մէկն է: Հե­տե­ւա­բար, ծայ­րա­յեղ աս­տի­ճա­նի զգու­շա­ւո­րու­թեամբ ու զգայ­նու­թեամբ հարկ է մօ­տե­նալ այս հար­ցին: Բնա­կա­նա­բար, Հա­յաս­տա­նը որ­պէս պե­տու­թիւն տար­բեր մօ­տե­ցում պէտք է ու­նե­նայ ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման ու ընդ­հան­րա­պէս մեր ժո­ղո­վուր­դի ար­դար իրա­ւունք­նե­րու ձեռք­բեր­ման գոր­ծըն­թա­ցին՝ բո­լոր պա­րա­գա­նե­րուն առանց ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը բա­նակ­ցու­թեան նիւ­թի վե­րա­ծե­լու: Սա­կայն, Սփիւռ­քի ու Հա­յաս­տա­նի տար­բեր մօ­տե­ցում­նե­րը ու շեշ­տա­ւո­րում­նե­րը պէտք է զի­րար ամ­բող­ջաց­նեն ու զօ­րաց­նեն՝ եր­բեմն Հա­յաս­տա­նը օգ­տա­գոր­ծե­լով Սփիւռ­քի խիստ ու ան­զի­ջող կեց­ուած­քը, եւ եր­բեմն Սփիւռ­քը ձգե­լով որ Հա­յաս­տա­նը դիւա­նա­գի­տա­կան կեր­պե­րով հե­տապն­դէ մեր ազ­գա­յին պա­հան­ջա­տի­րու­թիւնը միջ-պե­տա­կան յա­րա­բե­րու­թեանց շրջա­գի­ծէն ներս:

 Ե) Սա­կայն, զգո¯յշ, պէտք չէ Թուրք­իոյ առիթ տալ մի­ջազ­գա­յին հա­մայն­քին ըսե­լու թէ՝ Սփիւռ­քը խան­գա­րիչ դեր կը կա­տա­րէ (ար­դէն իսկ Թուրք­ի­ան զա­նա­զան ձե­ւե­րով կը փոր­ձէ լռեց­նել Սփիւռ­քի պա­հան­ջա­տի­րա­կան ձայ­նը), բայց կա­րե­լի է հա­մա­ձայ­նու­թիւն գո­յաց­նել Հա­յաս­տա­նի հետ: Պէտք չէ ցե­ղաս­պա­նին առիթ տալ զա­նա­զան մի­ջոց­նե­րով մո­ռա­ցու­թեան քօ­ղին տակ պա­հե­լու մէ­կու­կէս միլի­ոն հա­յե­րու ջար­դը: Ար­դա­րեւ, այ­սօր Թուրք­իոյ հա­մար ոս­կի առիթ է նման քայ­լի դի­մե­լու՝ երբ ան կը վա­յե­լէ ամ­բող­ջա­կան աջակ­ցու­թիւնը Արեւ­մուտ­քին, երբ ան Մի­ջին Արե­ւել­քի գլխա­ւոր դե­րա­կա­տար­նե­րէն մէ­կը դար­ձած է, երբ ան »բա­րի վա­րուց« վկա­յա­գիր­ներ կը փնտռէ Եւ­րո­պա մուտք գոր­ծե­լու, երբ ան շրջա­նի որոշ եր­կիր­նե­րու մի­ջեւ միջ­նոր­դի դեր սկսած է կա­տա­րել, երբ Արեւ­մուտ­քը Թուրք­իոյ սկսած է վստա­հիլ շրջա­նէն ներս ապա­հո­վու­թիւն ու խա­ղա­ղու­թիւն հաս­տա­տե­լու յոյժ կա­րե­ւոր առա­քե­լու­թիւնը:

 Զ) Այս կա­ցու­թեան դի­մաց հարկ է ըլ­լալ ար­թուն ու հե­ռա­տես եւ չտար­ուիլ կարգ մը պե­տու­թիւն­նե­րու ցու­ցա­բե­րած շա­հա­դի­տա­կան զօ­րակ­ցու­թե­նէն: Ճի°շդ է, քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մէջ հարկ է նա­եւ ըլ­լալ իրա­պաշտ. սա­կայն, դարձ­եալ ու մի°շտ զգո¯յշ, իրա­պաշ­տու­թիւնը կրնայ ստեղ­ծել ազ­գա­յին իմաս­տով աղի­տա­լի ու ան­դար­մա­նե­լի կա­ցու­թիւն­ներ: Հա­յաս­տա­նը չի կրնար աշ­խար­հին ներ­կա­յա­նալ որ­պէս իր դրացի­ին նկատ­մամբ յա­ւի­տե­նա­կան թշնա­մու­թիւն սեր­մա­նող եւ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու մի­ջեւ բա­րի դրաց­նու­թեան ու փո­խա­դարձ հաս­կա­ցո­ղու­թեան հա­կա­ռա­կող ժո­ղո­վուրդ ու պե­տու­թիւն: Միւս կող­մէն, ցե­ղաս­պա­նու­թեան ու Ղա­րա­բա­ղի գծով Թուրք­իոյ յար­ձա­կո­ղա­պաշտ դիւա­նա­գի­տու­թեան դի­մաց Հա­յաս­տա­նի լռու­թիւնը կրնայ, ներ­քին թէ ար­տա­քին ճա­կատ­նե­րու վրայ, տե­սակ-տե­սակ մեկ­նա­բա­նու­թիւ­ննե­րու դուռ բա­նալ: Ար­դա­րեւ, ջարդ ու աք­սոր տե­սած հա­յու­թիւնը եր­բե°ք, եր­բե°ք պի­տի չու­զէ տես­նել Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւնը՝ աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան տու­եալ­նե­րէ մեկ­նե­լով եւ քա­ղա­քա­կան ու տնտե­սա­կան շա­հե­րու սի­րոյն ցե­ղաս­պա­նու­թեան ու հա­մազ­գա­յին ոե­ւէ° հիմ­նա­հար­ցի շուրջ զի­ջում­ներ կա­տա­րե­լու ըն­թաց­քին մէջ: Նման տպա­ւո­րու­թի°ւնն իսկ մեր ժո­ղո­վուր­դի կեան­քէն ներս խոր վէրք մը կրնայ յա­ռա­ջաց­նել:

Է) Ար­դա­րեւ, մի­ջազ­գա­յին հա­մայն­քին զօ­րակ­ցու­թեամբ Թուրք­իոյ կող­մէ ական­ուած դաշտ մը մուտք կը գոր­ծէ Հա­յաս­տան: Ամէն բա­նէ առաջ հարկ է հե­ռու մնալ Հա­յաս­տա­նը տկա­րաց­նող փոր­ձե­րէ: Հա­յաս­տա­նը բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն պէտք է ներ­կա­յա­նայ զօ­րեղ, ինք­նավս­տահ ու պա­հան­ջա­տէր: Արդ, առա­ջին, Մեր կար­ծի­քով, սկսե­լիք բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը ի յա­ռա­ջա­գու­նէ մեր­ժե­լը հե­ռա­տես քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն մը չէ: Նման մօ­տե­ցում հեշտ կեր­պով պի­տի չդիտ­ուի մի­ջազ­գա­յին հա­մայն­քին կող­մէ (թող Թուրք­ի­ա°ն դի­մէ նման քայ­լի): Եր­կու եր­կիր­նե­րու մի­ջեւ առանց պայ­մա­նի դիւա­նա­գի­տա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը ճշդե­լու մի­տող բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն հարկ է մաս­նակ­ցիլ՝ միշտ յի­շեց­նե­լով Թուրք­իոյ եւ մի­ջազ­գա­յին հա­մայն­քին թէ հայ ժո­ղո­վուր­դը կը մնայ պա­հան­ջա­տէր իր ար­դար դա­տին: Երկ­րորդ, որ­պէս­զի կա­րե­լի ըլ­լայ վա­նել մեր ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րուն մտքին մէջ ար­մա­տա­ցած մտա­վա­խու­թիւնը, անհ­րա­ժեշտ է որ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան Նա­խա­գահ Նո­րին Վսե­մու­թիւն Սերժ Սարգս­եան հայ ժո­ղո­վուր­դին վստա­հեց­նէ թէ բո­լոր պա­րա­գա­նե­րուն ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը բա­նակ­ցու­թեան նիւթ չի կրնար ըլ­լալ եւ թէ հա­յու­թիւնը կը մնայ պա­հան­ջա­տէր իր իրա­ւունք­նե­րուն: Նա­եւ անհ­րա­ժեշտ է որ ներ­քին խորհր­դակ­ցու­թիւն­նե­րու ճամ­բով յիշ­եալ գոր­ծըն­թաց­քին մաս­նա­կից դառ­նան թէ° Հա­յաս­տա­նի, թէ Ղա­րա­բա­ղի եւ թէ Սփիւռ­քի պա­տաս­խա­նա­տու կա­ռոյց­նե­րը: Եւ եր­րորդ, երբ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը հաս­նին այն կէ­տին, ուր ցե­ղաս­պա­նու­թեան հար­ցը կը սկսի ար­ծարծ­ուիլ կամ հարկ է ար­ծար­ծել, ՀԱ­ՅԱՍ­ՏԱ­ՆԻ ՊԵ­ՏՈՒ­ԹԵԱՆ ՆԵՐ­ԿԱ­ՅԱ­ՑՈՒ­ՑԻՉ­ՆԵ­ՐԸ ՊԷՏՔ Է ՅՍՏԱ­ԿՕ­ՐԷՆ ԵՒ ԱՄ­ԲՈ°ՂՋ ՀԱ­ՅՈՒ­ԹԵԱՆ ԱՆՈՒ­ՆՈՎ ԸՍԵՆ՝ ԹԷ ՑԵ­ՂԱՍ­ՊԱ­ՆՈՒ­ԹԻՒՆԸ ՊԱՏ­ՄԱ­ԿԱ°Ն ԻՐՈ­ՂՈՒ­ԹԻՒՆ Է, ԱՆՈՐ ՇՈՒՐՋ ԿԸ ՄԵՐ­ԺԵ°ՆՔ ԲԱ­ՆԱԿ­ՑԻԼ ԵՒ ԿԸ ՊԱ­ՀԱՆ­ՋԵՆՔ ՈՐ ԹՈՒՐՔ­Ի­ԱՆ ՃԱՆՉ­ՆԱՅ ԻՐ ԳՈՐ­ԾԱԾ ՑԵ­ՂԱՍ­ՊԱ­ՆՈՒ­ԹԻՒՆԸ: Ա°յս կը սպա­սեն թրքա­կան եա­թա­ղա­նին զոհ մեր մէ­կու­կէս միլի­ոն նա­հա­տակ­նե­րը: Ա°յս կը սպա­սէ իր նա­հա­տակ­նե­րու սրբա­զան կտա­կին հա­ւա­տա­րիմ հայ ժո­ղո­վուր­դը: Ար­դա­րեւ, նա­հա­տակ­նե­րու սրբա­զան կտա­կը եւ ժո­ղո­վուր­դին կամ­քը վեր են ամէն տե­սակ ժա­մա­նա­կա­ւոր ու մի­ա­կող­մա­նի շա­հե­րէ: Պէտք չէ թոյլ տալ որ Թուրք­ի­ան այս բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ճամ­բով ան­պատ­ժե­լիու­թեան վկա­յա­գիր ստա­ցած ըլ­լա­լու ինք­նավս­տա­հու­թեամբ ներ­կա­յա­նայ մի­ջազ­գա­յին հա­մայն­քին: Ու թող աշ­խար­հը իմա­նայ, եւ գի­տէ°, թէ ար­դա­րու­թեա°ն ճամ­բով միայն կա­րե­լի է հաս­տա­տել բա­րի դրաց­նու­թիւն եւ փո­խա­դարձ վստա­հու­թիւն ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ու պե­տու­թիւն­նե­րու մի­ջեւ:

 Ու­զե­ցինք մեր ազ­գը տագ­նա­պեց­նող վե­րո­յիշ­եալ հիմ­նա­հար­ցին գծով մեր տե­սա­կէ­տը յստա­կօ­րէն պար­զել մեր ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րուն, այն խոր հա­ւատ­քով ու վստա­հու­թեամբ, որ բո­լոր պայ­ման­նե­րուն մէջ մեր ազ­գը, ի Հա­յաս­տան եւ ի սփիւռս աշ­խար­հի, միշտ պի­տի մնայ մի­ա­կամ ու պա­հան­ջա­տէր՝ հա­մախմբ­ուած իր հայ­րե­նի­քին եւ գե­րա­գոյն ար­ժէք­նե­րուն ու ձգտում­նե­րուն շուրջ:

 Հայ­րա­պե­տա­կան

օրհ­նու­թեամբ,

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱ­ԹՈ­ՂԻ­ԿՈՍ

ՄԵ­ԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻ­ԼԻԿ­ԻՈՅ

Սեպ­տեմ­բեր 21, 2009

About Post Author

admin

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles