Ի՞ՆՉ ԿԸ ՄՏԱԾԷ ԵՐԵՒԱՆՑԻՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ԹՈՒՐՔԻԱ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ

0 0
Read Time:10 Minute, 27 Second

ՆԱ­ՐԻ­ՆԷ ՏՈՒ­ՄԱՆ­ԵԱՆ – Երե­ւան

Լու­սան­կար­ներ՝ Ին­նա Մխի­թար­եա­նի

p5 1

Հայ¬թրքա­կան վեր­ջին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն եւ յատ­կա­պէս ստո­րագր­ուած փաս­տա­թուղ­թե­րուն վե­րա­բեր­եալ բարձ­րա­ցած աղ­մու­կը՝ բնա­կա­նա­բար չէր սա­հա­ման­ափակ­ուէր միայն Հա­յաս­տա­նի կամ Սփիւռ­քի քա­ղա­քա­կան հո­սանք­նե­րուն մէջ առա­ջա­ցած բո­ղոք­նե­րով, ցոյ­ցե­րով եւ Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գա­հին ու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րին ուղղ­ուած բաց նա­մակ­նե­րով: Այս­տեղ իր խօս­քը դրսե­ւո­րեց հա­մայն հա­յու­թիւնը, ար­տա­յայ­տե­լով՝ եր­բեմն թեր եւ եր­բեմն դէմ կար­ծիք­ներ: 

Զրու­ցե­լով երե­ւա­նաբ­նակ տար­բեր մաս­նա­գի­տու­թիւն­նե­րու տէր մար­դոց հետ, պի­տի ներ­կա­յաց­նենք քա­նի մը կար­ծիք՝ խօս­քի ազա­տու­թիւնն ու ար­տա­յայտ­ուե­լու իրա­ւուն­քը ըն­դու­նե­լով իբ­րեւ իւ­րա­քան­չիւ­րի իրա­ւուն­քը: 

p5 2

Քա­ղա­քա­գէտ Ար­մէն Մի­նաս­եա­նին կար­ծի­քով՝ հայ¬թրքա­կան սահ­մա­նի բաց­ման նպա­տա­կա­յար­մա­րու­թեան հար­ցը չի դի­տարկ­ուիր հայ հա­սա­րա­կու­թեան մէջ: Ըստ իրեն ե°ւ Սփիւռ­քի ե°ւ Հա­յաս­տա­նի ու Ար­ցա­խի մէջ, գրե­թէ բո­լո­րը հա­մա­կար­ծիք են, որ սահ­մա­նին փակ ըլ­լա­լը չի բխիր Հա­յաս­տա­նի ու հա­յու­թեան շա­հե­րէն,¬ «Յատ­կա­պէս, որ այդ սահ­մա­նը Թուրք­իա­յի կող­մից փակ­ուել է՝ նպա­տակ ու­նե­նա­լով Հա­յաս­տա­նին խեղ­դել շրջա­փակ­ման մէջ: Այլ հար­ցադ­րում է, թէ կող­մե­րից իւ­րա­քան­չիւրն ի՞նչ է պատ­րաստ տալ սահ­մա­նի բաց­ման դի­մաց: Այս հար­ցում, թէ­եւ Հա­յաս­տա­նում որոշ մտա­հո­գու­թիւն­ներ են հնչում՝ կապ­ուած Թուրք­իա­յի կող­մից առաջ քաշ­ուած նա­խա­պայ­ման­նե­րին, իբր, հա­մա­ձայ­նու­թիւն տա­լու հետ, սա­կայն իրա­կա­նու­թեան հետ դա, կար­ծես, աղերս չու­նի»,¬ կÿը­սէ Ա. Մի­նաս­եա­նը: Անոր կար­ծի­քով՝ հայ¬թրքա­կան երկ­խօ­սու­թիւնը, գո­նէ հրա­պա­րա­կա­յին դաշ­տի վրայ, շրջան­ցած է խնդրոյ առար­կայ նա­խա­պայ­ման­նե­րը: «Հաս­կա­նա­լի է,¬ կÿը­սէ ան,¬ որ Թուրք­ի­ան մեծ­մա­սամբ ար­տա­քին ճնշում­նե­րի ազ­դե­ցու­թեան տակ է որո­շում­ներ կա­յաց­նում, իսկ ար­տա­քին խա­ղա­ցող­նե­րը հակ­ուած են այն բա­նին, որ Հա­յաս­տանն այս հար­ցում սե­փա­կան շա­հե­րը ոտ­նա­հար­ուած չզգայ, հա­կա­ռակ դէպ­քում՝ գոր­ծըն­թա­ցը կա­րող է վի­ժեց­ուել: Իսկ դա առա­ջին հեր­թին չի բխում մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան, ազ­դե­ցիկ գեր­տէ­րու­թիւն­նե­րի, ինչ­պէս նա­եւ Թուրք­իա­յի շա­հե­րից»:

p5 3

Տնտե­սա­գէտ Գա­յա­նէ Խա­չատր­եա­նը՝ ար­տա­յայտ­ուե­լով զուտ իբ­րեւ տնտե­սա­գէտ եւ պահ մը մոռ­նա­լով քա­ղա­քա­կան բո­լոր խնդիր­նե­րը՝ հայ¬թրքա­կան սահ­մա­նի բաց­ման մէջ Հա­յաս­տա­նի շա­հե­րէն աւե­լի կը տես­նէ Թուրք­իոյ շա­հե­րը: «80 միլի­ո­նա­նոց թուր­քա­կան շու­կան՝ իր ողջ հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րով, հա­սա­նե­լի կը դառ­նայ հայ­կա­կան գոր­ծա­րար­նե­րի հա­մար: Ներ­մու­ծում­նե­րի մա­սով հաս­կա­նա­լի է՝ աւե­լի կարճ ճա­նա­պար­հով եւ աւե­լի հա­սա­նե­լի կեր­պով թուր­քա­կան էժան ապ­րանք­նե­րը հնա­րա­ւոր կը լի­նի ներ­մու­ծել մեր եր­կիր: Մի խօս­քով, թուր­քա­կան ապ­րան­քը կ°ո­ղո­ղի հայ­կա­կան շու­կան»,¬ կ’ը­սէ տնտե­սա­գէ­տը եւ իր մտա­հո­գու­թիւնը կը յայտ­նէ հայ ար­տադ­րող­նե­րուն վե­րա­բեր­եալ, որոնք դժուար թէ կա­րե­նան իրենց մատ­չե­լի եւ որակ­եալ ար­տադ­րան­քը առա­ջար­կել թուր­քե­րուն՝ զա­նոնք գրա­ւե­լու հա­մար: Իսկ հա­կա­ռակ պա­րա­գա­յին, ըստ տնտե­սա­գէ­տին, պի­տի պա­տա­հի այն­պէս, որ  թրքա­կան ապ­րան­քը  պի­տի ողո­ղէ հայ­կա­կան փոք­րիկ շու­կան, եւ փո­խա­րէ­նը ինչ ճա­կա­տագ­րի պի­տի ար­ժա­նա­նան հայ­կա­կան ապ­րանք­նե­րը, ար­դէն դիւ­րին է կռա­հել:

p5 4

Գա­յա­նէի կար­ծի­քով՝ հայ¬թրքա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն «ջեր­մաց­մամբ», քիչ թէ շատ մտա­հոգ­ուած են նա­եւ հա­րե­ւան վրա­ցի­նե­րը, «ընդ որում թէ° առեւտ­րա­յին եւ թէ° զբօ­սաշր­ջու­թեան առու­մով»: Հաշ­ուի առ­նե­լով, որ աւե­լի քան 10 հա­զար հայ զբօ­սաշր­ջիկ այս ամ­րան հանգս­տա­ցած են սեւ­ծով­եան վրա­ցա­կան հանգս­տա­վայ­րե­րուն մէջ, տնտե­սա­գէ­տը կը կար­ծէ, որ այդ առու­մով վրա­ցին պի­տի չո­գե­ւոր­ուի հայ¬թրքա­կան սահ­մա­նի բա­ցու­մով, որուն իբ­րեւ հե­տե­ւանք, եր­կա­թուղիի աշ­խա­տե­լէն յե­տոյ, հայ զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րէն շա­տե­րը Վրաս­տա­նի փո­խա­րէն պի­տի  նա­խընտ­րեն ցա­մա­քա­յին եւ աւե­լի մատ­չե­լի ճա­նա­պար­հով հանգս­տա­նալ թրքա­կան ծո­վա­փե­րուն մէջ: 

Բագ­րատ Մով­սիս­եան պատ­մա­գէ­տին կար­ծի­քով, հայ¬թրքա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն կար­գա­ւոր­ման ներ­կայ գոր­ծըն­թա­ցը կրնայ բա­ւա­կան մեծ ազ­դե­ցու­թիւն ու­նե­նալ ե°ւ Հա­յաս­տա­նի ե°ւ տա­րա­ծաշր­ջա­նի հա­մար, հաշ­ուի առ­նե­լով, որ պատ­մու­թեան մէջ առա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով՝ տա­րա­ծաշր­ջա­նին մէջ մեծ դե­րա­կա­տա­րու­թիւն­ներ ու­նե­ցող գեր­տէ­րու­թիւն­նե­րը մի­աս­նա­կան դիր­քո­րո­շում ու­նին այդ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու զար­գաց­ման վե­րա­բեր­եալ: Ըստ իրեն, դիւա­նա­գի­տա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն հաս­տա­տումն ու սահ­մա­նին բա­ցու­մը դար­ձած է ժա­մա­նա­կի խնդիր,¬ «քա­նի որ հայ¬թուր­քա­կան նոր­մալ շփում­նե­րը շա­րու­նա­կա­կան բնոյթ են ստա­ցել առեւտ­րա­կան գոր­ծու­նէ­ու­թեան մէջ, մեծ թուով հա­յեր անց­կաց­նում են իրենց հան­գիս­տը Թուրք­իայում»,¬ կ°ը­սէ պատ­մա­գէ­տը եւ կը հաս­տա­տէ, որ հար­ցը այդ ան­կիւ­նէն դի­տե­լով՝ հայ թրքա­կան սահ­մա­նի բա­ցու­մը չի կրնար պատ­ճառ դառ­նալ, որ թրքա­կան կող­մէ կլա­նէ հայ­կա­կան տնտե­սու­թիւնը, այլ,¬ «հա­կա­ռա­կը, հայ¬թուր­քա­կան տնտե­սա­կան շփում­նե­րը կը դառ­նան չմիջ­նորդ­ուած»,¬ կÿը­սէ ան: Իր հաս­տա­տու­մով՝ սահ­մա­նի բա­ցու­մը նա­եւ կրնայ հան­գեց­նել առեւտ­րա¬ար­դիւ­նա­բե­րա­կան շփման աշ­խու­ժաց­ման թէ° Եւ­րո­պա­յի եւ թէ° Մի­ջերկ­րա­կան ծո­վի արե­ւել­եան ափի եր­կիր­նե­րուն հետ: «Դրա­նով Հա­յաս­տանն հնա­րա­ւո­րու­թիւն կ°ու­նե­նայ թօթա­փել կախ­ուա­ծու­թիւնը Վրաս­տա­նից եւ ան­կաշ­կանդ լու­ծե­լու հայ¬վրա­ցա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րում առ­կայ խնդիր­նե­րը»,¬ կը հաս­տա­տէ պատ­մա­գէ­տը, որուն կար­ծի­քով՝ առանց նա­խա­պայ­մա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն հաս­տա­տումն ու փաս­տա­թուղ­թի ստո­րագ­րու­մը կրնայ օգ­նել Հա­յաս­տա­նին՝ այլ կար­գա­վի­ճա­կի մէջ վա­րել Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը ճանչ­նա­լու մի­ջազ­գա­յին գոր­ծըն­թա­ցը: «Այժմ Հա­յաս­տա­նը հան­դէս է գա­լու ոչ թէ հա­րե­ւան երկ­րի տա­րածք­նե­րին հա­ւակ­նորդ երկ­րի, այլ՝ պատ­մա­կան ար­դա­րու­թեան պա­հան­ջա­տի­րոջ յստակ կար­գա­վի­ճա­կում»,¬ կÿը­սէ ան: Ըստ իրեն ան­հիմն են բո­լոր այն պնդում­նե­րը, ըստ որոնց հայ¬թրքա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու կար­գա­ւո­րու­մը կրնայ անդ­րա­դառ­նալ Ղա­րա­բաղ­եան հար­ցի կար­գա­ւոր­ման վրայ: Ան կը հա­ւա­տայ, որ հայ¬թրքա­կան փաս­տա­թուղ­թը կրնայ կա­պել Ան­գա­րա­յի ձեռ­քե­րը Ար­ցախ­եան հիմ­նա­հար­ցին գծով եւ պար­տադ­րել Թուրք­իա­յին ըն­դու­նե­լու չէ­զոք կար­գա­վի­ճակ:

p5 5

Խնդի­րը տար­բեր դի­տան­կիւն­նե­րէ քննե­լով՝ ըն­կե­րա­բան Մա­րի­նէ Գալստ­եա­նը հայ¬թրքա­կան սահ­մա­նի բաց­ման վե­րա­բեր­եալ կÿը­սէ, «Որ­պէս տնտե­սա­կան խնդիր, կար­ծում եմ, որ հայ¬թուր­քա­կան սահ­մա­նի բա­ցու­մը ներ­քե­ւից եկող պա­հանջ է, քա­նի որ ան­կախ սահ­մա­նի փակ լի­նե­լուց՝ հա­յաս­տան­եան շու­կա­յում առ­կայ են թուր­քա­կան ար­տադ­րու­թեան ապ­րանք­ներ»:

Անոր կար­ծի­քով, հար­ցի քա­ղա­քա­կան կող­մը նոյն­պէս ու­նի իր շեր­տե­րը, որոնք կը նե­րա­ռեն թուրք¬եւ­րո­պա­կան, հայ¬թրքա­կան, եւ­րո­պա¬կով­կաս­եան, եւ­րո­պա¬ռու­սա­կան, ռուս¬ամե­րիկ­եան, ռուս¬եւ­րո­պա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը, քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն­ներ եւ ռազ­մա­վա­րու­թիւն­ներ, որ կը մղէ հար­ցը դի­տար­կել իբ­րեւ բազ­մա­թիւ կող­մեր ու­նե­ցող քա­ղա­քա­կան խա­ղի մէջ շա­հար­կուող նիւթ: «Այս իմաս­տով, կար­ծում եմ, որ հար­ցը պէտք է լուծ­ուի դիւա­նա­գի­տա­կան ճա­նա­պարհ­նե­րով, այ­սինքն՝ որո­շա­կի օգուտ­ներ եւ զի­ջում­ներ անե­լով, որոնց ար­դիւն­քը, դրա­կան եւ բա­ցա­սա­կան, կ°ե­րե­ւայ ապա­գա­յում»,¬ կÿա­ւելց­նէ ըն­կե­րա­բա­նը եւ անդ­րա­դառ­նա­լով մտայ­նու­թիւն­նե­րուն, կը հաս­տա­տէ, թէ պէտք է ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­ներ իրա­կա­նա­նան եր­կու եր­կիր­նե­րուն հա­մար, որոնք կրնան բա­ցա­յայ­տել Հա­յաս­տա­նի եւ Թուրք­իոյ մէջ սահ­մա­նի բաց­ման վե­րա­բեր­եալ ձե­ւա­ւոր­ուած եւ շրջա­նա­ռուող զանգ­ուա­ծա­յին տրա­մադ­րու­թիւն­նե­րը:

Իր մտա­հոգ կար­ծի­քը ար­տա­յայ­տեց նա­եւ շի­նա­րար Սամ­ուէլ Մես­րոպ­եա­նը, որ հայ¬թրքա­կան սահ­մա­նի բաց­ման իբ­րեւ ար­դիւնք՝ ո°չ միայն կը վախ­նար հայ­կա­կան շու­կա­յի թրքա­կան ապ­րանք­նե­րով ողող­ուե­լով, այլ մտա­հոգ էր, որ թուրք մե­ծա­հա­րուստ­ներ կրնան Հա­յաս­տա­նի լաւ տա­րածք­նե­րուն մէջ հո­ղեր եւ շքեղ բնա­կա­րան­ներ գնել,¬ «մեր ժո­ղո­վուր­դը միշտ էլ մի­ա­միտ է եղել, շուտ հա­մո­զուող ու խա­բուող, դա վատ ա: Թուր­քին չպէտք է հա­ւա­տալ, թուր­քը թուրք է՝ միշտ նոյն խո­րա­մանկն ու կեղ­ծա­ւո­րը»,¬ հաս­տա­տեց պա­րոն Սամ­ուէ­լը: 

Ճիշդ է, «թուր­քը թուրք է», բայց մեր հա­յը ե՞րբ պի­տի ՀԱՅ դառ­նայ…

About Post Author

admin

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles