Հոկտեմբեր 31-ին եւ Նոյեմբեր 1-2-ին, Պոսթընի Համանուագային սրահին մէջ, նշուեցաւ ծագումով հայ յօրինող Քրիսթոֆ Փենտերեցքիի ծննդեան 80-ամեակը, որուն ընթացքին ներկայացուեցաւ երեք թաւջութակներու համար պատրաստուած իր գործերէն՝՝՝Քոնչերթօ Կրոսօ թիւ 1՝՝ը, մասնակցութեամբ հանրածանօթ թաւջութակահարներ՝Կօթիէ Քափիւսոնի, Դանիէլ Միւլըր-Շօթի եւ Արթօ Նորասի: Տեղւոյն համանուագային կազմին մասնակցութեամբ, խումբը ղեկավարեց մաէսթրօ ՇարլՏիւթուա: Նշենք թէ, Երեւանի մէջ, Փենտերեցքիի համար հանդիսութիւններ կազմակերպուած էին:“Փենտերեցքիի օրերը Հայաստանի մէջ“ ձեռնարկներու շարքը սկսած էր Արամ Խաչատուրեանի անուան համերգասրահին մէջ` Հայաստանի պետական երիտասարդական նուագախումբի եւ թաւջութակահար Պարթոշ Քոզիաքի միացեալ ելոյթով: Յաջորդ օրը ՝՝Գաֆէսճեան՝՝ արուեստի կեդրոնին մէջ ելոյթ ունեցան ջութակահարներ Անոյշ Նիկողոսեանը եւ Անի Կարապետեանը, ալթահար Եանա Դարեանը, թաւջութակահար Արամ Թալալեանը, քլարինեթահար Տարկօ Պրլեքը եւ դաշնակահարներ` Արթուր Աւանեսովը եւ Ճուլիեթա Վարդանեանը: Յունուար 15-ին Կոմիտասի անուան սենեկային երաժշտութեան տան մէջ Հայաստանի պետական սենեկային նուագախումբին եւ ՝՝Հովեր՝՝ սենեկային երգչախումբին կատարմամբ հնչեցին Փենտերեցքիի պարոքքօ ոճով երեք ստեղծագործութիւններ: Յունուար 16-ին ֆիլհարմոնիքը ղեկավարեց ինքը` Փենտերեցքին, նուագախումբին հետ կատարելով իր անզուգական գործերը, ինչպէս նաեւ ջութակի, ալթի եւ նուագախումբի համար գրուած նոր` ՝՝ Քոնչերթօ Տօփիօ՝՝ ստեղծագործութիւնը: Քշիշթոֆ Փենտերեցքիին կեանքին եւ գործունէութեան մասին պատմող “Լաբիւրինթոսի արահետներով“ ժապաւէնի ցուցադրութեամբ “Մոսկուա“ շարժապատկերի սրահին մէջ եզրափակուեցաւ ղեկավարին նուիրուած “Փենտերեցքի օրերը Հայաստանի մէջ“ ձեռնարկներու շարքը: 2013-ին նկարահանուած, 87 վայրկեան տեւողութեամբ ժապաւէնին մէջ ներկայացուած է “20-րդ դարու Պեթհովենի“` Քշիշթոֆ Փենտերեցքիի անցած ամբողջ ուղին: Ժապաւէնի ցուցադրութենէն առաջ Հայաստանի մշակութային միութիւններու շարք մը ներկայացուցիչներ իրենց նուէրները յանձնեցին անուանի մայէսթրոյին: “Հայաստանի երաժիշտներու միութեան“ նախագահ Արամ Սաթեան Փենտերեցքիին շնորհեց միութեան պատուաւոր անդամի կոչումը: Նկարիչներու միութեան ղեկավար Կարէն Աղամեան անոր նուիրեց իր ստեղծագործութիւններու ալպոմը, իսկ Գրողներու միութեան նախագահ Էդուարդ Միլիտոնեան լեհ երգահանին յանձնեց իրեն ձօնուած բանաստեղծութիւններու գիրքը, որ թարգմանուած է շարք մը լեզուներու: “Հսկայական իրադարձութիւն է, որ ժամանակի մեծագոյն երաժիշտներէն մէկը կը գտնուի Հայաստանի մէջ: Կայացաւ մեծ փառատօն: Հիանալի է, որ կրցանք լսել անոր ամենատարբեր տեսակներու բազմերանգ ստեղծագործութիւնները: Անգնահատելի իրադարձութիւն էր: Փենտերեցքիի նման մեծութիւնը պէտք է ելոյթ ունենայ Ֆիլհարմոնիքի հետ, որովհետեւ մեր նուագախումբին մակարդակը բարձր է անոր պէս, եւ մենք տեսանք, որ նախօրէին Ֆիլհարմոնիքը իրեն արտակարգ դրսեւորեց“, լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է Հայաստանի պետական ֆիլհարմոնիք նուագախումբի գեղարուեստական ղեկավար եւ գլխաւոր խմբագար Էդուարդ Թոփչեանը: “Փենտերեցքիի օրեր Հայաստանի մէջ“ ձեռնարկներու շարքը պատմական եւ նշանակալից երեւոյթ էր: Հաշուի առնելով անոր հայկական արմատները եւ ծագումը` բոլորը կ՛երազէին զայն բերել Հայաստան եւ կապել հայրենիքին: Փառատօնի շրջանակներուն մէջ արդէն երրորդ անգամն է, որ կը յաջողինք զայն Հայաստան բերել: Ուրախութեամբ նշենք, որ ան իսկապէս կապուած է իր երկրին` Հայաստանին, եւ այդ մեծագոյն պատիւ է հայ ազգին համար“, վկայած է “Երեւանեան հեռանկարներ“ փառատօնի ղեկավար Ստեփան Ռոստոմեան:
Read Time:2 Minute, 0 Second