ԵՐԵՒԱՆ.- Հոկտեմբեր 29-ին, տեղի ունեցաւ “Հրաչ Մուրատեան – Արդարութեան Պահանջ“ հասարակական շարժումին եւ Հ.Յ.Դ.-ի անդամներու բողոքի ցոյցը, Պռոշեանի գիւղապետ Հրաչ Մուրատեանի սպանութիւնը բացայայտելու առնչութեամբ: Ցուցարարները Արամ Խաչատրեանի արձանին քովէն քալեցին դէպի Հայաստանի նախագահի նստավայր,‘ յանձնելու սպանութեան բացայայտման պահանջին վերաբերեալ նամակը:
Իր խօսքին մէջ, Ազգային ժողովի Հ.Յ.Դ. խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան յայտարարեց, որ իրենք պիտի շարունակեն ուշադրութեամբ հետեւիլ այս ոճիրի բացայայտման եւ պարբերաբար հանդիպումներ կ՛ունենան ոճիրի բացայայտման առնչուող համապատասխան մարմիններուն հետ: Պատգամաւորը նաեւ յոյս յայտնեց, որ պատկան բոլոր մարմինները ներգրաւուին ոճիրի բացայայտման մէջ:
“Հրաչ Մուրատեան – Արդարութեան Պահանջ“ հասարակական շարժումը, իր մամլոյ ասուլիսին մէջ որոշ կարեւոր նիւթեր արծարծած էր:
Անդրադառնալով այն հարցին, թէ ինչո՞ւ անհրաժեշտ նկատուեցաւ այս մամլոյ ասուլիսը տալ` Ազգային ժողովի Հ.Յ.Դ. խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան յայտնեց.- “Առաջին` մենք մինչեւ հիմա փորձել ենք առաւելագոյնս զուսպ հետեւել նախաքննութեան ընթացքին եւ որեւէ միջամտութեամբ կամ, նախաքննութեան շահերից ելնելով, շատ չխօսենք այս մասին:
Երկրորդ` վերջերս ձերբակալուածի դատապաշտպանը յայտարարութիւն էր արել` կապուած համալիր փորձաքննութեան հետ, եւ միակողմանի գնահատականներ տուել այս փորձաքննութեանը: Այդ մասին միանգամից կարող ենք ասել, որ փաստաբանի եզրակացութիւնը միակողմանի է, եւ փորձաքննութեան եզրակացութիւնը նրան իրաւունք չէր տալիս նման գնահատականներ տալու:
Երրորդ` կայ հասարակական պահանջ ե՛ւ Պռոշեան համայնքի բնակչութեան, ե՛ւ մեր կողմից, որ այս սպանութեան բացայայտումը մեր պետութեան իրաւապահ մարմինների պատուի գործն է, եւ սա չի կարող չբացայայտուել: Եօթ ամսուայ այս շարունակական ընթացքը մեզ իրաւունք է տալիս ասելու, որ իրաւապահ մարմինները կարող էին շատ աւելի ամբողջական նախաքննութիւն իրականացնել եւ շատ աւելի արդիւնքներ ունենալ մինչեւ հիմա: Առաջին հերթին, խօսքը վերաբերում է Հրաչ Մուրատեանի հանդէպ նախկինում` 2010 թուականին եղած մահափորձին, բազմաթիւ այլ միջադէպերի, եւ ցաւօք, մինչեւ հիմա այս երկու հիմնական գործերն իրար միացուած չեն:
Յաջորդը` ժամանակն անցնում է, մարդիկ են մահանում, մարդիկ են հեռանում Հայաստանից, մարդիկ են աշխատանքի նշանակւում, որոնք այս կամ այն կերպ, հնարաւոր է, կարող էին աւելին իմանալ, տեղեակ լինել ինչ որ բաներից, եւ այստեղ մենք եւս բաց ենք տեսնում“:
Վարդանեան լուսարձակի տակ առաւ այն երեւոյթը, որ մամլոյ ասուլիսին ընդամէնը երեք պատկերասփիւռի կայանի ներկայացուցիչներ կը մասնակցին, եւ երբ կը նշուի, որ այս գործի բացայայտումը պետութեան, իրաւապահներու պատիւի հարց է, հասարակութեան գործն է, սակայն ընդամէնը երեք տեսախցիկ կայ, այդ ալ բանի մը վկայութիւնն է:
Հրաչ Մուրատեանի եղբօրորդիին` Յակոբ Մուրատեանի համաձայն, Հրաչ Մուրատեանի ընտանիքը ունի այն տպաւորութիւնը, որ այս հարցը կը տարուի դէպի փակուղի:
Պռոշեանի գիւղապետարանի աշխատակազմի նախկին ղեկավար Լուսինէ Պետոյեան նշեց, որ Հրաչ Մուրատեանի սպանութենէն ետք գիւղապետարանի աշխատակազմը հրաժարական տուաւ, քանի որ չկար վստահութիւն: “Հրաչ Մուրատեանի սպանութիւնը միմիայն քաղաքական նպատակ ունէր, այսինքն` նրան սպանել էին միմիայն նրա աթոռին հասնելու համար: Այդ համոզմունքը ունենալով` հրաժարուեցինք աշխատանքից, որովհետեւ մտածում ենք, որ նոր ընտրութիւնները եւ նոր գիւղապետը անպայման կապ ունեն Հրաչ Մուրատեանի սպանութեան հետ“, յայտնեց Պետոյեան: