ԱՐ­ԼԻՆԿ­ԹԸ­ՆԻ ՀԱՅ ՄՇԱ­ԿՈՒ­ԹԱ­ՅԻՆ ԿԵԴ­ՐՈՆ.- ՀԱՅ ՈՐ­ԲԵ­ՐՈՒ ՀԻՒ­ՍԱԾ ԵՒ ՆՈՒԻ­ՐԱԾ ԳՈՐ­ԳԸ` Ա.Մ.Ն. ՆԱ­ԽԱ­ԳԱՀ ՔՈՒ­ԼԻ­ՃԻ

0 0
Read Time:6 Minute, 25 Second

p7 ara ghazarian  Ար­լինկ­թը­նի Հայ Մշա­կու­թա­յին Կեդ­րո­նին (Մա­սա­չու­սէց) մէջ, Կի­րա­կի, Հոկ­տեմ­բեր 20-ին, կէ­սօ­րէ ետք ժա­մը 3:00-ին, տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Դոկտ. Յա­կոբ Մար­թին Տէ­րան­եա­նի, անգ­լե­րէն լե­զուով լոյս տե­սած “Նա­խա­գահ Քալ­վին Քու­լիճ եւ Հայ Որ­բե­րու Գոր­գը“ (President Calvin Coolidge and the Armenian Orphan Rug) գիր­քին ներ­կա­յա­ցու­մը:

Ծնած Ուս­տըր 1922-ին, Դոկտ. Յա­կոբ Մար­թին Տէ­րան­եան, զա­ւակն է Մար­տի­րո­սի եւ Վար­դե­րի: Այս վեր­ջի­նը Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն ճո­ղոպ­րած էր եւ կորսն­ցու­ցած իր առա­ջին կո­ղա­կիցն ու վեց զա­ւակ­նե­րը, Խար­բեր­դի Հիւ­սե­նիկ գիւ­ղէն ներս: Եօթ տա­րե­կա­նէն, Յա­կոբ կը հե­տե­ւի իր հօր ցուց­մունք­նե­րուն: Քլարք հա­մալ­սա­րա­նը աւար­տե­լէ ետք, ան կը մաս­նա­գի­տա­նայ Փեն­սիլ­վան­իոյ հա­մալ­սա­րա­նի ատամ­նա­բու­ժա­կան բա­ժա­նու­մէն ներս, ապա 1951-էն 1953 կը ծա­ռա­յէ Ամե­րիկ­եան ծո­վու­ժէն ներս: 1957-ին, ան կը կորսնց­նէ իր հայ­րը եւ իր ահես­տէն ներս մեծ յա­ջո­ղու­թիւն­ներ կ՛ար­ձա­նագ­րէ, յատ­կա­պէս աշ­խա­տակ­ցե­լով Մա­սա­չու­սէ­ցի “Tufts“ հա­մալ­սա­րա­նէն ներս: Յա­կոբ կը կրէ իր մօ­րեղ­բօր անու­նը, որ օրին եղած է գոր­գի մաս­նա­գէտ վա­ճա­ռա­կան եւ օգ­նած հայ երի­տա­սարդ­ներ, իրենց ու­սու­մը շա­րու­նա­կե­լու բնա­գա­ւա­ռէն ներս:

Հե­տաքրք­րա­կան է անդ­րա­դառ­նալ Տէրան­եա­նի ար­ծար­ծած այս նիւ­թին մա­սին:

Ար­դա­րեւ, Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն ճո­ղոպ­րած եւ Լի­բա­նան հա­սած հայ գաղ­թա­կան­նե­րու բե­կոր­ներ` մօ­տա­ւո­րա­պէս քա­ռա­սուն հայ ըն­տա­նիք­ներ, կը հաս­տատ­ուին Լեռ­նա­լի­բա­նա­նի Ղա­զիր գիւ­ղա­քա­ղա­քը: Ամե­րիկ­եան նպաս­տա­մա­տոյ­ցը Ղա­զի­րի մէջ կը հաս­տա­տէ որ­բա­նոց մը ու կը խնա­մէ չորս հա­րիւր հայ որբ: Այս որ­բե­րուն մեծ մա­սը, ժա­մա­նած է Լի­բա­նա­նի մէկ այլ շրջա­նի` Այն­թու­րա­յի որ­բա­նո­ցէն, որոնք շատ աւե­լի դա­ժան օրեր ապ­րած էին, օս­ման­եան հո­վանի­ին տակ:

Որ­բա­նո­ցի կող­քին, անի­կա կը հաս­տա­տէ նա­եւ հայ դե­ռա­տի աղ­ջիկ­նե­րու գոր­գա­գոր­ծա­րան մը, ուր կ՛աշ­խա­տին շուրջ հա­րիւր հայ որբ աղ­ջիկ­ներ: Այս գոր­գա­գոր­ծա­րա­նը կը գոր­ծէ տնօ­րէ­նու­թեամբ զուի­ցեր­ի­ա­ցի հա­յա­սէր տոքթ. “Փա­փա“ Քիւնց­լե­րի եւ հսկո­ղու­թեամբ վար­պետ Յով­հան­նէս Թաշճ­եա­նի:

Ղա­զի­րի այս որ­բե­րը 1924-1925 թուա­կա­նին 18 ոտք եր­կա­րու­թեամբ եւ 12 ոտք լայն­քով գորգ մը կը հիւ­սեն, եւ 1926ին զայն կը նուի­րեն Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու նա­խա­գա­հին` Քալ­ուին Քու­լի­ճի, որ­պէս երախ­տա­գի­տու­թիւն` Հայ­կա­կան Ցե­ղաս­պա­նու­թեան Հայ Որ­բաշ­խար­հի որ­բե­րուն կող­մէ` Ամե­րի­կա­յի ժո­ղո­վուր­դին, որ Ամե­րիկ­եան նպաս­տա­մա­տոյ­ցին մի­ջո­ցաւ մե­ծա­պէս օգ­տա­կար հան­դի­սա­ցաւ հայ որ­բե­րուն: Հայ որ­բե­րը 18 ամիս­ներ, մերթ ընդ մերթ գոր­ծե­լով` վեր­ջա­ցու­ցած են այդ գոր­գին աշ­խա­տան­քը:

Այս գոր­գը հիւս­ուած է չորս միլի­ոն հան­գոյ­ցով, նկա­րա­զարդ­ուած է զա­նա­զան կեն­դա­նի­նե­րու պատ­կեր­նե­րով եւ կը ներ­կա­յաց­նէ Սուրբ Գիր­քի Ադա­մի պար­տէ­զը:

Նա­խա­գահ Քալ­ուին գոր­գը կը պա­հէ “Կա­պոյտ սեն­եակ“ին մէջ, մին­չեւ 1928, իսկ անոր նա­խա­գա­հու­թեան շրջա­նէն ետք, իր տա­նը մէջ կը պա­հէ գոր­գը: Իր մա­հէն ետք գոր­գը կը մնայ անոր ըն­տա­նի­քին մօտ, մին­չեւ 1983 թուա­կան, երբ գոր­գը կը վե­րա­դարձ­ուի ամե­րիկ­եան պե­տու­թեան եւ կը զե­տեղ­ուի պե­տա­կան շտե­մա­րա­նի մը մէջ:

Քլին­թը­նի նա­խա­գա­հու­թեան օրե­րուն, 1995ին, ամե­րի­կա­հայ տի­կին Մով­սէս­եան հե­ռա­տե­սի­լի յայ­տա­գի­րի մը ըն­թաց­քին, Ուա­շինկ­թը­նի նա­խա­գա­հա­կան պա­լա­տի “Կա­պոյտ սեն­եակ“ին մէջ եւ ներ­կա­յու­թեամբ Առա­ջին տի­կին Հի­լը­րի Քլին­թը­նի, գորգ մը կը նշմա­րէ: Այս գոր­գը տես­նե­լէ ետք, տի­կին Մով­սէս­եան կը վեր­յի­շէ իր մօ­րը ամէ­նօր­եայ պատ­մու­թիւնը, թէ ինչ­պէս ան Ղա­զի­րի որ­բա­նո­ցին մէջ, 14 տա­րե­կան հա­սա­կին, այլ որ­բե­րու հետ գորգ մը գոր­ծած է եւ նուի­րած Ամե­րի­կա­յի ժո­ղո­վուր­դին: Տիկ. Մով­սէս­եան կը վեր­յի­շէ նա­եւ մօ­րը տուած այդ գոր­գին նկա­րագ­րա­կա­նը: Ան մեծ հա­մո­զու­մով կը պնդէ, թէ իր տե­սած գոր­գը` մօ­րը նկա­րագ­րած նոյն գորգն է: Շու­տով կապ կը պահ­ուի տի­կին Քլին­թը­նի հետ: Անոր կը տե­ղե­կաց­ուի եղե­լու­թեան մա­սին եւ կը խնդրուի տես­նել այդ գոր­գը: Ամիս մը ետք, Մով­սէս­եան ըն­տա­նի­քը կը հրա­ւիր­ուի Ուա­շինկ­թը­նի նա­խա­գա­հա­կան պա­լատ` տես­նե­լու հա­մար գոր­գը: Տի­կին Մով­սէս­եան իր մօ­րը` Ամե­րի­կա բեր­ուած 1926ին, ամու­սի­նին եւ այլ բա­րե­կամ­նե­րու հետ կեր­թայ եւ կը տես­նէ գոր­գը: Անոր վրայ եղած ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րը կը փաս­տեն գոր­գին ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը: Նա­եւ նա­խա­գա­հա­կան ար­խիւ­նե­րուն մէջ կը գտնուի գոր­գին պատ­մա­կա­նը եւ թէ ի՛նչ պայ­ման­նե­րու տակ անի­կա հա­սած է նա­խա­գահ Քալ­ուի­նի: Այս ձե­ւով, տի­կին Մով­սէս­եան հո­գե­կան մեծ գո­հու­նա­կու­թիւն կը ստա­նայ` տես­նե­լով Հայ­կա­կան Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն ճո­ղոպ­րած իր մօ­րը հետ­քե­րը Ամե­րիկ­եան նա­խա­գա­հա­կան պա­լա­տին մէջ:

Նա­խա­պէս, Տէ­րան­եան լոյս ըն­ծա­յած է հե­տեւ­եալ գիր­քե­րը.- 1981-ին` “Hussenig, The Origin, History and Destruction of an Armenian Town“ , 1995-ին` “Worcester Is America, the Story of Worcester՛s Armenians“, 2007-ին “Miracle Man of the Western Front: Dr. Varaztad H. Kazanjian, Pioneer Plastic Surgeon“:

Այս ձեռ­նար­կը կազ­մա­կերպ­ուած է գոր­ծակ­ցու­թեամբ “Ամա­րաս“ եւ Հայ Ու­սում­նա­սի­րա­կան եւ Հե­տա­խու­զա­կան (NAASR) հիմ­նարկ­նե­րուն:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles