Հոկտեմբեր 9-ին, կատարուած Ատրպէյճանի նախագահական ընտրութիւնը, իր ընթացքով, ոճով եւ արդիւնքով կը նկատուի արտառոց եւ իւրայատուկ:
Թէ՛ տեղացիք եւ թէ՛ դրսեցիք, այսինքն քաղաքականութեամբ հետաքրքրուողները կամ միջազգային դէտերը անտարբերութիւն ցուցաբերեցին: Այնքան մը որ, ոչ մէկ միջազգային լրատուամիջոց յատուկ հետաքրքրութիւն ցուցաբերեց: Նոյնիսկ ժամանակի կորուստ նկատուեցաւ, Իլհամ Ալիեւի վերընտրութեան համար, գործուղել լրագրողներ, թղթակիցներ եւ մասնագէտ լուսանկարիչներ:
Տեղական ընտրական քարոզչական մեքենան ալ մնաց համեմատաբար անգործ: Հեռատեսիլի կայաններէն չկատարուեցան զրոյցներ կամ բանավէճեր: Ծանուցումներն անգամ գրեթէ գոյութիւն չունէին:
Միեւնոյն էր պատկերը…փողոցներուն մէջ, ուր ընդդիմադիրներու հաւաքը ոչ մէկ շօշափելի եւ յիշատակելի խանդավառութիւն կը ստեղծէր: Դեռ քանի մը տարի առաջ, մայրաքաղաք Պաքուէն Հիւսիս-Արեւմտեան շրջաններու Կուպա կամ Իսմայիլի քաղաքներէն ներս, խռովարարներ օրեր շարունակ մտահոգիչ խլրտումներ կատարած էին: Անոնք ալ դիմած էին լռութեան եւ անտարբերութեան: Այս իրավիճակը, իր կարգին ազդած էր Ալիեւի քարոզչական մեքենային վրայ, որոնք համեմատած այլ ընտրարշաւներու նախօրեակին, ձեռնծալ մնացին, մերթ ընդ մերթ գործուղուելով եւ ընկերակցելով Ալիեւի իր շղթայազերծած այցելութիւններուն, որոնց ընթացքին, ան խոստումներ տուած էր, զանազան բնագաւառներէ ներս, գործող պաշտօնեաներու ամսականները բարձրացնել, աւելի քան տաս առ հարիւր համեմատութեամբ:
Սեպտեմբեր 17-ին, Արեւելեան շրջանի գիւղերէն մէկուն մէջ, գիւղացի հովիւ մը զարմանալիօրէն եւ հազուադէպօրէն հետաքրքրուած այս ընտրութիւններով, երբ կը հետեւէր հազուադէպօրէն սփռուող բանավէճի մը, բոլորովին տարուած ըլլալով…չնկատեց թէ գայլեր առիթէն օգտուելով յարձակած էին իր ախորին վրայ եւ կուլ տուած` երկու տասնեակ ոչխարներ: Սոյն դէպքը, բազմիցս քմծիծաղով եւ հեգնանքով նշուած էր տեղական մամուլին կողմէ, որ կը հաստատէր թէ այս հովիւին անտեղի ժամավաճառութեան զոհն էին բնութեան գիրկին մէջ առածող անմեղ չորքոտանիները:
Հաւանաբար, այդ նեղմիտ եւ դիւրահաւատ հովիւն ալ միացաւ անտարբեր մեծամասնութեան, թէեւ բաւական սուղ վճառում մը կատարելով:
Վերընտրութեան արգելքն ալ վերացուած ըլլալով, նոյնինք Ալիեւի եւ իր ժողովրդավարական հիմքերու վրայ գործող “վոհմակ“ին կողմէ, յաջորդաբար երրորդ անգամ ընտրուած նախագահը կրնայ հինգ տարի ետքն ալ մնալ իր պաշտօնին վրայ:
Հուսկ, անգամ մը եւս, տեղին է նշել թէ իսկապէս հետաքրքրական է ստեղծուած անտարբերութիւնը…նոյնիսկ Հայաստանի մէջ, ուր բոլորն ալ գոհ են ներկայ գոյավիճակէն:
ՀԱՅՐԵՆԻՔ
Պոսթըն – Մասաչուսէց