Հ. Յ. Դ. Մամլոյ Դիւանը կը տեղեկացնէ թէ Սեպտեմբեր 26-ին, Մ.Ա.Կ.-ի Նիւ Եորքի կեդրոնատեղիին մէջ, գումարուեցաւ Ընկերվար Միջազգայնականի նախագահութեան նիստը, որուն նախագահն է կազմակերպութեան նախագահ, Յունաստանի “Փասօք“ կուսակցութեան նախկին ղեկավար եւ երկրի նախկին վարչապետ Ճորճ Փափանտրէու: Ներկայ էր նաեւ կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար Լուիս Այալա: Ժողովի գլխաւոր նիւթերն էին աշխարհի մէջ նոր ժողովրդավարութիւններու համար պայքարներու զարգացումները (ինչպէս` Սուրիոյ մէջ եւ Եգիպտոսի մէջ, յատուկ ուշադրութիւն տալով խաղաղութեան, անվտանգութեան եւ մարդու իրաւունքներուն) եւ աղքատութեան վերացման եւ հաւասարութեան հաստատման համար ընկերվար-ժողովրդավար յանձնառութիւնը:
Այս ժողովին Հ.Յ.Դ.-ի կողմէ մասնակցեցաւ Ընկերվար Միջազգայնականի փոխ նախագահ, Բիւրոյի անդամ Մարիօ Նալպանտեանը:
Ժողովի ընթացքին, Սուրիոյ հարցի քննարկման ժամանակ, խօսք առաւ նաեւ Հ.Յ.Դ.-ի ներկայացուցիչը: Մ. Նալպանտեան յատկապէս մատնանշեց Սուրիոյ հայութեան խնդիրները: Ան շեշտեց միջազգային մարդասիրական օժանդակութիւնը Սուրիոյ մէջ, գտնուող ժողովուրդի բոլոր հատուածներուն հասանելի դարձնելու անհրաժեշտութիւնը, նաեւ կարեւոր նկատեց ընդհանրապէս փոքրամասնութիւններու եւ յատկապէս հայ համայնքի նաեւ համայնքային կարիքներուն` մասնաւորաբար կրթական համակարգին միջազգային օժանդակութիւն տրամադրելը. անդրադարձաւ հարեւան որոշ երկիրներու, այս պարագային` Թուրքիոյ կողմէ սուրիահայերու անցքի առաջ պարբերաբար ստեղծուող արհեստական դժուարութիւններուն:
Սուրիահայութեան մարդասիրական խնդիրներուն անդրադարձաւ նաեւ Ընկերվար Միջազգայնականի նախագահը:
Հ.Յ.Դ. ներկայացուցիչը ելոյթ ունեցաւ նաեւ երբ կը քննարկուէր Եւրոմիութեան արեւելեան հարեւանութիւն ծրագրին մասնակից երկիրներու (Եւրասիական) Մաքսային միութեան հետ յարաբերութիւններու հարցը: Մաքսային միութեան միանալու Հայաստանի կեցուածքի գծով, Մ. Նալպանտեանը շեշտեց, որ անհրաժեշտ է ըմբռնումով մօտենալ, մանաւանդ հաշուի առնելով, որ Եւրոմիութիւնը Հայաստանի մէջ մեծ ներդրումներ չէ կատարած եւ չէ նպաստաց նոր աշխատատեղերու հաստատման. Միաժամանակ` Հայաստանը պատրաստ է Եւրոմիութեան հետ շարունակել խորացնել իր քաղաքական եւ հասարակական յարաբերութիւնները:
Յաջորդ ժողովը պիտի գումարուի Պոլսոյ մէջ, Նոյեմբերի 11-12-ին, տեղւոյն Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան հիւրընկալութեամբ: Խորհուրդի ժողովը կարեւորութեամբ պիտի անդրադառնայ ժողովրդավարութեան համար պայքարներու տագնապներուն, յատկապէս Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ, ինչպէս նաեւ խաղաղութեան եւ անվտանգութեան սպառնացող հակամարտութիւններուն: Խորհուրդի ժողովը նաեւ պիտի անդրադառնայ համաշխարհային տնտեսութեան զարգացման համար կեդրոն-ձախ տեսլականին, յատուկ շեշտ դնելով աճի, աշխատատեղերու եւ հաւասարութեան, ինչպէս նաեւ զարգացման համար նոր օրակարգի մը վրայ:
Ընկերվար Միջազգայնականը ընկերվար-ժողովրդավարական, ընկերվարական եւ աշխատաւորական կուսակցութիւններ համախմբող համաշխարհային կառոյց է եւ կը համախմբէ աւելի քան 140 երկիրներու 170 քաղաքական կուսակցութիւններ եւ կազմակերպութիւններ:
2003-էն ի վեր, Ա.Պ.Հ. երկիրներու կուսակցութիւններէն լիիրաւ անդամի կարգավիճակ ստացած առաջին կուսակցութիւնը` Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնն է:
Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ` Մարիօ Նալպանտեան կազմակերպութեան փոխ նախագահ է, իսկ այլ Բիւրոյի անդամ մը` Վահան Յովհաննիսեան համանախագահն է Ա.Պ.Հ., Կովկասի եւ Սեւծովեան տարածաշրջանային յանձնախումբին: Հ.Յ.Դ. համապատասխան կառոյցները լիիրաւ անդամ են Կանանց Ընկերվար Միջազգայնականին եւ Ընկերվար Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան: