ԱՆՆԱ ԱՍՏՈՒԱԾԱՏՈՒՐԵԱՆ-ԹԸՐՔՈԹ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒԵՑԱՒ Հ. Հ. “ՄԽԻԹԱՐ ԳՈՇ“ ՇՔԱՆՇԱՆՈՎ

0 0
Read Time:1 Minute, 5 Second

anna

Յատուկ հաղորդագրութեամբ մը hybooksonline կը տեղեկացնէ, թէ Հայաստանի Հանրապետության անկախության հռչակման 22-րդ տարեդարձի առիթով,  Սեպտեմբեր 16, 2013 թուակիր հրամանագրով, նախագահ Սերժ Սարգսեանը “Մխիթար Գոշ“ մետալով պարգեւատրած է Աննա Աստուածատուրեան- Թըրքոթը, հայրենիք-սփիւռք կապերու ամրապնդման, ինչպէս նաեւ հայապահպանութեան գործին մէջ իր ներդրած աւանդին համար:

Այս շքանշանը կը շնորհուի ակնառու պետական եւ հասարակական-քաղաքական գործունէության, ինչպէս նաեւ դիւանագիտութեան, իրաւագիտութեան ու քաղաքագիտութեան ասպարէզներէն ներս նշանակալի ծառայութիւններու համար:anna2

1988-ին, Աննա Պաքուի մէջ ապրող տասնամեայ աղջնակ մը եղած է, որուն կեանքը գլխիկոր դարձած է երբ ազերիներ ձեռնարկած են հայերու բռնի տեղահանութեան: Աննային ընտանիքը պարտադրուած է փախուստ տալ եւ ապաստանիլ Հայաստան, որ այդ ժամանակ կգած էր երկիրը հարուածած աղէտալի երկրաշարժին ու շրջափակման պատճառներով եւ ի վիճակի չէր ընդունելու այս ազերի փոկրոմներու հետեւանքով տեղահանուած հարիւր հազարաւոր հայերը: Հայաստան հասնելէ ետք, ջերուցումէ զուրկ նկուղի մը մէջ հաստատուած ու շրջափակուած երկրի մը պարտադրուած դժուարագոյն պայմաններուն մէջ ապրելէ ետք, 1992-ին Աստուածատուրեանները կը հաստատուին Միացեալ Նահանգներ: Այս ամբողջ ընթացքին, պատանի Աննայի պահած օրագրութիւնը 2012 Յունիսին լոյս տեսաւ անգլերէն լեզուով, “Nowhere, a Story of Exile“ խորագրուած հատորով մը:

2013-ին Աննա Աստուածատուրեան-Թըրքոթ կարեւոր դեր ստանձնեց Մէյն նահանգին կողմէ Արցախի Հանրապետութեան պաշտօնական ճանաչման գործընթացին մէջ:

 

Աննա Աստուածատուրեան Թըրքոթի հեղինակած “Nowhere, a Story of Silence“ գիրգի տպագիր կամ ելեկտրոնային տարբերակը կարելի է ստանալ կապ հաստատելով info@hybooksonline.com հասցէին կամ Amazon.com կայքէջէն:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles