ՀԱՅ ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ՄՇԱԿՈՅԹԸ` 19-ՐԴ ԴԱՐՈՒ ԱՌԱՋԻՆ ԿԻՍՈՒՆ (Բ)

0 0
Read Time:4 Minute, 29 Second

15 ԱՐՍԷՆ ՍԱՅԵԱՆ

Շա­րու­նա­կե­լով մեր ակ­նար­կը 19-րդ դա­րու առա­ջին կէ­սի հայ գու­սա­նա-աշու­ղա­կան, ժո­ղովր­դա­կան եւ հո­գե­ւոր երաժշ­տու­թեան մա­սին, կը գտնենք որ բնու­թագ­րուող ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի աշու­ղա­կան եր­գերն իրենց լե­զուով այ­լա­զան են: Շատ աշուղ­ներ կը յօ­րի­նէ­ին պարս­կե­րէն, թրքե­րէն, ատր­պէյ­ճա­նե­րէն կամ` խառն լե­զուով եր­գեր:

Այս ան­բաղ­ձա­լի երե­ւոյ­թը սա­կայն, տե­ղի կու տայ, եւ դա­րու կէ­սե­րուն հայ աշուղ­նե­րուն հա­մար հիմ­նա­կան լե­զուն` կ՛ըլ­լայ հա­յե­րէ­նը: Սա­կայն, այն տար­բեր­ութ­եամբ, որ ոմանք կը գոր­ծա­ծեն գրա­բա­րը, ու­րիշ­ներ տար­բեր բար­բառ­ներ եւ միայն 19րդ դա­րու երկ­րորդ կի­սուն, աշու­ղա­կան եր­գե­րուն մէջ տի­ա­պե­տո­ղը կ՛ըլ­լայ` գրա­կան հա­յե­րէ­նը:

Երաժշ­տա­կան ար­ուես­տի տե­սա­կէ­տէն, տու­եալ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի աշու­ղա­կան եր­գե­րը հե­տաքրք­րա­կան են այն առու­մով,որ աւան­դա­կան եղա­նակ­նե­րու գե­րակշ­ռու­թեան հետ մի­ա­սին, հան­դէս կու գան աշու­ղա­կան նոր մե­ղե­դի­ներ, որոնք իրենց ոճա­կան առանձ­նա­յատ­կու­թիւն­նե­րով, կը մօ­տե­նա­յին գեղջ­կա­կան եւ ժո­ղովր­դա­կան եր­գե­րուն:

Այս եւ յե­տա­գայ տա­րի­նե­րուն, հայ աշուղ­նե­րը կ՛աշ­խա­տին իրենց եր­գե­րու մե­ղե­դի­նե­րը մաք­րել օտա­րա­մուտ տար­րե­րէն ու ազ­դե­ցու­թիւն­նե­րէն եւ դարձ­նել աւե­լի ամ­բող­ջա­կան` հա­րա­զատ:

Դժբախ­տա­բար, ժա­մա­նա­կին ձայ­նագր­ուած չըլ­լա­լու պատ­ճա­ռով, 19րդ դա­րու առա­ջին կէ­սի` աշուղ­նե­րու ինք­նու­րոյն մե­ղե­դի­նե­րէն սա­կա­ւա­թիւ տո­կոս մը միայն պահ­պան­ուած է:

Իսկ ինչ կը վե­րա­բե­րի բուն ժո­ղովր­դա­կան երաժշ­տու­թեան, ապա, նոյն­պէս չձայ­նագր­ուե­լու հե­տեւ­եան­քով, դժուար է ճգրիտ գա­ղա­փար յայտ­նել այդ մա­սին: Միայն կա­րե­լի է հաս­տա­տա­պէս նշել, որ բե­րա­նա­ցի սե­րուն­դէ-սե­րունդ անց­նե­լով, ժո­ղո­վուր­դի յի­շո­ղու­թեան մէջ տա­կա­ւին կը մնա­յին ժո­ղովր­դա­կան եր­գե­րու բազ­մա­թիւ նմոյշ­ներ, որոնք ձայ­նագր­ուե­ցան աւե­լի ուշ, 19րդ դա­րու երկ­րորդ կի­սուն` ծա­ռա­յե­լով իբ­րեւ հա­րուստ նիւթ, հայ­կա­կան դա­սա­կան ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան հա­մար:

Ահա, հայ հո­գե­ւոր երաժշ­տու­թեան նմոյշ մը` “Խոր­հուրդ Խո­րին“:

Միջ­նա­դար­եան խա­զա­յին ձայ­նագ­րու­թեան հա­մա­կար­գի ան­կու­մէն ետք, յատ­կա­պէս արեւմտ­եան Հա­յաս­տա­նի մէջ հայ հո­գե­ւոր երաժշ­տու­թիւնը խիստ կեր­պով կ՛են­թարկ­ուէր օտար ազ­դե­ցու­թիւն­նե­րու եւ յա­ճախ` նոյ­նիսկ ան­ճա­նա­չե­լի կը դառ­նար, որով­հե­տեւ եկե­ղեց­ւոյ մէջ եր­գող տի­րա­ցու­նե­րէն իւ­րա­քան­չիւ­րը, եղա­նա­կը կը կա­տա­րէր ըստ իր քմա­հա­ճոյ­քին, օգ­տա­գոր­ծե­լով արե­ւել­եան ճա­շա­կի յա­տուկ զար­դա­րանք­ներ:

Այս հան­գա­ման­քը մեծ մտա­հո­գու­թիւն կը պատ­ճա­ռէ ինչ­պէս հո­գե­ւոր իշ­խա­նու­թեան, նոյն­պէս եւ երաժշ­տու­թեան բնա­գա­ւա­ռին մէջ գոր­ծող մաս­նա­գէտ­նե­րուն, որոնք մի­ջոց­ներ կ՛որո­նէ­ին այդ երե­ւոյ­թը կան­խե­լու հա­մար:

Բո­լորն այն կար­ծի­քին էին, որ հայ­կա­կան հո­գե­ւոր եր­գե­րը, յե­տա­գայ աղա­ւա­ղում­նե­րէ եւ կո­րուս­տէ փրկե­լու հա­մար, անհ­րա­ժեշտ է զա­նոնք ձայ­նագ­րել: Այս ն­պա­տա­կին հա­մար ոմանք կ՛առա­ջա­րկէ­ին օգ­տա­գոր­ծել եւ­րո­պա­կան ձայ­նագ­րու­թեան հա­մա­կար­գը, ու­րիշ­ներ կը պնդէ­ին, որ պէտք է ըն­դու­նիլ յու­նա­կան ձայ­նագ­րու­թիւնը, իսկ շա­տեր կը պա­հան­ջէ­ին ստեղ­ծել հայ­կա­կան երաժշ­տու­թեան առանձ­նա­յատ­կու­թիւն­նե­րուն հա­մա­պա­տաս­խա­նող նոր հա­մա­կարգ, որ­պէս­զի այդ մի­ջո­ցով պահ­պան­ուէր ձայ­նագ­րու­թեան հա­րա­զա­տու­թիւնը:

Այս բա­նա­վէ­ճին մէջ յաղ­թող կը հան­դի­սա­նար վեր­ջին տե­սա­կէ­տը եւ պոլ­սաբ­նակ տա­ղան­դա­ւոր երա­ժիշտ` Համ­բար­ձում Լի­մոնճ­եան կը ստեղ­ծէր հայ­կա­կան նոր ձայ­նագ­րու­թեան հա­մա­կար­գը: Իսկ, այդ մա­սին հան­գա­մա­նօ­րէն կ՛անդ­րա­դառ­նանք հայ երաժշ­տու­թեան նուի­րուած` մեր յա­ջորդ յօդ­ուա­ծով:

 

 

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles