Ստորեւ, հարցազրոյց մը՝ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ՝ ընկ. Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի հետ կատարուած Գանատայի »Հորիզոն« Շաբաթերթին կողմէ :
Հ.- Անցնող Ապրիլին սկսած հայ-թրքական յարաբերութեանց մերձեցման գործընթացը անցաւ տարբեր հանգրուաններէ՝ հասնելով այսօրուան իրականութեան: Ինչպէ՞ս ընթացաւ մերձեցման այս հոլովոյթը:
Պ.- Հակառակ անոր որ հայ-թուրք յարաբերութեանց շուրջ խորհրդակցութիւնները եւ բանակցութիւնները կիսագաղտնի ձեւով կþընթանային, անցնող Ապրիլին դրսեւորուեցաւ եւ բացայայտուեցաւ գործընթացի առաջին կարեւորագոյն քայլը, ինչը պատճառ հանդիսացաւ, որ այս հարցին գծով հրապարակային քննարկումներ տեղի ունենան: Բայց հիմնականին մէջ այս հարցը իր ներկայ հունին մէջ մտաւ Ապրիլ 22-ի այն տխրահռչակ յայտարարութեամբ, որուն ընթացքին ճանապարհային քարտէս մը ստորագրուեցաւ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի ներկայացուցիչներուն միջեւ՝ Զուիցերիոյ դաշնակցային կառավարութեան արտաքին գործոց նախարարութեան հովանաւորութեամբ: Բնականաբար Ապրիլ 22-ի համաձայնութիւնը ըստ բախտի չէր, թուականի ճշդումը յստակօրէն կը միտէր, գլխաւորաբար արեւմտեան եւ մասնաւորապէս Ամերիկայի ճնշումներու ներքեւ, Օպամայի վարչակարգին առիթ տալու, որպէսզի սպրդի ցեղասպանութեան տարազի օգտագործումի իր խոստումէն, որովհետեւ Օպաման վերջին նախագահական թեկնածուներուն մէջ ամէնէն յստակ եւ ամբողջական խոստումն էր, որ տուաւ հայ ժողովուրդին: Ուստի այս մէկը պատեհ առիթ ընծայեց, որպէսզի ինք քաղաքականօրէն ազդու ցեղասպանութիւն բառը օգտագործելու փոխարէն՝ գործածէ աւելի զգացական եւ հայութեան սրտին խօսող, բայց քաղաքական եւ օրինական տարազում չունեցող Մեծ Եղեռն հասկացողութիւնը: Ապրիլէն ետք շարունակուեցան այս բանակցութիւնները, հակառակ անոր որ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը փոխանցած էր Հայաստանի իշխանութեան, թէ կան երեք հարցեր, որոնք անընդունելի են ոչ միայն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, այլ հայ ժողովուրդի բոլոր հատուածներուն համար: Առաջին կէտը կը վերաբերէր Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացին, երկրորդ կէտը՝ Թուրքիոյ կողմէ առաջ քշուող սահմաններու անձեռնմխելիութեան նախապայմանին, որ թէեւ Հայաստանի իշխանութիւններու ներկայացուցիչները փորձեցին համոզել, թէ նախապայմաններ չեն, բայց ըստ էութեան այս վերջին բացայայտուած փաստաթուղթերը ցոյց տուին, որ այդ պայմանները, որքան որ ալ նախապայման պիտակումը չունենան, որպէս նախապայմաններ պարտադրուած են Հայաստանի: Առաւել, կայ հարց՝ երկկողմ եւ բազմակողմ պայմանագրերու ընդունման, ինչ որ շատ տարօրինակ արտայայտութիւն եւ բանաձեւում մըն է այս հարցին, քանի որ Հայաստան եւ Թուրքիա երկկողմ բանակցութեան որպէս արդիւնք դաշնագիրներ չեն ունեցած. եւ եթէ Հայաստանի անկախութեան կորուստէն ետք խորհրդային շրջանին տեղի ունեցած են դաշնագիրներու ստորագրութիւններ, անոնք ընդհանրապէս ուրիշներուն կողմէ Հայաստանի պարտադրուած համաձայնագիրներ են, որոնք Հայաստան կամովին չէ ընդունած: Այդ է պատճառը, որ Թուրքիա այսքան կը ձգտի ապահովելու անկախ Հայաստանի նախագահի ստորագրութիւնը այս նորագոյն համաձայնագիրին տակ: Իսկ երրորդ կէտը բնականաբար այս ամբողջ գործընթացի բանակցութիւններու առնչութիւնն էր Արցախի հիմնահարցին: Արցախի հարցին վերաբերեալ միշտ կար մեր այն թերահաւատութիւնը, թէ որքան որ ալ Թուրքիան Հայաստանի խոստանար, թէ իրենց յարաբերութիւնները պիտի չպայմանաւորուէին երրորդ, այսինքն ատրպէյճանական կողմի շահերով, Թուրքիան պիտի չհրաժարէր իր դասական կեցուածքէն եւ պիտի փորձէր այդ երկուքը անպայմանօրէն առնչել, թէ’ Ատրպէյճանի ճնշումով, թէ’ ալ իր եւ Ատրպէյճանի միջեւ գոյութիւն ունեցող ռազմավարական յարաբերութիւններու պատճառով: Այդպէս ալ պատահեցաւ. Ապրիլէն ետք Թուրքիոյ ներկայացուցիչները, արտաքին գործոց նախարարութեան եւ վարչապետին բերնով քանի մը անգամ շեշտեցին, որ իսկական եւ ամբողջական լուծում եւ սահմաններու բացում կարելի չէ նախատեսել, եթէ արցախեան հիմնահարցի լուծում չպատկերացուի: Դժբախտաբար նոյնիսկ այս վերջին հանգրուանին, երբ փաստաթուղթերը բացայայտուեցան, յաջորդ օրն իսկ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը յայտարարեց, թէ իրենք չեն մոռցած Ատրպէյճանի շահերը, եւ բնականաբար նկատի պիտի առնուին այդ վեց շաբթուան խիտ բանակցութիւններուն ընթացքին: Առաջին երկու կէտերը, որոնք յականէ անուանէ նշուած են նորագոյն արձանագրութիւններուն մէջ, իսկ երրորդ կէտը, որ անուղղակի ձեւով կը բացայայտուի բովանդակութենէն, մեզի համար բացարձակապէս անընդունել
ի են եւ կը յակասեն մեր ազգային շահերուն: Կասկած չունինք, որ երկու պետութիւնները վերջիվերջոյ իրարու հետ պէտք է հաստատեն դիւանագիտական յարաբերութիւններ՝ որպէս որեւէ դրացի պետութիւններ, սակայն համոզուած ենք, որ Հայաստան արդէն իսկ կատարած է իր մեծագոյն զիջումը՝ Ցեղասպա
նութեան ճանաչումը որպէս նախապայման չդնելու իր քայլով: Թուրքիան, տեսնելով Հայաստանի նախագահին սահմաններու բացման հարցին ընծայած կարեւորութիւնը 2008-ի ռուս-վրացական պատերազմէն ետք եւ անդրադառնալով, որ Հայաստան տկար դիրքերէ կը բանակցի, իր նախապայմաններուն ամբողջ փաթեթը փորձեց պարտադրել Հայաստանին:
Նկատի ունենալով, որ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններն ու Արցախի հիմնահարցը սերտ առնչութիւն ունին, Ապրիլէն ետք Հ.Յ.Դ.-ն լծուեցաւ նաեւ քարոզչական լուրջ աշխատանքի, որպէսզի Հայաստանի ներկայացուցիչները չդիմեն զիջումներու Հայաստան-Ատրպէյճան բանակցութիւններու ընթացքին: Այդ մտադրութեամբ կազմակերպեցինք Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն եւ Արցախի հիմնահարցին նուիրուած համահայկական խորհրդաժողովը, որ Յուլիսին տեղի ունեցաւ Ստեփանակերտի մէջ, ԼՂՀ-ի նախագահի հովանաւորութեամբ եւ աւելի քան 25 երկիրներէ հայ հանրածանօթ դէմքերու, քաղաքական ղեկավարներու, գործիչներու եւ մտաւորականներու մասնակցութեամբ: Սարգսեան-Ալիեւ Մոսկուայի հանդիպումի ճիշդ նախօրէին գումարուած այս խորհրդաժողովէն բխած բանաձեւը դրսեւորեց համահայկական վճռական կամք, որպէսզի բացառուի արցախեան հիմնահարցին մէջ Հայաստանի ներկայացուցիչներուն կողմէ պարտուողական կեցուածքի ցուցաբերում եւ ճնշման տակ ստորագրուած ոչ հայանպաստ որեւէ փաստաթուղթ:
Հ.- Այս Արձանագրութիւններու փաստաթուղթի նախագիծը իր բացասական անդրադարձը պիտի ունենա՞յ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման աշխատանքներուն վրայ: Տասնամեակներու վրայ երկարող Հայ դատի աշխատանքները նահանջ պիտի արձանագրե՞ն նման նախագիծի մը գործնականացման պարագային:
Պ.- Դժբախտաբար այդ փաստերը կան թէ’ Եւրոպայի եւ թէ’ Միացեալ Նահանգներու մէջ: Նոյնիսկ բարեկամ, հայանպաստ կողմնորոշում ունեցող ուժեր սկսած են մեզի ըսել, թէ քանի որ այս բանակցութիւնները տեղի կþունենան եւ տուած են »դրական« արդիւնք, մենք պէտք չէ դիմենք որեւէ քայլի, որ կը խանգարէ այս գործընթացը: Բնականաբար Ցեղասպանութեան ճանաչման միջազգային նոր դրսեւորում շատ պիտի դժուարանայ ասկէ ետք. 2008-ին թատերաբեմը Միացեալ Նահանգներն էր, այս տարի ալ այդպէս էր եւ այդպէս ալ պիտի մնայ մինչեւ 2010, որպէսզի կարենանք Միացեալ Նահանգների նախագահէն ստանալ ցեղասպանութիւն բառի օգտագործումը: Այս ամբողջ երեւոյթը դժբախտաբար իր բացասական անդրադարձը պիտի ունենայ մեր ճիգին վրայ: Սակայն այս չի նշանակեր, որ մենք պիտի չշարունակենք մեր աշխատանքի թափը. ընդհակառա’կն, Հայ դատի յանձնախումբերու, կեդրոնական գրասենեակներու եւ շրջանային մարմիններու աշխատանքներու թափը պիտի զօրանայ դիմադրելու համար Հայ դատի կապակցութեամբ արեւմտեան աշխարհին մէջ յառաջանալիք հաւանական խոչընդոտներուն: Այս բոլորին համար հարկաւոր է նպատակաուղղուած յարատեւ աշխատանք: Անհրաժեշտ է շարունակաբար ցոյց տալ Հայաստանի իշխանութիւններուն, որ այս արձանագրութիւնները, եթէ ստորագրուին, լրջօրէն կը հարուածեն նաեւ Հայաստանի շահերը, որովհետեւ համոզուած ենք, որ Ցեղասպանութեան հարցը ուղղակիօրէն առնչուած է Հայաստանի անվտանգութեան հետ:
Հ.- Կարգ մը շրջանակներ կը կարծեն, որ հայ-թրքական սահմանին բացումը պիտի օժանդակէ Հայաստանի տնտեսութեան: Իրողութեան մէջ, ի՞նչ են դրական եւ ժխտական կողմերը, որոնք կրնան ազդել Հայաստանի տնտեսութեան վրայ:
Պ.- Հայրենի մեր ժողովուրդին Հայաստանի նախագահը շարունակաբար կը ներկայացնէ դէպի աշխարհ բացուելու Հայաստանի սահմանափակ հնարաւորութիւնները. Հայաստան շրջապատուած է մեծ մասամբ թշնամի կամ ոչ բարեկամ պետութիւններու կողմէ, վրացական սահմանը միշտ չէ, որ կը գործէ պէտք եղած կանոնաւորութեամբ, իսկ հարաւային սահմանն ալ շատ փոքր է: Կը մնայ Թուրքիոյ հետ սահմանի պարագան, որուն բացումը, ըստ Հայաստանի իշխանութիւններուն, մեծապէս կրնայ նպաստել Հայաստանի ապաշրջափակման. բնականաբար Ատրպէյճանի կողմը սահմանի փակումը պատերազմական վիճակի հետեւանք է եւ ցարդ սառած պատերազմական վիճակ գոյութիւն ունի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ, դժուար է երեւակայել այդ սահմանին բացումը:
Թուրքիան ալ անդրադառնալով, որ սահմանի բացումը կարեւոր նշանակութիւն ունի Հայաստանի համար, փոխանակ զայն նկատելու իր միջազգային պարտաւորութիւնը եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու բնականոն ընթացքի արդիւնք, ուզեց կորզել եւ յաջողեցաւ պարտադրել առաւելագոյն գին: Սահմաններու բացման հետեւանքներուն ուղղութեամբ մենք կատարած ենք ուսումնասիրութիւն մը, որ ներկայացուեցաւ վերջերս տեղի ունեցած արցախեան խորհրդաժողովի ընթացքին: Այս ուսումնասիրութիւնը տնտեսական առումով կÿամփոփէ սահմանի բացման առաւելութիւններն ու անպատեհութիւնները: ՀՅԴ-ն միշտ գտած է, որ շրջափակումները անընդունելի միջոցներ են եւ, բնականաբար, Հայաստան եւ Թուրքիա պէտք է ունենան բաց սահման՝ առանց սակայն նախապայմաններու կամ զիջումներու: Վստահաբար որոշ առաւելութիւններ կարելի է ենթադրել ապրանքներու գիներու նուազումին եւ փոխադրութեան հեշտացման առումով, սակայն, միւս կողմէ, հարուած կրնան ստանալ Հայաստանի գիւղատնտեսութիւնը եւ փոքր ձեռնարկութիւնները, եթէ Հայաստան նախապէս չկարողանայ ստեղծել համապատասխան օրէնսդրութիւն՝ պաշտպանելու համար իր տնտեսական ռազմավարական դաշտը:
Հ.- Ի՞նչ պէտք է ըլլայ սփիւռքի դերակատարութիւնը այս արձանագրութիւններու նախագիծի գործընթացը կասեցնելու առնչութեամբ:
Պ.- Մենք ունինք այն պատեհ առիթը, որ յառաջիկայ հինգ շաբթուան ընթացքին ամէն գնով փորձենք ազդել գործընթացին վրայ, որպէսզի մեր իշխանութիւնները համոզուին, որ համահայկական առումով կրնան սխալ քայլերու դիմել, որոնց հետեւանքները մեր ապագայ սերունդներուն հաշուին կրնան բացասական ազդեցութիւն ունենալ: Մենք կþակնկալենք, որ հիմնական փոփոխութիւններու ենթարկուին այս արձանագրութիւնները, եթէ անոնք ստորագրուին:
Ճիշդ է, որ թրքական օրէնքով կը պահանջուի արձանագրութիւնները ներկայացնել թրքական խորհրդարան, բայց այդպիսի պայման չկայ Հայաստանի պարագային. խորհրդարան ներկայացնելու եւ ժողովրդային հանրաքուէ կազմակերպելու ձգտումը Հայաստանի նախագահի կողմէ այդ պատասխանատուութիւնը կիսելու միտող քայլեր են, որոնք պէտք է բացառել: Անգամ մը եւս կը շեշտեմ, որ եթէ հիմնական փոփոխութիւններու չենթարկուին այս արձանագրութիւնները, պարտինք ազգովին աշխատիլ, որ անոնք ձախողին: