ԲԱՎՐԱՅԻ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԴԺՈՒԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

0 0
Read Time:6 Minute, 57 Second

p5 1

 Հայ-թուրք հան­դի­պում­ներն ու կա­տար­ուած ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րը մո­ռա­ցու­թեան մատ­նած են բազ­մա­թիւ հար­ցեր, որոնց կար­գին բո­լորո­վին տար­բեր «ճա­նա­պար­հա­յին քար­տէս»ի վրայ գտնուող Բար­վա գիւ­ղը, որ կը գտնուի Հա­յաս­տա­նի եւ Վրաս­տա­նի հիւ­սիս-արեւմտ­եան սահ­մա­նին վրայ, Երե­ւա­նէն մօ­տա­ւո­րա­պէս 170 քլմ. հե­ռու:

Վեր­ջերս, վրա­ցի սահ­մա­նա­պահ զին­ուոր­նե­րը կրկին, զէն­քի սպառ­նա­լի­քով, սոյն գիւ­ղի բնա­կիչ­նե­րուն ար­գի­լած են, ար­տէն խոտ հա­ւա­քել:  Այս սահ­մա­նա­պահ զի­նուոր­նե­րը, իրենց նախ­կին դիր­քէն հա­րիւր մեթր առաջ եկած են եւ այս­պէս պաշ­տօ­նա­պէս Հա­յաս­տան մուտք գոր­ծե­լով, թոյլ չեն տուած որ տա­րի­ներ շա­րու­նակ փաս­տա­թուղ­թե­րով, իրենց սե­փա­կա­նու­թիւնը հա­մա­րուող հո­ղե­րէն ներս մշա­կեն:

p5 2

Բավ­րան կը հաշ­ուէ 574 բնա­կիչ եւ աւե­լի քան 140 ծուխ: Վրա­ցա­կան կող­մը կը պնդէ թէ, 1947-ին հա­մա­ձայ­նա­գիր մը կնքուած է, որուն մէջ յստա­կօ­րէն կը նշուի թէ երեք քլմ. եր­կար­ու­թեամբ եւ 408 մ. խո­րու­թեամբ հո­ղա­տա­րած­քը կը պատ­կա­նի Վրաս­տա­նին: 1929 թուա­կա­նին, պայ­մա­նագ­րով հաս­տատ­ուած արո­տա­վայ­րե­րու և աշ­խա­տան­քա­յին քար­տէ­սի հի­մամբ, գրաւ­ուած հո­ղը հայ­կա­կան է:

Պե­տա­կան կո­մի­տէ­ին փո­խան­ցած քար­տէսն ու Ազ­գա­յին պար­կի  աշ­խա­տան­քա­յին քար­տէ­սը հա­մե­մա­տե­լու պա­րա­գա­յին, շատ աւե­լի անյս­տակ եզ­րա­կա­ցու­թիւն մը ստեղծ­ուի: 1741-էն ի վեր, Հա­յաս­տա­նին է մնա­ցած է տա­րածք մը, որ կÿընդգր­կէ  Թավ­շու­տի ջրամ­բա­րը իր ջրա­յին տա­րած­քով:

p5 3

Բավ­րա­յի գիւ­ղա­պետ Կո­րիւն Սում­պուլ­եա­նը կը պատ­մէ« որ  ներ­կայ տա­րած­քը, նա­խա­պէս պատ­կա­նած է ցա­րա­կան բա­նա­կին, որուն հե­ռա­նա­լէն ետք, կը գտնուի ան­կախ գօտիի մէջ:

Գիւ­ղի իւ­րա­քան­չիւր բնա­կիչ կով եւ ոչ­խար ու­նի: Շրջա­նը կը հաշ­ուէ աւե­լի քան 1700 կով եւ 1500 ոչ­խար: Տեղ­ւոյն գիւ­ղա­ցի­նե­րուն մի­ակ ապ­րուս­տը՝ «Ազա­տան» և «Աշ­տա­րակ» կաթ­նե­ղէ­նի ըն­կե­րու­թիւն­նե­րուն տուած կա­թէն կը գո­յա­նայ: Լիթ­րին ար­ժէքն է ին­նի­սուն դրամ: Բավ­րե­ցին 2 լիթր կա­թը կը փո­խա­րի­նէ կէս լիթր տա­րո­ղու­թեամբ ջեր­մու­կի հետ կամ ալ կը նա­խընտ­րէ բան­ջա­րե­ղէն գնել: Միւս կող­մէն, ստեղծ­ուած խո­տի պա­կա­սը կը սպառ­նայ կա­թի որա­կին:

p5 4

Վի­ճա­բա­նու­թեան դուռ բա­ցող տա­րած­քէն ներս 146 հո­ղակ­տոր կայ« այ­սինքն չորս հա­րիւր մարդ եւ 110 ըն­տա­նիք: Ոչ գիւ­ղա­պե­տը« ոչ ալ Բավ­րե­ցի­նե­րը չեն ու­զեր  զի­ջիլ իրենց հո­ղե­րը վրա­ցի­նե­րուն: Անոնք վճռա­կամ են եւ բո­լո­րո­վին հայ-թուրք յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րէն հե­ռու, իրենց կար­գին ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րու մի­ջեւ կը պա­հան­ջեն.- «Սպա­սում ենք« թէ երբ եր­կու պե­տու­թիւն­նե­րի ար­տա­քին գործ­նա­խա­րար­նե­րը հան­դի­պեն ու վճիռ կա­յաց­նեն: Ինք­նա­վար կար­գա­վի­ճա­կի ան­յե­տաձ­գե­լի պա­հանջ է զգաց­ւում նա­եւ մեր տա­րա­ծաշր­ջա­նում ապ­րող հա­յե­րիս հա­մար: Դաշ­նակ­ցա­յին հա­մա­կար­գով Վրաս­տա­նը վե­րա­կազ­մա­ւո­րե­լու հիմ­քում տրուե­լու են երկ­րում ազ­գա­յին հա­մա­խումբ եւ աւան­դա­բար ապ­րող ազ­գու­թիւն­նե­րի առ­կա­յու­թիւնը, որոնց ազ­գա­յին, մշա­կու­թա­յին եւ քա­ղա­քաց­ի­ա­կան իրա­ւունք­նե­րի պաշտ­պան­ուա­ծու­թեան հիմ­նա­կան երաշ­խիք կա­րող են դառ­նալ դաշ­նու­թեան բա­ղադ­րիչ­նե­րը՝ ինք­նա­վա­րու­թիւն­նե­րը»: 

Նշենք թէ բազ­միցս Ջա­ւախ­քի տա­րա­ծաշր­ջան­նե­րու հայ­կա­կան հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու խոր­հուր­դը քննե­լով կա­տար­ուած ան­ցու­դար­ձե­րը, վե­րա­հաս­տա­տած է թէ Վրաս­տա­նի պե­տու­թեան բար­գա­ւաճ­ման, հզօ­րաց­ման ու զար­գաց­ման ապա­գան ուղ­ղակի­օ­րէն կապ­ուած է դաշ­նակ­ցա­յին կա­ռու­ցա­ձեւ ու­նե­նա­լուն  հետ:

p5 5

Վրաս­տա­նի դաշ­նակ­ցա­յին, ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան կա­ռու­ցա­ձեւ ու­նե­նա­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թեան մա­սին իրենց դրա­կան կար­ծիք­նե­րը յայտ­նած են նա­եւ տար­բեր եր­կիր­նե­րու քա­ղա­քա­կան դէ­տեր, պե­տա­կան, հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծիչ­ներ, կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու եւ ոչ կա­ռա­վա­րա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ: Նոյ­նիսկ նմա­նօ­րի­նակ գա­ղա­փար յղա­ցաւ, անց­եալ Յու­լի­սին, Վրաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նէն ներս ելոյթ ու­նե­ցող, Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու փոխ­նա­խա­գահ Ճօ Պայ­տըն:

Աւե­լի քան տա­րի մը առաջ, վրա­ցի քա­ղա­քա­գէտ Սո­սօ Ցիս­քա­րիշ­վի­լի յայ­տա­րա­րած է, որ Վրաս­տա­նի մէջ ու­րախ են, որ Հա­յաս­տան կը տա­րան­ջա­տէ «ռազ­մա­վա­րա­կան գոր­ծըն­կեր եւ մօտ դրա­ցի հաս­կա­ցո­ղու­թիւն­նե­րը եւ տե­ղի չտար վրա­ցա­կան ան­ջա­տո­ղա­կան շարժ­ման: Օրին քա­ղա­քա­գէտ Ալեք­սանտր Իս­կան­տար­եան  նշած էր, որ հա­յե­րը կը հասկ­նան Հա­յաս­տա­նի նկատ­մամբ վրա­ցի­նե­րու մտա­վա­խու­թիւնը Հա­րա­ւա­յին Կով­կա­սի իրա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն ծի­րին մէջ: Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թեան հա­մար ալ կա­րե­ւոր էր փա­րա­տել այդ մտա­վա­խու­թիւնը: Իս­կան­տար­եան աւել­ցու­ցած էր թէ ար­տա­քին աշ­խար­հին մէջ կան ու­ժեր, որոնց հա­մար ձեռն­տու է հա­յե­րու եւ վրա­ցի­նե­րու մի­ջեւ բա­խում­ներ հրահ­րե­լը: Սա­կայն, ըստ անոր, Հա­յաս­տա­նը եւ Վրաս­տա­նը միշտ ալ յա­ջո­ղած են պահ­պա­նել եթէ ոչ իտ­է­ա­լա­կան, ապա բնա­կան բա­րի դրաց­ի­ա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ:

Նշենք թէ անց­եալ Յուն­ուար ամս­ուան ըն­թաց­քին, Թիֆ­լի­սի դա­տա­րա­նը ախալ­քա­լաք­ցի եր­կու հա­յոր­դի­նե­րու՝ Գրի­գոր Մի­նաս­եա­նի եւ Սեր­գէյ Յա­կոբ­ջան­եա­նի նկատ­մամբ, որոշ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի կա­լան­քի տակ պա­հե­լու որո­շում առած է, մե­ղադ­րե­լով թէ անոնք զին­եալ խում­բեր կը կազ­մէ­ին, նա­եւ կը կա­տա­րէ­ին լրտե­սու­թիւն:

Ախալց­խա­յի հայ երի­տա­սար­դա­կան կեդ­րո­նի տնօ­րէն Գրի­գոր Մի­նաս­եան (աւե­լի ծա­նօթ Գրի­շա անու­նով) եւ տեղ­ւոյն «Շարլ Ազ­նա­ւուր» հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան պա­տաս­խա­նա­տու Սեր­գէյ Յա­կոբ­ջան­եան ազատ ար­ձակ­ուած էին, որոշ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նէ մը ետք:

About Post Author

admin

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles