ԵՐԿՈՒ ՄՏՔՈՎ ԵՄ

0 0
Read Time:10 Minute, 11 Second

p3  ՌՈՒԲԷՆ ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ

 

Եր­կու մտքով եմ…արդ­եօք այս յօդ­ուա­ծը գրեմ հա­յե­րէ­նո՞վ, թէ անգ­լե­րէ­նով: Եթէ շա­րու­նա­կեմ միտ­քերս գրի առ­նել հա­յե­րէ­նով, արդ­եօք իմ տա­րե­կից­ներս պի­տի կար­դա՞ն, թէ պար­զա­պէս զայն ան­տե­սեն ու մէկ կողմ դնեն: Այս ներ­քին պայ­քարն ու անո­րոշ վի­ճակս ար­դէն իսկ փաստ են, թէ ինչ լուրջ ու դժբախտ հանգր­ուա­նի հա­սած է մեր ներ­կայ սփիւռք­եան կա­ցու­թիւնը մայ­րե­նի լեզ­ուին նկատ­մամբ:

Յա­ճախ երբ բա­րե­կամ­նե­րով հա­ւաք­ուինք, կը նկա­տեմ, թէ օր­ուան նիւ­թը շու­տով կը կեդ­րո­նա­նայ մեր ժո­ղո­վուր­դի ապա­գա­յին շուրջ: Իսկ բազ­միցս այն խօ­սակ­ցու­թիւն­նե­րը (որոնք եր­բեմն նոյ­նիսկ վէ­ճե­րու կը վե­րած­ուին) կը կեդ­րո­նա­նան Սփիւռ­քի ապա­գա­յին վրայ, միշտ կի­զա­կէտ ու­նե­նա­լով մեր սի­րե­լի Գա­նա­տա­հայ գա­ղու­թը: Ընդ­հան­րա­պէս, մեր խօ­սակ­ցու­թիւն­նե­րը կը սկսին հա­յե­րէ­նով, այն հա­մո­զու­մով, որ ճիշդ բանն է որ կ՛ընենք, սա­կայն, եր­բեմն կայ­ծա­կի արա­գու­թեամբ, խօ­սակ­ցու­թիւնը թափ կ՛առ­նէ ու կը շա­րու­նակ­ուի անգ­լե­րէ­նով: Վար­ժու­թեա՞ն հարց է սա, թէ ինք­նա­բե­րա­բար պա­տա­հող դիպ­ուած, կամ Գանա­տա ծնե­լու եւ մեծ­նա­լու հե­տե­ւանք: Մեր գոր­ծած “սխա­լը“ անդ­րա­դառ­նա­լէ ու ըն­դու­նե­լէ ետքն է, որ կը սկսինք հարց տալ, թէ արդ­եօք կա­րե­լի՞ է ազ­գօ­րէն գո­յա­տե­ւել այս ափե­րուն վրայ, թէ պար­զա­պէս մենք մեզ կը խա­բենք:

Շա­տեր կը պնդեն թէ ազ­գա­յին ոգին լեզ­ուէն աւե­լի կեն­սա­կան է ազ­գի մը գո­յա­պայ­քա­րին մէջ: Ճիշդ է, որ միայն հա­յե­րէն խօ­սե­լով չէ, որ կրնանք հայ զգալ կամ կրնանք կա­յուն պա­հել հայ ոգին, բայց հարկ է նա­եւ գի­տակ­ցիլ, թէ որ­քան կա­րե­ւոր է մայ­րե­նի լեզ­ուի պահ­պա­նու­մը իբր գո­յա­տեւ­ման երաշ­խիք: Այ­սօր, սրտի մեծ ցա­ւով կը տես­նենք, թէ Սփիւռ­քի գրե­թէ բո­լոր բնա­գա­ւառ­նե­րէն ներս, Հայ լե­զուն, մա­նա­ւանդ արեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը, լուրջ նա­հան­ջի մէջ է: Հա­յե­րէ­նը սկսած է ոչ միայն աղա­ւաղ­ուիլ, այլ աւե­լին, փո­խա­րին­ուիլ այլ լե­զու­նե­րու բա­ռա­պա­շա­րով: Հա­յե­րէ­նը դադ­րած է գոր­ծա­ծա­կան լե­զու ըլ­լա­լէ մեր գա­ղութ­նե­րու երե­խա­նե­րուն, երի­տա­սարդ­նե­րուն եւ նոյ­նիսկ չա­փա­հաս­նե­րուն մօտ:

Եթէ իրա­կա­նու­թիւն մը կայ, որուն բո­լորս կրնանք հա­մա­ձայ­նիլ, այն է, թէ Սփիւռ­քի շատ մը գա­ղութ­նե­րու մէջ հա­յու­թիւնը հա­զիւ կա­թիլ մըն է հսկայ ովկ­ի­ա­նո­սի մը մէջ: Յա­ճախ, քա­ղա­քի կամ շրջա­նի ընդ­հա­նուր բնակ­չու­թեան նոյ­նիսկ կէս տո­կո­սը չենք գրա­ւեր: Ինք­նա­բե­րա­բար, այս կը նշա­նա­կէ, թէ Սփիւռ­քի մէջ, հայ ժո­ղո­վուր­դը միշտ շրջա­պատ­ուած է “օտա­րու­թեամբ“. օտար լե­զու, օտար ժո­ղո­վուրդ, օտար մշա­կոյթ… ամէն ինչ օտար: Եր­բեմն կը մե­ղադ­րենք այն ան­հատ­նե­րը, որոնք հա­յե­րէն չեն օգ­տա­գոր­ծեր կամ կը նա­խընտ­րեն օտար բար­քե­րը վա­յե­լել, սա­կայն չենք անդ­րա­դառ­նար, թէ այս բո­լո­րը պար­զա­պէս ապ­րե­լա­ձե­ւի հետ կապ­ուած իրա­կա­նու­թիւն­ներ են, որոնք տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին պի­տի զար­գա­նան եւ հետզ­հե­տէ աւե­լի ցայ­տուն պի­տի դառ­նան:

Արդ­եօք պար­զա­պէս ան­կա­րե­լի՞ է ժո­ղո­վուր­դի մը լե­զուն եւ ար­ժէք­նե­րը պա­հել օտար ափե­րու վրայ: Ճիշդ է, մին­չեւ այ­սօր գո­յա­տե­ւած ենք ու Գա­նա­տա­հայ գա­ղու­թը կը սեպ­ուի աշ­խար­հի լա­ւա­գոյն­նե­րէն` հա­յա­խօ­սու­թեան եւ հա­յա­պահ­պան­ման գծով: Այս բո­լո­րը կը պար­տինք մեզ նա­խոր­դող սե­րունդ­նե­րուն, մեր մայ­րե­րուն ու հայ­րե­րուն, մեծ մայ­րե­րուն եւ մեծ հայ­րե­րուն, որոնց անձն­ուէր նուի­րու­մի հե­տե­ւան­քով է, որ այս բա­րե­լաւ վի­ճա­կին հա­սած է մեր գա­ղու­թը:

Այո, Գա­նա­տա­հայ գա­ղու­թը լա­ւա­գոյն­նե­րէն է, սա­կայն ի զուր չէ՞ բաղ­դա­տել: Պէտք է գի­տակ­ցինք, թէ հա­յե­րու հա­մար հա­մե­մա­տա­բար երի­տա­սարդ գաղ­թօ­ճախ մըն է Գանա­տան, մա­նա­ւանդ եթէ նկա­տի ու­նե­նանք գա­ղու­թի վե­րա­կազ­մու­թեան յի­սուն կամ վաթ­սու­նամ­եայ պատ­մու­թիւնը: Պատ­մու­թիւնը մե­զի փաս­տած է թէ շատ մը սփիւռ­քա­հայ գա­ղութ­նե­րէ ներս, տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին, լրջօ­րէն նուա­զած է հա­յա­խօ­սու­թիւնը: Օրի­նակ` Հա­րա­ւա­յին Ամե­րի­կա­յի կամ Արե­ւել­եան Ա.Մ.Ն.-ի զա­նա­զան հա­յաբ­նակ քա­ղաք­նե­րու մէջ, հայ գա­ղու­թը չոր­րորդ կամ նոյ­նիսկ հին­գե­րորդ սե­րունդ հա­սած է, ու ինք­նա­բե­րա­բար, ներ­կա­յիս, գրե­թէ բո­լո­րո­վին ոչ-հա­յա­խօս է: Արդ­եօք նո՞յնն է մեր ճա­կա­տա­գի­րը:

Ըն­կեր­նե­րու հետ մեր խօ­սակ­ցու­թիւն­նե­րը այս ուղ­ղու­թեամբ յա­ճախ կ՛եր­կա­րին ու ոչ մէկ եզ­րա­կա­ցու­թեան կը յան­գին: Երբ այ­լեւս ար­ծար­ծած ենք ներ­կայ կա­ցու­թեան մա­սին բո­լոր իրա­կա­նու­թիւն­նե­րը, կը սկսինք խօ­սիլ լու­ծում­նե­րու մա­սին: Արդ­եօք ձեւ մը կա՞յ այս իրա­վի­ճա­կէն նուա­զա­գոյն վնա­սով դուրս գա­լու: Եթէ իս­կա­պէս ամէն հարց ու­նի լուծ­ման իր ելա­կէ­տը, ին­չո՞ւ մին­չեւ օրս չենք բա­րե­լա­ւած այս վի­ճա­կը եւ կը շա­րու­նա­կենք ըլ­լալ անկ­ման մէջ:

Թե­րեւս մեր գլխա­ւոր հար­ցը այն է, թէ բա­ցա­յայ­տօ­րէն չենք ար­տա­յայտ­ուիր մեր հիմ­նա­կան հար­ցե­րուն եւ դժուա­րու­թիւն­նե­րուն մա­սին: Ին­չո՞ւ չենք խօ­սիր խառն ամուս­նու­թիւն­նե­րու հե­տե­ւանք­նե­րուն մա­սին: Ին­չո՞ւ չենք ար­ժե­ւո­րեր մեր տա­րած միու­թե­նա­կան աշ­խա­տանք­նե­րը ու տա­րի­ներ շա­րու­նակ կը գոր­ծենք նոյն տես­լա­կա­նով, առանց հաս­տատ ու բա­րե­բեր ար­դիւնք­նե­րու ձեռք­բեր­ման: Ին­չո՞ւ չենք խօ­սիր Սփիւռ­քի հայ վար­ժա­րան­նե­րու ու եկե­ղե­ցի­նե­րու դժուա­րու­թիւն­նե­րուն մա­սին, հայ ու­սու­ցիչ­ներ եւ կղե­րա­կան­ներ պատ­րաս­տե­լու մա­սին: Ին­չո՞ւ կը հե­տաքրքր­ուինք աշ­խար­հի չորս կողմ պա­տա­հող դէպ­քե­րով, երբ մեր իսկ տան մէջ կա­տա­րուող հար­ցե­րը չենք սկսած լու­ծել:

Վստա­հա­բար, վճռա­կան ու ան­մի­ջա­կան լու­ծում մը չու­նին այս կեն­սա­կան հար­ցե­րը, սա­կայն ին­ծի հա­մար մէկ բան յստակ է: Հա­յու­թեան գո­յու­թիւնը ապա­հո­վող գլխա­ւոր ազ­դակ­նե­րէն ամե­նէն կա­րե­ւո­րը կը հան­դի­սա­նայ հա­յոց լե­զուն, որուն մի­ջո­ցով կը պաշտ­պան­ուի ու կը գո­յա­տե­ւէ հա­յոց գրա­կա­նու­թիւնը, մշա­կոյ­թը եւ ազ­գա­յին ինք­նու­թիւնը: Եւ եթէ Սփիւռ­քի մէջ կ՛ու­զենք գո­յա­տե­ւել, հարկ է անդ­րա­դառ­նալ եւ ըն­դու­նիլ, թէ մեր լե­զուն պահ­պա­նե­լով պի­տի ըլ­լայ այդ մէ­կը:

Այս բո­լո­րը իրա­կա­նաց­նե­լու հա­մար հսկա­յա­կան է նա­եւ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան դե­րա­կա­տա­րու­թիւնը, որով­հե­տեւ որե­ւէ ազ­գի գո­յա­պայ­քա­րին եւ լեզ­ուի զար­գաց­ման մէջ կեն­սա­կան անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն­ներ են ազատ եւ ան­կախ հայ­րե­նիք ու­նե­նա­լը եւ պահ­պա­նե­լը: Պատ­մու­թեան մէջ գո­յու­թիւն ու­նե­ցած է Ասո­րես­տա­նի հզօր պե­տու­թիւնը, կամ Սու­մեր­իոյ ու Բա­բե­լո­նի հա­րուստ քա­ղա­քակր­թու­թիւն­նե­րը: Անոնք բո­լորն ալ կամ բո­լո­րո­վին ան­հե­տա­ցած են եւ կամ այն­քան անշ­քա­ցած են, որ իրենց գո­յու­թիւնը հա­զիւ զգա­լի է: Վստա­հա­բար, վե­րոնշ­եալ բո­լոր ազ­գու­թիւն­ներն ալ ազ­գա­յին ոգի ու­նէ­ին եւ սա­կայն անոնք ան­հե­տա­ցան որով­հե­տեւ զա­նա­զան պատ­ճառ­նե­րով չկա­րո­ղա­ցան կառ­չած մնալ իրենց լեզ­ուին ու պահ­պա­նել իրենց հո­ղե­րը:

Ան­ցած են այն օրե­րը, երբ Հա­յաս­տա­նը հա­մայ­նա­վար տի­րա­պե­տու­թեան տակ էր եւ Սփիւռ­քը մեր ժո­ղո­վուր­դի մի­ակ հա­յա­շունչ “հայ­րե­նիքն“ էր: Ներ­կա­յիս, մենք բախ­տա­ւո­րու­թիւնը ու­նինք ապ­րե­լու ժա­մա­նա­կի մը մէջ, երբ ան­կախ Հա­յաս­տա­նը իրա­կա­նու­թիւն է, եւ պէտք է գի­տակ­ցինք, թէ յա­ռա­ջի­կայ հանգր­ուա­նին, տաս­նամ­եակ­ներ ետք, միայն Հա­յաս­տա­նի մէջ ապ­րող քա­ղա­քա­ցի­ներն ու Հա­յաս­տա­նի առօր­եա­յին հետ կապ­ուած սփիւռ­քա­հայ գա­ղութ­ներն են որոնք իրա­պէս հա­յօ­րէն պի­տի գո­յա­տե­ւեն: Առ այդ, արե­ւե­լա­հա­յե­րէ­նի եւ արեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի լեզ­ուա­կան տար­բե­րու­թիւն­նե­րը պէտք չէ ար­գելք դառ­նան Սփիւռ­քի երի­տա­սար­դու­թեան եւ հայ­րե­նի մեր քոյր-եղ­բայր­նե­րու մեր­ձեց­ման մէջ: Ես կը հա­ւա­տամ, թէ մեր լեզ­ուա­կան տար­բե­րու­թիւն­նե­րը կրնան լուրջ հա­մադ­րում­նե­րու են­թարկ­ուիլ լեզ­ուա­գէտ­նե­րու եւ մաս­նա­գէտ­նե­րու մի­ա­տեղ աշ­խա­տանք­նե­րով, որոնք նա­եւ կրնան վերջ­նա­կան լու­ծում մը գտնել ու դար­մա­նել մեր ուղ­ղագ­րա­կան ներ­կայ բարդ կա­ցու­թիւնր:

Ան­կա­րե­լի է գու­շա­կել, թէ ճիշդ ի՞նչ պի­տի ըլ­լայ Սփիւռ­քի ապա­գան, բայց պէտք է լրջօ­րէն գի­տակ­ցինք, թէ հսկա­յա­կան հար­ցեր կան մեր դի­մաց ու միայն անոնց մա­սին զրու­ցե­լով, եւ գործ­նա­կան լու­ծում­նե­րու դի­մե­լով է, որ պի­տի կա­րե­նանք դի­մագ­րա­ւել զա­նոնք:

Հի­մա, կը մտա­ծեմ, թէ ինչ լա՜ւ պի­տի ըլ­լար եթէ այս գրու­թեան վեր­նա­գի­րը սի­րուն ու ներգ­րա­ւիչ անգ­լե­րէն տա­ռե­րով ըլ­լար: Արդ­եօք որ­քան աւե­լի հայ երի­տա­սարդ­ներ պի­տի կար­դա­յին զայն…

 

ԹՈՐՈՆԹՕ-ԳԱՆԱՏԱ

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

One thought on “ԵՐԿՈՒ ՄՏՔՈՎ ԵՄ

  1. Բարեւ Ռուբէն

    ես 100% համացայն եմ: Դժբախտ է որ սփիւռքահայերը որոնք այս նիւթե կը քննարկեն ադ գան հեռու չեն մտածեր Անոր համար Հայրենիք փոխադրեցի

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles