ՀԱՅ – ԹՐՔԱԿԱՆ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԴԷՄ՝ Հ.Յ. ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՁԵՌՆԱԾ ԱՐՇԱՒԻՆ ԱԶԴԱՆՇԱՆԸ ՏՐՈՒԵՑԱՒ

0 0
Read Time:6 Minute, 51 Second

tsuyts1 Հ.Յ.Դ. Հա­յաս­տա­նի գե­րա­գոյն Մարմ­նի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ, Երեք­շաբ­թի, Երե­ւա­նի ժա­մա­նա­կա­ցոյ­ցով՝ կէ­սօ­րէ ետք ժա­մը 2:00-ին, ազ­դան­շա­նը տրուե­ցաւ հայ-թրքա­կան ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րուն դէմ ար­շա­ւին: Ար­դա­րեւ, ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան շէն­քե­րուն դի­մաց սկսաւ նստա­ցոյցն ու հա­ցա­դու­լը:

Հ.Յ.Դ. Բիւ­րո­յի Հայ դա­տի եւ քա­ղա­քա­կան հար­ցե­րու գրա­սեն­եա­կի պա­տաս­խա­նա­տու Կի­րօ Մա­նոյ­եան, անդ­րա­դառ­նա­լով, Հ.Յ.Դ. Հա­յաս­տա­նի Գե­րա­գոյն մար­մի­նի կազ­մա­կեր­պած նստա­ցոյ­ցին մա­սին՝ յայտ­նեց, որ նստա­ցոյ­ցը կþըն­թա­նայ հան­դարտ մթնո­լոր­տի մէջ: Մա­նոյ­եան յայտ­նեց, թէ ժո­ղո­վուր­դը ընդ­հա­նուր առ­մամբ դրա­կան կþըն­կա­լէ նստա­ցոյ­ցը՝ մեկ­նե­լով այն իրո­ղու­թե­նէն, որ Հ.Յ.Դաշ­նակ­ցու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցած հիմ­նա­կան փո­փո­խու­թիւն­նե­րու առա­ջարկ­նե­րուն շուրջ ստո­րագ­րա­հա­ւաք տե­ղի կþու­նե­նայ:

»Ոս­տի­կա­նու­թեան հետ հար­ցեր առայժմ չկան, որով­հե­տեւ նստա­ցոյ­ցը ամ­բող­ջու­թեամբ կþըն­թա­նայ օրէն­քի սահ­ման­նե­րուն մէջ: Ճիշդ է, որ ար­տօ­նու­թիւն չէ տրուած, սա­կայն օրէն­քը կþար­տօ­նէ, որ մին­չեւ հա­րիւր հո­գի առանց ար­տօ­նու­թեան եւ առանց եր­թե­ւե­կը խան­գա­րե­լու ցոյց կա­տա­րեն…« աւել­ցուց Մա­նոյ­եան եւ շեշ­տեց թէ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րուն մէջ փո­փո­խու­թիւն­ներ կա­տա­րե­լու ցան­կու­թիւն չու­նին եւ կը փոր­ձեն իրենց տե­սա­կէտ­նե­րը քա­րո­զել ժո­ղո­վուր­դին: Մա­նոյ­եան ըսաւ, որ Դաշ­նակ­ցու­թիւնը մտա­հոգ­ուած է ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րու եր­կու կէ­տե­րով՝ սահ­ման­նե­րու ճա­նաչ­ման վե­րա­բեր­եալ կէ­տը, ինչ­պէս նա­եւ Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հար­ցը ու­սում­նա­սի­րող պատ­մա­բան­նե­րու յանձ­նա­խում­բի ստեղ­ծու­մը:

tsuyts2

Անդրադառնալով Երե­ւա­նի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նին կող­մէ Հ.Յ.Դ.-ի նստա­ցոյ­ցը ար­գի­լե­լու, եւ միեւնոյն ժամանակ Հայ ազ­գա­յին քոնկ­րէ­սի հինգ օր շա­րու­նակ հան­րա­հա­ւաքը ար­տօ­նե­լու երե­ւոյ­թին մա­սին, ան յայտ­նեց, որ այս պատահածը ան­հասկ­նա­լի է:  »Մա­նա­ւանդ որ դի­մու­մին մէջ ըս­ուած էր, թէ որով­հե­տեւ կա­ռա­վա­րու­թիւնը որո­շած է, որ վեց շա­բաթ ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րը քննարկ­ուին, նա­խա­գա­հը յայ­տա­րա­րած է, որ այդ ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րը պէտք է ներ­քին քննար­կու­մի են­թարկ­ուին, ապա մեր քայ­լը այդ քա­ղա­քա­կան քննար­կում­նե­րուն մաս­նակ­ցիլ ու աջակ­ցիլ էր եւ, փաս­տօ­րէն, երբ Երե­ւա­նի քա­ղա­քա­պե­տու­թիւնը չտուաւ ար­տօ­նու­թիւն, այդ քննար­կու­մին էր, որ չտուաւ ար­տօ­նու­թիւն: Բայց ամէն պա­րա­գա­յի, օրէն­քի սահ­ման­նե­րուն մէջ այս ձե­ւով կը շա­րու­նա­կենք«: 

tsuyts Հ.Յ.Դաշ­նակց­ութ­եան շղթա­յա­զեր­ծած գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն եւ ատ­կէ օր մը առաջ նա­խա­գահ Սերժ Սարգս­եա­նի կող­մէ Սեպ­տեմ­բեր 17ին հա­յաս­տան­եան քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րու ղե­կա­վար­նե­րը խորհր­դակ­ցու­թեան հրա­ւի­րե­լու քայ­լին մա­սին, անդ­րա­դառ­նա­լով, Մանոյեան յայտ­նեց թէ.- »Չեմ կար­ծեր, որ մաս­նա­ւոր կապ պէտք է փնտռել: Աւե­լի’ն. թե­րեւս Թուրք­իոյ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րին կա­տա­րած քննար­կում­նե­րուն հետ պէտք է կա­պել. ինչ­պէս գի­տէք, Թուրք­իոյ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րը ար­դէն սկսած է ընդ­դի­մա­դիր քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րուն հետ առան­ձին-առան­ձին ներ­քին քննար­կում­ներ կա­տա­րել: Թէ­եւ ասի­կա առա­ջին հար­ցը չէ, որուն շուրջ Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գա­հը քննար­կում կը կազ­մա­կեր­պէ: Մաս­նա­ւոր կապ չեմ տես­ներ: Կը կար­ծեմ, որ բան մը պէտք էր ընէր«:

Հ.Յ.Դ. Հա­յաս­տա­նի Գե­րա­գոյն մարմ­նի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ար­մէն Ռուս­տամ­եան յայտ­նեց, որ նստա­ցոյ­ցը եւ հա­ցա­դու­լը պի­տի շա­րու­նակ­ուին այն­քան ատեն որ տա­կա­ւին ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րուն բո­վան­դա­կու­թիւնը չէ փոխ­ուած: »Այս քայ­լե­րուն նպա­տակն է մեր­ժել պար­տադ­րուող նա­խա­պայ­ման­նե­րը եւ պա­հան­ջել հա­յու­թեան շա­հե­րը վտան­գող փաս­տա­թուղ­թե­րուն դրոյթ­նե­րը վե­րա­տե­սու­թեան են­թար­կել: Որ­քան ալ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը յայ­տա­րա­րեն, որ նա­խա­պայ­ման­ներ չկան, մեր գնա­հա­տա­կա­նը շատ յստակ է՝ այդ փաս­տա­թուղ­թը յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու կար­գա­ւո­րու­մը կը կան­խո­րո­շէ ի նպաստ Թուրք­իոյ: Ասի­կա յստակ է: Այ­սինքն՝ եթէ մենք այս փաս­տա­թուղ­թը ստո­րագ­րենք, ապա ար­դէն յա­ջորդ օր­ուը­նէ այդ նա­խա­պայ­ման­նե­րը իրա­կա­նաց­ման գոր­ծըն­թա­ցին մէջ կը մտնեն: Կþըսեն, թէ ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րուն մէջ Կար­սի հա­մա­ձայ­նա­գի­րին մա­սին ոչինչ կը յիշ­ուի, բայց այդ պա­րա­գա­յին ին­չո՞ւ գրուած է, որ մենք սահ­ման­նե­րը կը ճանչ­նանք: Այդ սահ­ման­նե­րը ամ­րագր­ուած են միայն 1921 թուա­կա­նի Կար­սի հա­մա­ձայ­նա­գի­րով, ու­րիշ որե­ւէ հա­մա­ձայ­նա­գիր այս­պի­սի սահ­ման չþամ­րագ­րեր: Մեր նպա­տակն է ժո­ղո­վուր­դին բա­ցատ­րել, ներ­կա­յաց­նել խնդիր­ներ, որ­պէս­զի այն տպա­ւո­րու­թիւնը չստեղծ­ուի, որ Դաշ­նակ­ցու­թիւնը »աժան« յայ­տա­րա­րու­թիւն­ներ կþընէ, հա­կա­թուրք կու­սակ­ցու­թիւն է, եւ ինչ ալ ըլ­լայ՝ ան պի­տի չհաւ­նի: Մեր հար­ցը հան­րու­թեան իս­կա­կան փաս­տեր ներ­կա­յաց­նելն է«, ըսաւ Ռուս­տամ­եան:

  Հ.Յ.Դ. Բիւ­րո­յի ան­դամ, Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի Հ.Յ.Դ. խմբակ­ցու­թեան ղե­կա­վար Վա­հան Յով­հան­նիս­եան տե­ղե­կա­ցուց, որ մի­ջո­ցա­ռում­նե­րը պի­տի շա­րու­նակ­ուին այն­քան ատեն որ անհ­րա­ժեշտ ըլ­լայ: »Մեր այս բո­ղո­քը նա­եւ երե­ւոյ­թին դէմ է: Իրա­կա­նու­թեան մէջ այ­սօր մեր երկ­րին մէջ բա­նա­վէճ չկայ այդ ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րունշուրջ, եւ մեր նա­խա­ձեռ­նած այս քայ­լե­րուն նպա­տակն է հան­րու­թեան ներ­կա­յաց­նել այն փո­փո­խու­թիւն­նե­րը, զորս Հ.Յ.Դաշն­կա­ցու­թիւնը կþառա­ջար­կէ մտցնել այդ ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րուն մէջ«, ըսաւ Վ. Յով­հան­նիս­եան: Ան չբա­ցա­ռեց, որ հա­ւա­նա­կան են բռնու­թիւն­ներ նստա­ցոյ­ցի մաս­նա­կից­նե­րուն նկատ­մամբ, սա­կայն վստա­հե­ցուց, որ պա­տաս­խա­նը հա­մար­ժէք պի­տի ըլ­լայ:

Նշենք թէ հա­ցա­դու­լին կը մաս­նակ­ցին 24 ան­ձեր:

tsuyts6

About Post Author

admin

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles