«ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՊԱՀԵՐ Կ'ԱՊՐԻՆՔ…ՆՈՅՆԻՆՔՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՂԵԿԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՊԷՏՔ Է ՄՏԱՀՈԳՈՒԻ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՎ Ո'Չ ԹԷ Հ.Յ.ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ» կը յայտնէ Հ.Յ.Դաշնակցութեան Արեւելեան Ա.Մ.Ն.-ի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ՝ ընկ. Անդրանիկ Գասպարեան

0 0
Read Time:5 Minute, 28 Second

AndranikՍտորեւ, հարցազրոյց մր Հ.Յ.Դաշնակցութեան Արեւելեան Ա.Մ.Ն.-ի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ՝ ընկ. Անդրանիկ Գասպարեանի հետ:

Հ.- Ինչպէ՞ս կը վերլուծէք անցնող ամիսներու անցուդարձը եւ վերջապէս հայ-թուրք յարաբերութեան գծով կատարուած արձանագրութիւնները: 

Պ.-Բազմիցս, իր վերանկախացումէն ի վեր, Հայաստանի Հանրապետութիւնըը ճնշումի տակ եղած էր, յատկապէս Արեւմուտքին կողմէն, ձեռք երկարելու եւ բարիդրացիութիւն կատարելու իր աւանդական թշնամիներուն՝ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ: Անշուշտ այս մէկը գործադրելու համար, Հայաստանի առջեւ դրուած էին նախապայմաններ: Թուրքիան սահմանները բանալու համար եւ միւս կողմէն Ատրպէյճան իր շրջափակումը վերացնելու համար զիջումներ կը պահանջեն Հայաստանէն: Այսպիսի առաջարկներու ընթացքին եւ յատկապէս ճնշումներուն դիմաց, Հայաստանի պետութիւնը միշտ ալ կրցած էր դիմանալ, այդ ալ շնորհիւ Հայաստանի դիւանագիտական աշխատելաձեւին, նաեւ Կովկասի աշխարհաքաղաքական վիճակին որպէս հետեւանք: Երբ որ Արեւմուտքը այս զիջման մասին մտածած էր, շուտով վրայ հասած էր Ռուսաստանը, բազմիցս մէկուսացնելով դիւանագիտական որեւէ յառաջխաղացք, որ կրնար լրջօրէն վնաս հասցնել Հայաստանին:

Դժբախտաբար, այսօր Հայաստանի համար չկայ երբեմնի Ռուսական ազդեցիկ ներկայութիւնը եւ անոր առաջնահերթ դերը: Այս օրերուն, Ռուսաստանը գործի լծուած է շարունակ ճնշում բանեցնելու Վրաստանի վրայ եւ միեւնոյն ժամանակ կը փափաքի տնտեսական եւ ապահովական յարաբերութիւններ հաստատել Թուրքիոյ հետ: Ասոր արդիւնք, Հայաստանի վրայ կատարուած ճնշումներէն հեռու մնալով, Ռուսաստան առիթ ընծայեց որ շատ աւելի շտապօրէն մշակուի «ոտնագնդակի քաղաքականութիւն»ը:

Այս են ընդհանրապէս դրդապատճառները որոնք դուռ բացին ճանապարհային քարտէսին, եւ ասոր որպէս հետեւանք կատարուեցան արձանագրութիւնները, ուր Թուրքիոյ կողմէ,  երեք նախապայմաններ գոյութիւն ունին.-

1/ Պատմական եւ արխիւային հարցերով զբաղող ենթայանձնախումբ մը, որ քննարկումի առարկայ պիտի դարձնէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը:

2/ Թուրքիոյ տարածքային անխախտելութիւնը, որ համազօր է հողային պահանջատիրութեան հրաժարումին:

3/ Արցախն ալ վտանգուած է, երբ տարածքային անձեռնմխելիութեան բազմաթիւ կողմերու յարգումի սկզբունքը, կը ներառէ նաեւ Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութեան հարցը:

Այժմ կը թուի թէ Թուրքիան է յաղթականը: Այս ընթացքով ան լուսանցքի տակ առաւ, Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայոց Եղեռնի ճանաչման հարցը եւ Հայաստանէն զիջումներ ստանալով խնդրոյ առարկայ դարձուց անոր ազգային-պետական շահերը:

 

Հ.- Սահմանի բացումը իսկապէ՞ս նպաստաւոր է Հայաստանին: Կարգ մը դէտեր կը նկատեն թէ սահմա­նի բա­ցու­մը, յատկապէս պի­տի օժան­դա­կէ Հա­յաս­տա­նի տնտե­սու­թեան:

Պ.- Բազմիցս լսած ենք թէ Հայաստան աքցանի մէջ առնուած երկիր մըն է եւ թէ սահմաններու բացումով, կրնայ Հայաստանի տնտեսական վիճակը բարելաւուիլ: Ճիշտ է այս մէկը, սակայն շատ հեռու՝ խոր եւ մանրակրկիտ ուսումնասիրութիւններէ: Վերջերս, բախտը ունեցայ լսելու Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ եւ նախկին հողագործութեան նախարար ընկ. Դաւիթ Լոքեանի մէկ արտայայտութիւնը, թէ ընդհակառակը, առանց որեւէ յստակ պատրաստութեան, Հայաստանի տնտեսութիւնն է որ պիտի տուժէ, սահմաններու բացումով: Ան բազմաթիւ օրինակներ տալէ ետք, ըսաւ թէ Թուրքիան շատ աւելի լաւ պատրաստուած է, յատկապէս հողագործութեան մարզէն ներս: Այս մէկը հաւանաբար մտահոգութիւններու դուռ կը բանայ եւ կրնանք հարց տալ թէ Հայաստանի կառավարութիւնը չէ կատարած իր աշխատանքը:

Հ.- Արձանագրութիւններուն մէջ բոլորովին բացակայ է գրեթէ հարիւր տարուայ պատմութիւն ունեցող ահաւոր անցեալ մը՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Այսպիսի մոռացում՝ մեծ հարուած մըն է տարիներ շարունակ Հայ Դատի առնչութեամբ կատարուած աշխատանքին:

Անկասկած որ այս մէկը վնասակար է: …Ոչ ոք կը սպասէ որ Հայաստան այս հարցին առնչութեամբ դիմէ անձնասպանական մակարդակի ընդհարումներու, սակայն նման մակարդակի լռութիւն, պարզապէս անբացատրելի է: Ամէնուրէք հայերս կը սպասենք որ մեր կառավարութիւնը տէր կանգնի պատմական իրականութիւններուն, յատկապէս այնպիսի օրերու երբ մեր ազգային շահերը վտանգուած կը թուին ըլլալ: Եւ դեռ միայն բարոյականի ալ հարց չէ: Թուրքիա բազմաթիւ նախապայմաններ պահանջած է Հայաստանէն, օգտուելով անոր տկարութիւնէն: Ու՞ր է ասոր կատարուելիք դիմադրութիւնը: Հայաստանի դիւանագիտութիւնը վրդովեցուցիչ կերպով կրաւորական եւ դիւրահաւատ կը թուի ըլլալ:

 Հ.- Հազիւ արձանագրութիւնները կատարուած, քանի մը օր ետք, Անգարա պաշտօնապէս տեղեկացուց թէ գործի լծած է լոպիինկի նախարարութիւն մը: Ինչպէ՞ս կը բացատրէք այս որոշումը:

 Թուրքիոյ այս մէկ ընթացքը տրամաբանական կը նկատեմ: Երբ ոչ մէկ խոչընդոտի առջեւ կը գտնուիս, բնականաբար աւելին կը պահանջես: Հայաստանի կրաւորական կեցուածքին դիմաց, բնականաբար մերթ ընդ մերթ որոշումներ կ’առնէ եւ կը փորձէ վերլուծել թէ մինչեւ ու՞ր կրնայ յառաջանալ: Նմանօրինակ ընթացք վերջին ամիսներուն ալ պատահեցաւ, երբ Անգարա պաշտօնապէս բողոքեց նախագահ Օպամային, անոր Ապրիլ 24-ի կատարած արտայայտութեան առթիւ:

Ընդհակառակը, Թուրքիան ուրախ պէտք է որ ըլլար Օպամայի յայտարարութեամբ, սակայն չուզեցին որեւէ առիթ խախտել:

Ըստ երեւոյթին, անոնք կը փափաքէին որ Օպամա խօսէր 1915-ին, հայերու կողմէ ջարդուած թուրքերու մասին…

Այսպէս ունեցածէն աւելին պահանջելով կ’ընթանայ Թուրքիոյ ներկայ քաղաքականութիւնը: Փոխարէն Հայաստան հակառակ ընթացքը բռնած է, միշտ ալ նուազագոյնը ստանալով եւ գոհ մնալով:

  Հ.-  Թրքական կողմը, նշած է թէ այս արձանագրութիւններու գործադրութեան ընթացքին Ատրպէյճանը մտահոգող հարցերն (Այսինքն Արցախի հարցը) ալ պիտի լուծուին: Այս գծով, ի՞նչ կրնայ պատահիլ:

 Սկսելու համար, այս արձանագրութիւնները կ’արտացոլացնեն Թուրքիոյ գերագոյն շահերը: Անշուշտ որ այս հարցը յաւելեալ թնճուկ կը ստեղծէ: Եթէ Անգարա, իսկապէս հետաքրքրուած էր հայ-թուրք յարաբերութիւնները բարելաւել, պէտք էր որ Ատրպէյճանի հետ խօսակցութիւնները մէկդի դնել: Անգարա շատ լաւ գիտէ թէ այս հարցը որքան փափուկ է եւ Արցախը միայն խորհրդանիշ չէ, այլ ազգային-պետական շահերու բանալին:

Այս հարցին մասին շարունակաբար անդրադառնալով, Թուրքիա ցոյց կու տայ թէ ան լրջօրէն չի մօտենար յարաբերութիւն հաստատելու մարզէն ներս: Յաւելեալ պարզաբանելով եւ մեկնաբանելով, այն տպաւորութիւնը կը ստեղծուի թէ Հայաստանն է որ աւելի կը փափաքի այս համաձայնագիրը ստորագրելէն, քան թէ Թուրքիան: …Յստակ է թէ բանակցութեան մէջ մտած ենք անպայման լուծման մը հանքելու, այսինքն «մահուան համբոյր»ն է որ կը ստանանք:

 Հ.- Բողոքի ալիքը, թէ’ սփիւռքի եւ թէ’ Հայաստանի մէջ, պիտի կարենա՞յ կասեցնել այս արձանագրութիւններու գործընթացը:

Կարեւոր հարցում: Ամիսներ շարունակ լսեցինք թէ Հայաստանի պետութիւնը ճնշման տակ է, կատարելու համար այս համաձայնութիւնը՝ Թուրքիոյ հետ: Եթէ վերէն կու գայ այս ճնշումը, ապա ու՞ր է վարէն եկած ճնշումը: Եթէ չկայ, այդ պարագային յստակ է թէ Երեւան տեղի պիտի տայ: Հետեւաբար միակ միջոցը ճնշում բանեցնեն որպէսզի մեր ղեկավարութիւնը, վերատեսութեան ենթարկէ պատահածը:

Միայն վերատեսութեան ենթարկելու կոչ ուղղելով չբաւարարուինք: Ղեկավարութիւնը, նոյնինքն պէտք է որ իմանայ թէ եթէ նմանօրինակ  յանձնառութիւններով վտանգաւոր կացութիւններու առջեւ կրնայ դէմ հանդիման գալ: Օրինակի համար յիշատակելի են Երեւանի մէջ Հ.Յ.Դ.-ի, Հայկական Քոնկրէսի եւ «Ժառանգութիւն» կուսակցութեան դժգոհութիւնները: Այսպիսի կեցուացք կրնայ իր ազդեցութիւնը ունենալ ղեկավարութեան վրայ: Չմոռնանք թէ, 18 ամիս առաջ դեռ նոր ընտրուած  նախագահ Սարգսեան, դէմ յանդիման գտնուեցաւ դժուարութիւններու:

 Հ.- Շատ մը ամերիկահայեր մտահոգ են այս համաձայնութեան ընթացքով, սակայն հակառակ ասոր կը մերժեն Հայկական Ներկայացչատան դիմաց ցոյց կատարելու: Այս գծով լուսաբանութիւններ կարելի՞ է ունենալ եւ ցոյցին վայրին մասին ալ յաւելեալ պարզաբանութիւն:

 Պ.- Կ’ուզեմ յստակ ըլլալ: Այս պարզ անհամաձայնութիւն մը չէ: Այս արձանագրութիւնները հասած են, իրենց վերջին հանգրուանին եւ Թուրքիա աշխատանք չի խնայեր վերջնականապէս թաղելու Հայ Դատը: Երբ տարրական հարցեր՝ Ցեղասպանութիւն, սահմաններու ճանաչում խնդրոյ առարկայ են…ալ հոս պէտք է յստակօրէն նշել թէ հայրենի ղեկավարութիւնը կարմիր գիծը անցած է եւ աւելին, նոյնինքն ղեկավարութիւնը եւ ոչ թէ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը պէտք է որ մտահոգուի այս հարցով:

Պատմական պահեր կ’ապրինք եւ դեռ քանի մը շաբաթ մնացած է կատարելու այս ստորագրութիւնները: Պէտք է ժամանակ չվատնել, ժամացոյցի դէմ մրցում կատարել, մեր ղեկավարութիւնը համոզելու թէ պատահածը ահաւոր հարուած մըն է մեր ազգային-պետական շահերուն: Ժամանակ չկայ թուրքերուն, զուիցերիացիներուն կամ ամերիկացիներուն (որոնց հետաքրքրութիւնները տարբեր են) համոզելու: Մեր միակ յոյսը համոզելն է մեր ղեկավարութիւնը որ չվաւերացնէ այս արձանագրութիւնները: Դանակը հասած է ոսկորին: Պէտք է նոյնիսկ բռնօրէն առճակատումի դիմել, պաշտպանելու համար մեր իրաւունքները:

About Post Author

admin

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles