ՀԱՅ ԵՐԻ­ՏԱ­ՍԱՐԴ­ՆԵ­ՐՈՒ ԱՅ­ՑԵ­ԼՈՒ­ԹԻՒՆԸ` ԱՐԵՒՄ­ՏԱ­ՀԱ­ՅԱՍ­ՏԱՆ

0 0
Read Time:1 Minute, 24 Second

P11 BIS  Հ.Յ.Դ. Երի­տա­սար­դա­կան գրա­սեն­եա­կի ու “Արեւմ­տա­հա­յաս­տա­նի եւ Արեւմ­տա­հա­յու­թեան հար­ցե­րու ու­սում­նա­սի­րու­թեան կեդ­րոն“-ի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կերպ­ուած այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին, Հա­յաս­տա­նէն, Ար­ցա­խէն, Լի­բա­նա­նէն, Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րէն եւ Ար­ժան­թի­նէն 21 երի­տա­սարդ­ներ ուխ­տագ­նա­ցու­թեան մեկ­նե­ցան Արեւմտ­եան Հա­յաս­տան: Անոնք գտնուե­ցան Տեր­սիմ, Էրզ­րում, Համ­շէն եւ այլ բնա­կա­վայ­րե­րու մէջ:

“Պէտք է հասկ­նալ, որ Արեւմտ­եան Հա­յաս­տան այ­ցե­լու­թիւնը բնու­թիւնը, եկե­ղե­ցի­նե­րը տես­նե­լը չէ, այլ մտեր­մա­նա­լը Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն ետք հայ­կա­կան այդ հո­ղե­րուն մէջ այ­սօր ապ­րող հա­յե­րուն հետ, որոնք կրցած են գո­յա­տե­ւել այդ պայ­ման­նե­րուն մէջ“, նշեց Երի­տա­սար­դա­կան գրա­սեն­եա­կի պա­տաս­խա­նա­տու Սար­գիս Մկրտչեան: Ուխ­տագ­նա­ցու­թե­նէն տպա­ւոր­ուած են նա­եւ երի­տա­սարդ­նե­րը: Ըստ անոնց, պատ­մա­կան Հա­յաս­տա­նի մա­սին գիր­քե­րուն մէջ կար­դա­ցած եւ ծնող­նե­րէն լսած պատ­մու­թիւն­նե­րը էա­կա­նօ­րէն տար­բեր են իրա­կա­նու­թե­նէն: Սար­գիս Մկրտչեան նշեց, որ այս ծրա­գի­րը մէկ բա­ռով կա­րե­լի է կո­չել հայ­րե­նա­ճա­նա­չո­ղա­կան:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles