ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ ՀՐԱՊԱՐԱԿԵՑ ԱՆԲԱՂՁԱԼԻ ԱՆՁՆԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՑԱՆԿ ՄԸ

0 0
Read Time:1 Minute, 48 Second

p2  ggg

ՊԱՔՈՒ.- Վերջերս Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց ցուցակը Լեռնային Ղարաբաղ այցելած այն անձերուն, որոնք Ազրպէյճանի կողմէ յայտարարուած են “անցանկալի անձեր“: Ցանկը բաղկացած է 35 էջերէ եւ անոր մէջ ներառուած են 335 անձեր:

“Սեւ ցուցակ“-ին վրայ կան տարբեր ազգերու ներկայացուցիչներ, գործիչներ` Հայաստանի դրացի երկիրներէն մինչեւ աշխարհի ամէնէն հեռու անկիւնները, ինչպէս նաեւ սփիւռքահայեր` երկու տասնեակէ աւելի:

“Սեւ ցուցակ“-ին վրայ ամէնէն շատը ռուսեր կան, իտալացիներ, աւստրալիացիներ, վրացիներ, ֆրանսացիներ, ուքրանացիներ, ներառեալ` Ռուսիոյ պետական տումայի, Իրանի, Սլովաքիոյ, Ուրուկուէյի, Ֆրանսայի եւ այլ երկիրներու երեսփոխաններ, քաղաքագէտներ, Եւրոպական խորհրդարանի անդամներ, արուեստի գործիչներ եւ բոլոր անոնք, որոնք պաշտօնեայ են եւ Լեռնային Ղարաբաղ այցելելով յառաջացուցած են Ատրպէյճանի զայրոյթը:

Միայն 2012 թուականին Արցախ այցելած են 15,599 զբօսաշրջիկներ` աշխարհի 86 երկիրներէ: Ազրպէյճան դիւրութեամբ կրնար նաեւ զանոնք ներառել այդ ցուցակին վրայ, եթէ անուն առ անուն հրապարակուէր այդ ցանկը:

Ատրպէյճան այլեւս չեն կրնար մուտք գործել օփերայի աշխարհահռչակ երգչուհի Մոնսեռա Քապայէ եւ Հարաւային Կովկասի մէջ Եւրոպական Միութեան նախկին յատուկ ներկայացուցիչ Փիթըր Սեմնեպի, ամերիկացի տիեզերագնաց Չարլզ Տիուքն եւ 80-ականներու իտալացի ժողովրդային աստղ Ալ Պանոն: Անցանկալի անձերու այս ցուցակին մէջ մեծ տեղ կը գրաւեն նաեւ լրագրողները եւ փորձագէտները:

Ատրպէյճան մուտք գործելու իրաւունքներէն զրկուեցաւ նաեւ լոնտոնեան “Թայմզ“ թերթի թղթակից Թոնի Հալփին: Դայլայլիչի (Թուիթըր( իր էջին վրայ բրիտանացի լրագրողը գրած է. “Անցեալ տարի “Եւրատեսիլ“-ի շնորհիւ ես Պաքու այցելեցի: Հիասքանչ քաղաք, բարեհամբոյր մարդիկ եւ սարսափելի վարչակազմ“:

Ցուցակին վրայ կը գտնուի ամէնէն ազատական ձայնասփիւռի կայանի համարումը ունեցող “Եխօ Մոսկուի“-ի գրեթէ ամբողջ ղեկավարութիւնը, ներառեալ` գլխաւոր խմբագիրի երկու տեղակալները` Սերկէյ Պունթման ու Վլատիմիր Վարֆոլոմէեւ: Այսուհետեւ Ազրպէյճան մուտք գործելու իրաւունք պիտի չունենայ նաեւ Ռազմավարական եւ միջազգային հետազօտութիւններու ուաշինկթընեան կեդրոնի փորձագէտ Սերկէյ Մարքետոնով: Վերլուծաբանը Դիմատետրի (Ֆէյսպուք(ի իր էջին վրայ գրած է. “Ես միշտ ըսած եմ, որ Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրի զինուորական լուծումը Ազրպէյճանին ձեռնտու չէ: Նշած եմ նաեւ, որ կարելի չէ ստեղծել այն իրավիճակը, երբ Լեռնային Ղարաբաղը խորհրդային տարիներու օրինակով իբրեւ ինքնավար մարզ վերադառնայ Ազրպէյճանի կազմ: Այն մասին, որ նոյն գետը երկու անգամ չեն մտներ, ես յայտարարած եմ նաեւ Պաքուի մէջ: Փաստօրէն, այլեւս Ատրպէյճանի մէջ այսպիսի յայտարարութիւն կատարելու կարելիութիւն պիտի չունենամ: Եւ ի՞նչ: Ղարաբաղեան տագնապը մէկ անգամէն կը լուծուի՞ այն տարբերակով, որ ձեռնտու է ազրպէյճանական իշխանութիւններուն“:

Պաքուի քաղաքագիտական շրջանակը համոզուած է, որ այս որոշումը տալու ընթացքին Ազրպէյճանի իշխանութիւնները Արցախ կատարած այցելութիւններու փաստը զուտ իբրեւ պատրուակ օգտագործած են:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles