35 էջերէ բաղկացած գրքոյկ մը լոյս տեսած է…հուրի եւ կրակի երկրին` Ատրպէյճանի հրատարակչատուներէն մէկուն մէջ: Սակ` ձրի:
Հաւանաբար ընթերցողը կրնայ ենթադրել կամ կռահել, թէ նկարազարդ ու գունագեղ զբօսաշրջական բնոյթ ունեցող բարձր մակարդակի գրութիւն մըն է:
…Սխալ ենթադրութիւն կամ եզրակացութիւն:
Այդ գրքոյկը, պարզումեկին “Ով, ո՞վ է“ (“Who`s who?“) մըն է..այդ ալ յատուկ “Ով“եր, որոնք կը նկատուին անբաղձալի անձնաւորութիւններ` “Փերսոնա Նոնկրաթա“ներ: Չկայ շօշափելի նիւթ, այլ չոր ու ցամաք տեղեկութիւններ եւ քննադատական աւելորդաբանութիւններ:
Յանցա՞նք:
Անոնք ո՛չ աւազակներ են, ո՛չ ալ ոճրագործներ: Ընդհակառակը, այդ
ժխտական բնագաւառէն բոլորովին հեռու` արուեստագէտներ, լրագրողներ, գրագէտներ ու Աշխարհ մոլորակի բնակիչներ են, որոնք բախտը ունեցած են այցելելու Արցախ:
Հաւանաբար, շատ աւելի լայնածաւալ ու հաստափոր գրքոյկի մը վերածուէր այս գրքոյկը…Եթէ Պաքու` Արցախի պետութենէն ստանար տասնեակ հազարաւոր այցելող զբօսաշրջիկներու ցանկը: Այս պարագային բնականաբար այդ տասնեակ մը էջերը պիտի վերածուէին քանի մը հատորի եւ միայն իրենց կշիռքով յիշեցնէին Վիքթոր Հիւկոյի “Թշուառներ“ը: Իսկ բովանդակութեամբ իսկապէս թշուառ: Պարզապէս անուններու երկար շարք մը պիտի մրոտէին էջերը, քանի մը հռետորական քննադատութիւններով եւ անտեղի եպերանքներով:
Այսպէս Ատրպէյճան մուտքը արգիլուած է, աշխարհի չորս ծագերէն ժամանած անձնաւորութիւններու, Աւստրալիայէն մինչեւ Ուրուկուայ: Անշուշտ այս ցուցակին պարագլուխի դիրքին վրայ կը գտնուի դասական երաժշտութեան աշխարհի “գագաթ“ներէն` քաթալոնիացի (Սպանիա) Մոնսերա Քապայէն:
Հոս յիշատակելի է մատնանշելը, թէ ուշագրաւ է այն փաստը, որ լոյս ընծայուած ցուցակին վրայ ներառուած ոեւէ անձ ցայսօր ափսոսանք չէ յայտնած Արցախ այցելած ըլլալուն համար: Անոնք պարզապէս հեգնանք ու քմծիծաղ արտայայտած են Ալիեւի ղեկավարութեան այդ որոշումին նկատմամբ:
Նկատի ունենալով Պաքուի ղեկավարութեան ծայրայեղութիւններն ու “ծաւալողապաշտումներ“ը, դեռ կարելի է բախտաւոր նկատել այս սեւ ցուցակի վրայ գտնուող անբաղձալիները…Մանաւանդ երբ նկատի ունենանք քանի մը ամիս առաջ, ազերի ծայրայեղներ, որոնք մօտիկ են Ալիեւի ղեկավարութեան, որոշած էին Ատրպէյճանի որդեգրած քաղաքականութիւնը քննադատող եւ ի նպաստ հայութեան արտայայտուող տեղացի գրագէտ Աքրամ Այլիսլիի ականջը կտրողը, պարգեւատրել աւելի քան տաս հազար տոլարով…:
Դեռ աւելին, յիշենք Պուտափեշթի մէջ, հայ սպա`յ Գուրգէն Մարգարեանը կացնահարած ոճրագործ Ռամիլ Սաֆարովը , որ իբրեւ հերոս վերադարձաւ Պաքու:
Նմանօրինակ տիպարներ են, որոնք միայն կրնան “սեւ ցուցակ“ի մաս կազմել եւ որոնց համար, քաղաքակիրթ աշխարհէն ներս…“Մուտքը Արգիլուած“ է:
ՀԱՅՐԵՆԻՔ
Պոսթըն