Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութենէն Երկուշաբթի« Օգոստոս 31ին տրուած մամլոյ հաղորդագրութիւնը՝ Հայաստան-Թուրքիա դիւանագիտական յարաբերութեանց հաստատման եւ երկկողմանի յարաբերութեանց« բարի դրացնութեան զարգացման մասին« ոեւէ հայու իրաւունք կու տայ նախ՝ գոհունակութեան շունչ մը քաշելու« իսկ յետոյ՝ երկու ափերով… գլուխը ծեծելու:
Կարդալով զոյգ նախագիծերը« այսինքն՝ դիւանագիտական յարաբերութեանց հաստատման ու գործակցութեան զարգացման խոստումները« մարդս պահ մը կÿապրի այն գոհունակութիւնը« թէ երկու երկիրները կը գտնուին հարցերու լուծման ու բարեկամութեան էջը բանալու նախօրեակին: Այլ խօսքով« բացայայտ կը թուի« որ սահմաններու բացման ու կարելի բոլոր դաշտերուն մէջ օգտաշատ գործակցութեան մը սեմին ենք« հայութիւնն ու Թուրքիոյ պետութիւնը տասնամեակներէ ի վեր (ի¯նչ կþըսէք« աւելի քան մէկ դարերէ ի վեր) սուր կերպով իրարու հակադրող հարցերը դրուած են գաւաթ մը ջուրի մէջ ու վրան ալ քիչ մը շաքար աւելցնելով՝ ահա վաղը-միւս օր պիտի լուծուին:
Արդարեւ« ո՞վ չþուզեր« որ Հայաստան եւ Թուրքիա փակեն դարերու հակադրութեան ու թշնամանքի էջը« վերաբանան սահմանները« մարդիկ ազատօրէն երթեւեկեն« առեւտուրի« ուժանիւթի ու դեռ« ինչպիսի¯ մարզերու մէջ գործակցութեան դաշտեր բանան« զանոնք մշակեն ու պտուղներէն օգտուին երկու ժողովուրդները: Նման կարելիութիւն մերժողը կամ անոր ընդդիմացողը վերի յարկերէն բան մը կորսնցուցած պէտք է ըլլայ: Ահա այս բոլորին մասին կարդալով է որ հայը պէտք է ուրախ զգայ եւ երկա¯ր շունչ մը քաշէ:
Գլուխ ծեծելու բաժինը կը սկսի այն կէտէն« այս երթը գովերգող մը պիտի ըսէր՝ այն »մանրուքներէն«« որոնք կը կոչուին Ցեղասպանութիւն« մեր հողային ու ազգային իրաւունքերը« որոնք յայտնապէս վերը մեր ակնարկած »գաւաթ«էն առաջ« ուրիշ գաւաթի մը մէջ դրուած է ու… խեղդամահ ըլլալու ճամբուն մէջ դրուած:
Սեւով ճերմակի վրայ արձանագրուած հաղորդագրութեան՝ արդէն ծանօթ է իւրաքանչիւր հայ (գոնէ անոնք« որ օրը օրին ու ազգային եւ մարդկային իրաւունքներու նախանձախնդիր մօտեցումով կը հետեւին Հայաստան-Թուրքիա բանակցութիւններու վերաբերող լուրերուն): Արագ ու կրկնակի ընթերցում մը ցոյց պիտի տայ« որ բանակցողները՝ Հայաստան եւ Թուրքիա հիմնական հարցեր չունին« կարծէք թէ պատահական երկու դրացիներ են« ինչպէս՝ Միացեալ Նահանգներն ու Քանատան« որոնց միակ մտասեւեռումը ըլլար սահմաններէն ճամբաներու բացումն ու միասին գործելու առաջադրանքը: Արդեօք ոեւէ ընթերցող հաղորդագրութեան մէջ որեւէ ակնարկութեան հանդիպեցա՞ւ« անգա°մ անուղղակի ակնարկութեան մը« թէ՝ սա բանակցողները իրենց միջեւ ունին առկախ մնացող ՀՍԿԱՅԱԿԱՆ ՀԱՐՑ մը« որ կը խտանայ Ցեղասպանութիւն եւ հայութեան իրաւունքներ բառերուն մէջ: Իսկ եթէ անպայման պիտի տարուինք ինքնախաբէութեամբ« ըսելով« որ բանակցող ու միջնորդ համաձայնած են ենթայանձնախումբ մը կազմել ու անոր վստահիլ »պատմական հարթութեամբ« զբաղուելու եւ երկու ժողովուրդներուն միջեւ վստահութեան մթնոլորտի վերահաստատման պարտականութիւնը« սա կը նշանակէ« որ ընդունած ենք նահանջը շարունակել… երգով« փողով ու թմբուկով« ընդառաջած ենք պատմական հարցերը պատմաբաններուն թողելու Թուրքիոյ թակարդին:
Եկէք հարց տանք ի՞նչ պէտք է հասկնալ հաղորդագրութեան մէջ տեղ գտած հետեւեալ արտայայտութիւններէն. »Վերահաստատելով հաւասարութեան« ինքնիշխանութեան« այլ պետութիւնների ներքին գործերին չմիջամտելու« ՏԱՐԱԾՔԱՅԻՆ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ եւ ՍԱՀՄԱՆՆԵՐԻ ԱՆԽԱԽՏԵԼԻՈՒԹԵԱՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔՆԵՐԸ յարգելու իրենց երկկողմ ու բազմակողմ պարտաւորութիւնները…«« քիչ մը անդին՝ » Վերահաստատելով երկու երկրների միջեւ ԳՈՅՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԵՑՈՂ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՍԱՀՄԱՆԻ ՃԱՆԱՉՈՒՄԸ՝ սահմանուած միջազգային իրաւունքի համապատասխան պայմանագրով« (գլխագրումները՝ մեր կողմէ. Ս.Մ.)« եւ դեռ՝ »…Ուժի կիրառումից կամ դրա սպառնալիքից զերծ մնալու« վէճերի խաղաղ կարգաւորման« մարդու իրաւունքների եւ հիմնարար ազատութիւնների յարգման մթնոլորտ ստեղծելու կարեւորութիւնը«« ու հատ մըն ալ՝ »…ձեռնպահ մնալ բարիդրացիական յարաբերութիւնների ոգուն չհամապատասխանող քաղաքականութիւն վարելուց«: Արդեօք Երեւանի իշխանութիւնները ի սկզբանէ ընդունա՞ծ են ու ճերմակի վրայ սեւով կþարձանագրե՞ն« թէ Հայաստան Թուրքիայէն հողային պահանջ չունի« բռնի կերպով պարտադրուած սահմանագիծը կþընդունին իբրեւ վերջնական ու պաշտօնակա՞ն« պատրա՞ստ են ընդունելու Սեւրի դաշնագիրէն վերջնականապէս հրաժարելու Անգարայի վաղեմի պահանջ-պայմանը:
Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութեանց բնականոնացումը խափանող »Շան գլուխը« թաղուած է նոյնինքն Ցեղասպանութեան ու մեր հողերու բռնագրաւման պատմական իրողութեանց մէջ: Եթէ կան միամիտներ« որոնք կը հաւատան« թէ այս հարցերը յարաբերութեանց բարելաւման թղթածրարէն անջատելով« զայն կարելի է այլ հանգրուանի մը ուժականօրէն սեղանի վրայ դնել ու իրաւունքն հետապնդել…
Սահմաններու բացման« յարաբերութեանց բնականոնացման ու գործակցութեան զարգացման ուղիները չեն կրնար երկար ըլլալ« եթէ ԲՈՒՆ ՀԱՐՑԵՐԸ լուսանցքայնացուին« պատմական ճշմարտութիւնները երեք կողմերուն միջեւ գիտական կամ այլ գեղեցիկ տարազումներով քննութեան դրուին« փաստաթուղթեր պեղուին:
Պէտք չունինք սպասելու« թէ այս »համաձայնութիւնը« ինչպիսի մեկնաբանութիւններու պիտի արժանանայ միջազգային շրջանակներու մէջ. մարդիկ մինչեւ իսկ պիտի փութան ծափահարել նման համաձայնութիւն մը« ըսելով« որ հայերն ու թուրքերը ի վերջոյ գտած են լուծման բանալին« մինչդեռ իրականութիւնը ցոյց կու տայ« թէ հայկական կողմը նորագոյն ու ամէնէն վտանգաւոր պարտութիւնը կրած է:
Հետեւաբար« այսօ°ր« եւ ո°չ թէ բանակցութեանց եզրակացութիւնը կազմող նախագիծին Ազգային Ժողով ներկայացուելու հանգրուանին (ինչպէս նշուած է հաղորդագրութեան մէջ) պէտք է վերանայիլ բանակցութեանց պայմաններուն ու վերասահմանել մեկնակէտը: Թուրքիոյ պետութիւնը վերստի°ն անգամ պէտք է դէմ յանդիման կանգնեցնել իր ոճրային անցեալին ու անկէ բխող պարտաւորութիւններուն« ու տեսնել« թէ ան տրամադի՞ր է« ա°յդ կէտէն սկսեալ« հաւատարիմ մնալ բարի դրացնութեան ոգիին չհամապատասխանող քաղաքականութեան եւ հրաժարիլ սպառնալիքներէ« իր բարեկամ Ատրպէյճանն ալ ետ կանգնեցնէ Արցախին ուղղուած սպառնալիքներուն կրկնութենէն:
Բանակցութիւնները պէտք է վերսկսիլ ճիշդ ու արդար մեկնակէտէ« որպէսզի Թուրքիա ցոյց տայ իր իսկական դէմքը« ի°նք իսկ ետդարձ ընէ այս նախագիծէն« եւ որպէսզի Ազգային Ժողովը վաղը ստիպուած չըլլայ պատռելու մեր իրաւունքները դագաղող նախագիծ մը: Ժողովուրդն ու համայն հայութեան պահանջները մարմնաւորող Ազգ. Ժողով մը չի կրնար տարբեր ազդանշան տալ գործադիրին:
Ս.ՄԱՀՍԵՐԷՃԵԱՆ