ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ.- «ՄԵՐ ՀԻՄՆԱՐԿԸ ՆԱԽԱԽՆԱՄԱԿԱՆ ԴԵՐ ԿԸ ԿԱՏԱՐԷ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ԿԵԱՆՔԻՆ ՄԷՋ…» ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ԳԱԼՈՒՍՏ ԿԻՒԼՊԷՆԿԵԱՆ ՀԻՄՆԱՐԿԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱԺՆԻ ՎԱՐԻՉ ՏՆՕՐԷՆ ՓՐՈՖ. ԶԱՒԷՆ ԵԿԱՒԵԱՆ

0 0
Read Time:5 Minute, 30 Second

Yegavian Ծ.Խ.- Ստորեւ, յապաւումով լոյս կ’ընծայենք, հետաքրքրական հարցազրոյց մը, կատարուած «Մարմարա» (Պոլիս) օրաթերթին կողմէ,  Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնարկի հայկական բաժնի վարիչ տնօրէն փրոֆ. Զաւէն Եկաւեանի հետ, որ կարճատեւ այցելութեամբ մը, ժամանած էր Պոլիս:
 

Հ.- Պր. Եկաւեան, վերջին անգամուան ձեր այցելութեան ընթացքին արդէն որոշ վերապահութիւններ ունէիք համաշխարհային տնտեսական կացութեան մասին: Ամիսներ ետք ի՞նչ է ներկայ կացութիւնը:
 Պ.- Բովանդակ աշխարհը տակնուվրայ եղաւ տնտեսական վերջին ճգնաժամի պատճառաւ: Այս ճգնաժամէն բնականաբար ազդուեցաւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնարկը: Կրնամ ըսել որ այս տարի մեր հիմնարկութիւնը 380 միլիոն Եւրօ կորուստ ունեցաւ: Ասիկա փոքրիկ գումար մը չէ: Տնտեսական ճգնաժամը մեզ ստիպեց որ կրճատենք կրթաթոշակի կարգ մը դիմումները: Եօթանասուն ուսանողներ այս տարի զրկուեցան կրթաթոշակ ստանալէ, այս կերպով 280 հազար տոլար զեղչուած եղաւ կրթաթոշակներու յատկացումներէն:

Հ..- Բայց այս կէտը ինքնին արդէն հետաքրքրական է: Ներկայիս քանի՞ ուսանողներու կրթաթոշակ կը մատակարարէք:
 Պ.- 650 ուսանողներու կրթաթոշակ կը յանձնէինք, բայց այս թիւը այս անգամ զեղչուեցաւ 570ի: Պարտաւոր ենք խնայողութիւններ ընել մեր յատկացումներուն մէջ: Այս պատճառաւ, ջանացինք զեղչել նաեւ նպաստը այն ուսանողներուն որոնք գիտենք թէ ուրիշ հաստատութիւններէ ա,լ նպաստ կամ կրթաթոշակ կը ստանան: Մեր կրթաթոշակները որոնք նախապէս աւելի համեստ էին, հիմա բարձրացած են զանազան մակարդակներու: Ունինք մինչեւ 5000 տոլար նպաստ ստացող ուսանողներ:
 
Հ.- Կ°անդրադառնանք կրթաթոշակներու մասին: Կրթական հարցը ձեզի համար առաջին հարցերէն մէ՞կն է:
Պ.- Կրթական հիմնարկը մեզի համար գլխաւորն է եւ անշուշտ կարեւորութիւն կու տանք բոլոր երկիրներէ մեզի եկած դիմումներուն: Բայց երկու գլխաւորները Սուրիահայ եւ Պոլսահայ  գաղութներն են: Ասոր վրայ կրնանք աւելցնել նաեւ Լիբանանահայութիւնը: Նշենք թէ,շատ նախանձախնդիր պէտք է ըլլանք թեկնածուներուն դիմումները դիմաւորելու ընթացքին: Առաջին հերթին, պէտք է ամէնէն առաջ յատկացում ընենք անոնց, որոնք ամէնէն նեղ կացութեան մէջ են, այսինքն պէտք է ամէնէն առաջ օժանդակենք որբերուն եւ այրիներուն:

 Հ.- Այս հարցէն ներս, ապագան ի՞նչպէս կը վերլուծէք:

Պ.-  Շատ մտահոգ եմ: Մասնագէտներու կարծիքով, տնտեսական ճգնաժամը պիտի տեւէ, տակաւին 6-8 տարի: Ասիկա զգուշութեան ու խոհեմութեան կը հրաւիրէ ո՛չ թէ միայն մեզ, այլ նաեւ ամենուրեք մեր ազգային իշխանութիւններն ու գործիչները: Մեր ազգային հաստատութիւններու վարիչները, մեր դպրոցներու հոգաբարձութիւնները իրաւունք չունին նոր ու ծանր պարտքերու տակ դնելու մեր ժողովուրդը: Մեզմէ օրինակ մը տուած ըլլալու համար ըսեմ որ մեր հաստատութեան դրամագլուխը երեք միլիար Եուրոյի կը հասնի եւ այս մէկը կատակ չէ: Այնուհանդերձ պարտաւոր ենք շարժիլ ծայրայեղ զգուշութեամբ: Բարեբաղդաբար ունինք նախագահ մը որ մեզ շատ լաւ կը հասկնայ: Մեր նախագահը՝  Էմիլիօ Ռուի Վիլարն է, բազմակողմանի հմտութեան ու հասկացողութեան տէր անձ մը:

 Հ.- Ըսիք որ այս տարի կարեւոր վնասի ենթարկուեցաք: Ի՞նչպէս կը պատահի ասիկա: Հիմնարկը մնայուն ու անփոփոխ եկամուտներու տէր չէ՞:

 Պ.- Անշուշտ որ բոլորովին այդպէս չէ: Մեր հիմնարկը երեք տարբեր բնագաւառներէ եկամուտ կը ստանայ: Եկամուտին առաջին մէկ երրորդը մեզի կուգայ քարիւղէն եւ բնականն կազէն, որոնք մեզ փրկող ու հանգստացնող գլխաւոր ազդակներն են: Մեր եկամուտին երկրորդ մէկ երրորդը մեզի կուգայ պետական պարտաւորութիւններէն, որոնք եւս վտանգաւոր ու փոփոխական աղբիւրներ չեն: Փոփոխականը երրորդ մէկ երրորդն է, որ շահաբաժիններէն կը յառաջացուի:Այս հատուածին մէջ է որ հիմնարկութիւնը կորուստ ունեցաւ տնտեսական ճգնաժամի հետեւանքով:

Հ.- Գիտենք թէ Հիմնարկին համար միշտ կարեւոր եղած է կրթական գետնի վրայ օժանդակութիւնը, կրթաթոշակներ շնորհելու հարցը: Բայց որպէս մշակութասէր մարդիկ, մեզ շատ մօտէն կը շահագրգռէ նաեւ մշակութային գետնի վրայ ձեր Հիմնարկութեան գործունէութիւնը, որովհետեւ հինէն ի վեր գիտենք թէ ինչ ինչ մշակութային ձեռնարկներ ու հրատարակութիւններ կրցած են կեանքի կոչուիլ Հիմնարկի հսկայական յատկացումներով: Այս մասին ի՞նչ լուրեր ունիք մեզի տալու:

Պ.-   Կրնաք վստահ ըլլալ որ, որքան ատեն որ հիմնարկութեան մէջ ես կամ եւ որքան ատեն որ մեզի հետ է նաեւ մեր բաժնի տեսուչ Պր. Մարթին Եսայեանը, մշակութային մարզէ ներս մեր գործունէութիւնը կը շարունակուի: Պր. Մարթինը անձ մըն է որ գիտէ թէ մշակոյթը որքան կարեւոր է մեր ժողովուրդին համար:  Մենք միշտ կ՛ուզենք ըլլալ մեր մշակոյթին ողնայարը: Շատ գոհ եմ որ ան այս մարզէն ներս ճիշդ ինծի նման կը մտածէ:  Ուրեմն մշակութային մարզէ ներս պիտի շարունակենք մեր օգնութիւնը։ Զուտ մշակութային արժէք ունեցող ամէն ձեռնարկ մեր ուշադրութեան պիտի արժանանայ: Պիտի շարունակուի նաեւ գիտահետազօտական աշխատանքը մշակութային բազմատեսակ մարզերէ ներս: Սահմանափակած ենք միայն շինարարութիւնը, շէնքերու շինութեան կամ նորոգութեան համար պահանջուած ծախսերը: Հոս ալ անշուշտ բացառութիւն կրնան կազմել քանի մը շատ կարեւոր բարեսիրական հաստատութիւններ:
 
 Հ.- Վերադառնալով մշակութային մարզին, ի՞նչ է ձեր տպաւորութիւնը ազգագրական ու հայագիտական մարզերէ ներս ներկայիս պարզուած պատկերին մախջֆ:
 Պ.-  Ցաւալի է որ հայագէտներու թիւը տակաւին կը պակսի: Գրաբարագէտ չունինք: Գրաբար գիտցողներ կան, եւ թէ շատ, բայց գրաբարագէտ չունինք: Պէտք է զարգացնենք այս ճիւղը: Ընդհանրապէս այլեւս հրատարակած-վերջացուցած ենք հիներու բոլոր այն արժէքաւոր ու անտիպ մնացած գործերն ու ուսումնասիրութիւնները, որոնք երկար տարիներ մնացած էին անտիպ: Օրինակ, այլեւս Աճառեանէ մը անտիպ մնացած գործ չկայ, բոլոր ձեռագիրները տպեցինք: Միւս կողմէ սակայն ցաւալի է որ սկսած են պակսիլ գիտնական հայագէտները եւ համեմատական լեզու գիտցողները: Կը հաւատանք որ պէտք է ծանր աշխատանք տանինք որպէսզի այժմու մասնագէտները զարգացնենք ու գիտնականներ ստեղծենք, զանոնք պատրաստելով աշխարհի լաւագոյն ու նշանաւոր համալսարաններուն մէջ: Օր. Աստղիկ Չամքէրթէն կը զբաղի արտասահմանեան երկիրներու մէջ զարգացում տեսնող մասնագէտներու պատրաստութեամբ: Ներկայիս մօտաւորապէս քառասուն անձեր Հայաստանէն Եւրոպական երկիրներ ղրկուած են որպէսզի մասնագիտանան: Իւրաքանչիւր մարզէ ներս ո՞րն է լաւագոյն համալսարանը, հոն է որ ուսում կը տեսնեն: Կը ջանանք մարդ պատրաստել…կը նախընտրենք մարդ հասցնել ու զարգացնել:

 Հ.- Այս անձերը Եւրոպական երկիրներու մէջ մասնագիտանալէ վերջ կը վերադառնա՞ն Հայաստան:
Պ.-  Կը վերադառնան…Անպայման կը վերադառնան, որովհետեւ Եւրոպան ալ դիւրութեամբ վար չի դներ զանոնք, գործի պայմաններ չի ստեղծեր: Այսպիսի մտահոգութիւն չունինք: Բայց ունինք արտասահմանեան երկիրներու մէջ հայեցի դաստիարակութիւնը զարգացնելու մտահոգութիւնը: Այս տեսակէտով լաւ լուր մը կրնամ նկատել այն թէ Լոնտոնի Համալսարանի Արեւելեան եւ Ափրիկեան լեզուներու բաժնին մէջ տարուայ վերջաւորութեան, բացումը պիտի կատարենք հայեցի դաստիարակութեան ամպիոնի մը: Այս բաժնին պատասխանատուութիւնը ստանձնած է Լիբանահայ Գրիգոր Մոսկոֆեան, որ Լիբանանի Դպրեվանքը աւարտած անձ է եւ պատրաստուած է Երեւանի Պետական Համալսարանին մէջ եւ այս տարի աւարտած է իր մասնագիտութիւնը:  Պատմութեան ու քաղաքակրթութեան մարզերէ ներս, պատասխանատուութիւնը յանձնուած է Փրօֆ. Տոֆման Լազարիէֆի: Հայեցի դաստիարակութեան տեսակէտէ կարեւոր վկայագիր պիտի ըլլայ այս ամպիոնին տալիքը եւ մենք ալ յատկապէս պիտի քաջալերենք այն ուսանողները որոնք պիտի արձանագրուին այս ամպիոնին: Այս խնդրին մէջ մասնաւոր իր դերակատարութիւնը ունի Պր. Մարթին Եսայեանը որ մօտէն կը հետեւի այս ծրագրի կատարելագործման համար:

Հ.- Հայեցի դաստիարակութիւնը անպայմա՞ն շատ կարեւոր է որպէս բարձրագոյն ուսում:
Պ.-   Մեր պատրաստածը բարձրագոյն ուսումէն, համալսարանէն ոտք ստեղծուած  հանգրուանն է: Ընելիք շատ բան կայ: Ինչ մեղք որ հայկական գաղութներէ ներս դպրոցներուն կացութիւնը մտահոգիչ է, աշակերտներուն թիւը հետեւոսականութեամբ կը նուազի:

 Հ.- Կարճ այցելութիւնէ մը ետք, պիտի մենիք Հալէպ: Ի՞նչ ունիք փոխանցելիք:
Պ.- Հալէպը իմ ծննդավայրս է, իմ երկիրն է: Ան կը շարունակէ մնալ մեր սիրտը, մեր ոգին, մեր ամէն բանը: Արտասահմանի մէջ ամէնէն շատ արտադրող կեդրոնն է Հալէժո: Պէտք է պահպանենք ինչ որ այստեղ կայ որպէս սիրուած ու սիրելի բան: Հալէպը մարդու ուժի ու մտքի ուժի շտեմարան մըն է: Բայց դուք գիտէք որ Պոլիսն ալ նոյնքան սիրելի է ինծի համար: Մենք միշտ Պոլիսը նկատեցինք մեր ազգային ապրումներուն ամէնէն կարեւոր ու բախտորոշ մէկ կեդրոնը: Եւ դուք որքան ալ թերութիւններ, կաղացումներ կամ նահանջներ տեսնէք ձեր համայնքէն ներս, մենք գիտենք որ Պոլիսը այսօր ալ օրինակելի համայնք մըն է:

About Post Author

admin

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles