Հ․Յ․Դ․ Արեւելեան Ա․Մ․Ն․ -ի  Բանակումը «Քեմփ Հայաստան»-ի Մէջ

0 0
Read Time:47 Second

Հոկտեմբեր 11-13-ի շաբաթավերջին, աւելի քան յիսուն ընկերներու մասնակցութեամբ, «Քեմփ Հայաստան»-ի (Ֆրանքլինի – Մասաչուսէց) մէջ, տեղի ունեցաւ Հ․Յ․Դ․ Արեւելեան Ա․Մ․Ն․ -ի  բանակումը։

Դաստիարակչական բնոյթ ունեցող այս բանակումին, նաեւ տեղի ունեցաւ երդման արարողութիւն։ Հինգ երիտասարդներ միացան Հ․Յ․Դ․-ի շարքերուն, կնքահայրութեամբ Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի անդամ Կիրօ Մանոյեանի, որ հրաւիրուած էր այս բանակումին, ներկայացնելու համար կովկասեան բարձրաւանդակի շրջանէն ներս, ներկայ իրադարձութիւններու լոյսին տակ՝ Հ․Յ․Դաշնակցութեան կիրարկած քաղաքականութիւնը։

Ապա Ուաշինկթընի «Սեպուհ» կոմիտէութենէն Ցողիկ Հեքիմեան ներկայացուց ներկայ իրավիճակին հոգեբանական բնագաւառը, մանաւանդ երբ 2020-ի դաժան պարտութեան  շարունակեց Հ․Հ․ ներկայ ղեկավարութեան պարտուողական քաղաքականութիւնը։ Այս գծով, տեղի ունեցաւ երկար զրոյց եւ կարծիքներու փոխանակում։

Հ․Յ․Դ․ Երեւանի քաղաքային կոմիտէի ներկայացուցիչ Ժիրայր Պէօճէքեան խօսեցաւ Դաշնակցութեան ռազմական դերին մասին, արցախեան առաջին ու երկրորդ պատերազմներու ժամանակներուն եւ ներկայացուց կուսակցութեան կամաւորներու պատրաստութեան ռազմավարութիւնը։

Իսկ Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Հռիփսիմէ Յարութիւնեան ներկայացուց «Ո՞վ է դաշնակցականը» յաւելեալ մանրամասնութիւններ տեղեկացնելով Հրաչ Տասնապետեանի կոթողական գործէն։ Աւարտին կատարուեցան կարծիքներու փոխանակումներ եւ զրոյց։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles