Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման Մեծագոյն Պոսթընի յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, Չորեքշաբթի, Ապրիլ 24-ին, Ուաթըրթաունի Հայ Մշակութային եւ Կրթական Կեդրոնի մէջ, տեղի ունեցաւ յատուկ յայտագիր:
Առաջին հերթին Սուրբ Յակոբ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն եւ պատարագ: Ապա, խօսք առաւ Գրիգոր Վրդ. Մագսուտեան, որ ներկաներուն բացատրեց թէ հարիւրամեակի սեմին, շատ աւելի աշխատանք կայ իրագործելիք եւ հակաքարոզչական բնագաւառէն ներս ալ, աշխատանք կայ տանելիք: Ապա ներկաները, քայլարշաւեցին դէպի Հայ Մշակութային եւ Կրթական Կեդրոն, ուր տեղի ունեցաւ կոկիկ յայտագիր մը:
Յաջորդաբար անգլերէն եւ հայերէն լեզուով բացման խօսքը կատարեցին երիտասարդներ Ճորճ Պարմաքեան եւ Ցոլեր Աւետիսեան: Օրուան բանախօսն էր միջազգային յարաբերական հարցերու մասնագէտ, արեւելագէտ եւ 2009-էն ի վեր Մ.Ա.Կ.-ի մօտ Հ.Հ. արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Կարէն Նազարեան, որ երկու լեզուներով ներկայացուց Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հատուցման գծով զանազան հանգրուանները:
Դեսպան Կարէն Նազարեան շեշտեց թէ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան հետեւողական ձեւով աշխատանք կը տանին խեղադիւրելու համար Հայոց Ցեղասպանութեան համար կատարուած աշխատանքները: Ան նաեւ աւելցուց թէ, Հայոց Ցեղասպանութիւնը որպէս քսաներորդ դարու առաջին Ցեղասպանութիւնը այլեւս փաստերու կարիքը չունի: Նազարեան յայտնեց թէ որքան ալ Թուրքիան ուրանայ իր գործած ցեղասպանութիւնը, որքան ալ ան ժխտողական քաղաքականութիւնը ծաւալէ իր պետական լայն կարելիութիւններու օգտագործումով, Հայոց Ցեղասպանութիւնը պատմական անժխտելի իրողութիւն է: Իսկ դեռ ասոր կողքին, գոյութիւն ունին չբացուած թղթածրարներ կը գտնուին մանաւանդ թրքական եւ եւրոպական արխիւներուն մէջ, որոնք կը կարօտին ուսումնասիրութեան:
Գեղարուեստական յայտագրով, ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի “Զանգակներ“ մանկական երգչախումբը, որ ներկայացուց փունջ մը խմբերգներ: Ապա ցուցադրուեցաւ Վիգէն Չալտրանեանի “Ապրիլ“ ժապաւէնը: Օր մը, առաջ, Պոսթընի “Ժառանգութիւն“ այգիին շուրջ տեղի ունեցած էր հսկում, եւ հակառակ աննպաստ օդին հոծ բազմութիւն մը ներկայ եղած էր հաւաքին:
Միւս կողմէ, Փրովիտենսի մէջ տեղի ունեցան քանի մը ձեռնարկներ, որուն մասնակցեցան մեծ թիւով հայորդիներ: Առաջին հերթին, քաղաքապետարանի շէնքին վրայ ծածանեցաւ եռագոյն դրօշը, մասնակցութեամբ շրջանի գաղութի ներկայացուցիչներուն եւ Ծերակուտական Ֆրէնք Չիքոնէի: Օրուան խօսքը փոխանցեց տեղւոյն Ռոտ Այլընտի Հայ Դատի յանձնախումբի անդամ Ստիրն Էլմասեան:
Ան յայտնեց թէ քսաներորդ դարու առաջին Ցեղասպանութեան` շրջանի գաղութը կը հաստատէ, որ իբրեւ հայեր` իրենք կը շարունակեն ոգեկոչել մէկուկէս միլիոն անմեղ զոհերուն յիշատակը, ինչպէս նաեւ կը շարունակեն նպաստել Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ջանքերուն: Ան համոզում յայտնեց թէ Հայ Դատի գործունէութիւնը արդար է, եւ այդ Դատին ճանաչումին եւ դատապարտումին ընդմէջէն, զանազան աշխատանքներով, կը կանխարգիլուի յառաջիկային գործուելիք Ցեղասպանութիւնները եւ վերջապէս իրականացուցած կ՛ըլլայ արդարութիւնը: Էլմասեան շեշտեց թէ անպատիժ մնացած Ցեղասպանութիւն մը կը քաջալերէ այլ Ցեղասպանութիւններու կրկնութիւնը եւ մարդկութեան դէմ գործուող ոճիրներն ու բռնարարքները:
Հուսկ, ան կոչ ուղղեց Օսմանեան կայսրութեան ժառանգորդ թրքական պետութենէն պահանջել եւ ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ դատապարտել զայն, ինչպէս նաեւ կատարել ամբողջական հատուցում: