ԶԱ­ՐԵՀ Ա.-Ի ՅԻ­ՇԱ­ՏԱ­ԿԻՆ

0 0
Read Time:7 Minute, 14 Second

p15 e Ստո­րեւ, լոյս կ՛ըն­ծա­յենք Զա­րեհ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սի Վախ­ճան­ման 50-րդ Տա­րե­լի­ցին նուիր­ուած յի­շա­տա­կի երե­կո­յին, Ալեք­քօ Պե­զիք­եա­նի ար­տա­սան­ուած խօս­քը.-

 

57 տա­րի­ներ առաջ, Սեպ­տեմ­բեր 2-ին, պա­տա­նի տա­րի­քիս ժո­ղո­վուր­դի հա­զա­րա­ւոր զա­ւակ­նե­րուն շար­քին, ներ­կայ եղայ Զա­րեհ Ա. Վե­հա­փա­ռի գա­հա­կա­լու­թեան եւ օծ­ման արա­րո­ղու­թեան` վա­յե­լե­լով պատ­մա­կան օր մը` Մե­ծի Տանն Կի­լիկ­իոյ Սուրբ Աթո­ռին պատ­մու­թեան մէջ: Այդ թուա­կա­նէն ի վեր իմ ներ­կա­յու­թիւնս կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նէն ներս դար­ձաւ յա­ճա­խա­կի` հետզ­հե­տէ ամ­րապն­դե­լով հա­ւատքս ու կապ­ուա­ծու­թիւնս մեր եկե­ղեց­ւոյ ու այս Սուրբ Աթո­ռին նկատ­մամբ:

Սա պա­հուն յի­շո­ղու­թիւնս կ՛եր­թայ 53 տա­րի­ներ ետք, երբ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի մար­զա­կան խում­բը մար­զե­լու պար­տա­կա­նու­թեամբ, Պուրճ Հա­մու­տէն մար­զիկ­նե­րը կ՛ա­ռաջ­նոր­դէի դէ­պի Ան­թիլ­ի­ա­սի ծո­վափ, աւա­զին վրայ վա­զեց­նե­լով զա­նոնք, նարն­ջե­նի­նե­րու բոյ­րով լե­ցուն մթնո­լոր­տին մէջ: Օր մը, մեր մար­զան­քի պա­հուն յան­կարծ հան­դի­պե­ցանք Զա­րեհ Ա. Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին. Ան մեզ դի­մա­ւո­րեց իր ժպի­տով ու պար­զու­թեամբ եւ մե­զի հետ սկսաւ զրու­ցել, հար­ցում­ներ ուղ­ղել եւ հրա­ւի­րեց վանք, որ­պէս­զի զո­վա­նանք աղ­բիւ­րի ջու­րով: Մեր փոր­ձի օրե­րը գիտ­նա­լով` Վե­հա­փա­ռը այս “աւան­դու­թիւն“-ը պա­հեց` ամէն Չո­րեք­շաբ­թի եւ Ուր­բաթ օրե­րը երե­կոյ­եան, նոյն ծո­վա­փին, ուր ընդ­հան­րա­պէս ան կը ճե­մէր, մեզ դի­մա­ւո­րե­լով եւ մեզ քա­ջա­լե­րե­լով:

Այս առի­թը օգ­տա­գոր­ծե­լով, ինչ­պէս նա­եւ Վե­հա­փառ հօր մտեր­մու­թիւնը վա­յե­լած ըլ­լա­լով` սկսայ յա­ճախ այ­ցե­լել կա­թո­ղի­կո­սա­րան: Ես Վե­հա­փա­ռը ճանչ­ցայ իբ­րեւ “Մարդ“, իբ­րեւ հո­գե­ւոր հայր, իր պար­զու­թեամբ ու հա­մես­տու­թեամբ, զինք ճանչ­ցայ իր բա­րու­թեան ու մա­նա­ւանդ նե­րո­ղամ­տու­թեան նշա­նա­բա­նով:

Երբ մե­զի` պա­տա­նի­նե­րուս կը հան­դի­պէր, յա­ճախ կը խրա­տէր` ըսե­լով. “Դուք, տղա՛ք, մեր ապա­գայ սե­րունդն էք, գի­տա­կից եղէք, կեան­քը պայ­քար մըն է եւ մար­տահ­րա­ւէր. պէտք է գիտ­նաք դի­մագ­րա­ւել ամէն տե­սա­կի խո­չըն­դոտ­ներ ու մար­զա­կան ոգի­ով պայ­քա­րիլ` մի­աց­նե­լով “միտ­քը սրտին“, որ­պէս­զի եր­ջա­նիկ ըլ­լաք ու եր­ջան­կու­թիւն փո­խան­ցէք ձեր շուր­ջին­նե­րուն, օգ­տա­կար ըլ­լաք դժուա­րու­թեան մէջ գտնուող­նե­րուն: Որ­քան բարձ­րա­նաք, այն­քան բարձ­րա­ցու­ցէք ձեր շրջա­պա­տը` ծա­ռա­յե­լով բո­լո­րին“: Յա­ճախ կը լսէի իր պատ­գամ­նե­րը, որոնք մին­չեւ այ­սօր կը հնչեն իմ ականջ­նե­րուս մէջ. վե­հա­փա­ռը կ՛ը­սէր` “հա­ւատ­քի ճամ­բով է, որ կրնաք ձեր կեան­քը բա­րե­փո­խել. գիտ­ցէք նե­րել, սի­րել ու ծա­ռա­յել միշտ հա­մես­տօ­րէն ու պար­զօ­րէն: Ճշմար­տու­թիւնը պաշտ­պա­նո­ղը պի­տի քննա­դատ­ուի ու հա­լած­ուի. Քրիս­տոս նոյ­նիսկ խաչ բարձ­րա­ցաւ“:

Այ­սօր Հռո­մի Փրան­կիս­կոս քա­հա­նա­յա­պե­տին պար­զու­թեան մա­սին կը խօս­ուի: Մենք 57 տա­րի­ներ առաջ ու­նե­ցած ենք նոյն ար­ժա­նիք­նե­րով օժտ­ուած Վե­հա­փառ հայ­րա­պետ մը: Ան­ձեր կու գան ու կ՛եր­թան, բայց հա­ւատ­քը, յոյ­սը ու սէ­րը Կի­լիկ­եան Ս. Աթո­ռին նկատ­մամբ, որ եղաւ մնա­յուն պատ­գա­մը Զա­րեհ Վե­հա­փա­ռին, հարկ է որ մնա­յուն ներ­կա­յու­թիւն դառ­նայ մեր կեան­քին մէջ, ինչ­պէս մկրտու­թեան դրոշ­մը` մեր ճակ­տին:

1963-ի Փետր­ուա­րին, Եր­կու­շաբ­թի օր մը, յան­կար­ծա­կի շանթ մը ու որո­տում մը ցնցե­ցին մեր հա­ւա­տաց­եալ ժո­ղո­վուր­դը: Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շրջա­նա­յին վար­չու­թեան ատե­նա­պետ Յ. Շա­հին­եան զիս կան­չեց առա­ւօ­տուն` խնդրե­լով, որ այ­ցե­լենք վե­հա­փառ հայ­րա­պե­տին: Հա­սանք հիւան­դա­նոց. հա­զիւ մօ­տե­ցած էինք վե­հա­փա­ռի սեն­եա­կին, մեր դէմ ելաւ բժիշկ մը դրան սե­մին, եւ ըսաւ “կեան­քը ձե­զի“: Այդ պատ­կերն ու պա­հը մին­չեւ օրս իմ աչ­քե­րէս չեն հե­ռա­նար եր­բեք. փաթթ­ուե­լով ատե­նա­պե­տին` ըսի. “նա­հա­տակ­ուե­ցաւ մեր սի­րե­լի Զա­րեհ Վե­հա­փա­ռը“:

Որոշ­ուե­լէ ետք յու­ղար­կա­ւո­րու­թեան օրը, փու­թա­ցի հօրս գոր­ծա­տե­ղին, որ ար­դէն սու­գի պատ­ճա­ռով գոց էր: Հայրս եւ եր­կու պաշ­տօն­եայ ան­մի­ջա­պէս լծուե­ցան 100 հատ սեւ դրօ­շակ­ներ պատ­րաս­տե­լու` կեդ­րո­նը ճեր­մակ խա­չով: Դա­սա­ւո­րե­ցինք թրամ­ուա­յի ըն­կե­րու­թեան կառ­քը, ու Ժըմ­մէյզի­էն մին­չեւ Հա­ճը­նի եր­կա­թէ կա­մուր­ջը դրօ­շակ­ներ զե­տե­ղե­ցինք եր­կու գի­ծե­րը մի­աց­նե­լով թե­լին: Աւե­լորդ կը գտնեմ սա պա­հուն խօ­սիլ յու­ղար­կա­ւո­րու­թեան մա­սին. ձեզ­մէ ոմանք ակա­նա­տես եղած են, ու­րիշ­ներ տե­սե­րի­զը դի­տած են. իսկ նոր սե­րուն­դը “Ազ­դակ“-ի 50 տա­րի առաջ­ուան լու­րե­րը կար­դա­լով` կրնայ պատ­կե­րաց­նել մեր ժո­ղո­վուր­դին խոր ցա­ւը: Նոյ­նիսկ եր­կին­քը լա­ցաւ վե­հա­փա­ռին յու­ղար­կա­ւո­րու­թեան…

25 տա­րի­ներ առաջ, երբ այ­սօր­ուան մեր Ս. Աթո­ռին գա­հա­կալ վե­հա­փա­ռը, այդ օրե­րուն` Լի­բա­նա­նի հա­յոց առաջ­նորդ, կ՛ը­սէր, թէ մեր Ս. Աթո­ռը փո­թո­րիկ­նե­րէ ան­ցաւ, բայց մնաց կան­գուն ու զօ­րեղ: Ճի՛շդ է: Փո­թո­րիկ­նե­րը չպակ­սե­ցան մեր Ս. Աթո­ռին շուրջ: Բայց մեր հա­ւատ­քով ու կամ­քով պի­տի շա­րու­նա­կենք դի­մագ­րա­ւել ամէն տե­սակ փո­թո­րիկ­ներ, քա­նի մենք գի­տա­կից ու հա­ւա­տա­րիմ ենք “Զա­րեհ­եան առա­քե­լու­թեան“: Պի­տի շա­րու­նա­կենք մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը դի­մագ­րա­ւել որա­կա­ւոր եկե­ղե­ցա­կան­ներ պատ­րաս­տե­լով, այս դա­րա­ւոր Աթո­ռին ծա­ռա­յու­թիւնը ծա­ւա­լե­լով ու զայն հարս­տաց­նե­լով նո­րա­նոր իրա­գոր­ծում­նե­րով: Պա­տի՜ւ այս Ս. Աթո­ռին, մա­նա­ւանդ` այ­սօր­ուան իր պան­ծա­լի գա­հա­կա­լին, Արամ Ա. վե­հա­փառ հայ­րա­պե­տին, որ գիտ­ցաւ իր մէջ ամ­փո­փել իր նա­խորդ երեք գա­հա­կալ­նե­րուն` Զա­րեհ Ա., Խո­րէն Ա. եւ Գա­րե­գին Բ. կա­թո­ղի­կոս­նե­րուն յատ­կու­թիւն­նե­րը եւ իր ազ­գա­յին, եկե­ղե­ցա­կան, քա­ղա­քա­կան, մի­ջազ­գա­յին, ըն­կե­րա­յին, շի­նա­րա­րա­կան ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րով վառ պա­հել կի­լիկ­եան դա­րա­ւոր Ս. Աթո­ռին ջա­հը: Արեւ­շա­տու­թիւն` վե­հա­փառ հայ­րա­պե­տին. թող իր շու­քը ան­պա­կաս ըլ­լայ մեր ժո­ղո­վուր­դին վրա­յէն:

Յար­գա՜նք, նա­հա­տակ Զա­րեհ Ա. վե­հա­փառ հայ­րա­պե­տին ու իր ան­մո­ռաց յի­շա­տա­կին:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles