ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ ՁԵՌՆԱՐԿ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԼԻԶՊՈՆԻ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ԽԱՆԱՍՈՐԻ ԱՐՇԱՒԱՆՔԻ ՀԵՐՈՍՆԵՐՈՒՆ

0 0
Read Time:2 Minute, 49 Second

 

Յու­լիս 24ին, Նիւ Եոր­քի մէջ Հ.Յ.Դ. Ար­մէն Գա­րօ Կո­մի­տէի կազ­մա­կեր­պու­թեամբ  տե­ղի ու­նե­ցաւ ձեռ­նարկ մը, նուիր­ուած Խա­նա­սո­րի Ար­շա­ւան­քին եւ Լիզ­պոնի նա­հա­տակ­նե­րու յի­շա­տա­կին: 

Ձեռ­նար­կին բա­ցու­մը կա­տա­րեց ընկհ. Սօ­սի Էսա­ճան­եան որ­մէ ետք »Ար­մէն Գա­րօ« Կո­մի­տէ­ու­թեան խօս­քը փո­խան­ցեց‘ ընկհ. Մարի Եա­րալ­եան: Ան նշեց թէ Խա­նա­սո­րի Ար­շա­ւան­քի եւ Լիզ­պոնի նա­հա­տակ­նե­րու ոգի­ով է որ մենք այ­սօր կը շա­րու­նա­կենք Հայ Դա­տի աշ­խա­տան­քը:

Օր­ուան բա­նա­խօ­սը՝ ըն­կեր Ժի­րայր Պէ­օ­ճէք­եան բաղ­դա­տե­լով եր­կու դէպ­քե­րը կեդ­րո­նա­ցաւ անոնց պատ­մա­կան եղե­լու­թիւն­նե­րուն վրայ: Պէ­օ­ճէք­եան նշեց թէ եր­կու դէպ­քե­րը լաւ ձե­ւով կազ­մա­կերպ­ուած էին, իրա­գործ­ուած, մարզ­ուած ան­ձե­րու կող­մէ: Անդ­րա­դառ­նա­լով Լիզ­պո­նի գոր­ծո­ղու­թեան, Պէ­օ­ճէք­եան ըսաւ թէ Լիզ­պո­նի մէջ թրքա­կան դես­պա­նա­տան գրա­ւու­մը պար­զա­պէս Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման նպա­տա­կով չէր, այլ ան  հաս­տա­տում մըն էր մարդ­կա­յին իրա­ւունք­նե­րու այլ մարդ­կանց մի­ջեւ հա­ւա­սա­րա­պէս գո­յա­տե­ւե­լու կէ­տին: Այս նիւ­թը կա­րե­ւոր տեղ գրա­ւած է նա­եւ Ար­ցախ­եան պա­հան­ջա­տի­րու­թեան տա­րի­նե­րուն եւ ան պէտք է շա­րու­նա­կէ կա­րե­ւոր նկատ­ուիլ, մա­նա­ւանդ որ Ատր­պէյ­ճան կը շա­րու­նա­կէ սպառ­նալ հա­յե­րուն, ըսաւ Պէ­օ­ճէք­եան: 

Խօսք առաւ նա­եւ Նիւ Եոր­քի Հայ Դա­տի գրա­սեն­եա­կի ատե­նա­պետ՝ Ռաֆ­ֆի Մահ­սե­րէճ­եան, որ կոչ ուղ­ղեց երի­տա­սար­դու­թեան, շա­րու­նակ հե­տե­ւե­լու ան­ցու­դար­ձե­րուն: Գե­ղար­ուես­տա­կան յայ­տագ­րէն ետք, խօսք առաւ Ա.Մ.Ն. Արե­ւել­եան շրջա­նի փոխ Առաջ­նորդ Հայր Անու­շա­ւան Դանի­էլ­եան, որ մէջ­բե­րե­լով Հա­յոց Պատ­մու­թե­նէն կա­րե­ւոր դէպ­քեր, անդ­րա­դար­ձաւ Խա­նա­սո­րի Ար­շա­ւան­քի եւ Լիզ­պո­նի նա­հա­տակ­նե­րու կա­րե­ւո­րու­թեան: 

Ձեռ­նար­կը փակ­ուե­ցաւ »Յա­ռաջ Նա­հա­տակ« քայ­լեր­գով:  

Յու­լիս 26ին, Սուրբ Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ Հայ Եկե­ղեց­ւոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ հո­գե­հանգս­տեան արա­րո­ղու­թիւն Լիզ­պո­նի եւ Խա­նա­սո­րի Ար­շա­ւան­քի նա­հա­տակ­նե­րու յի­շա­տա­կին: Արա­րո­ղու­թե­նէն ետք Հ.Յ.Դ. ան­դամ­ներ, Հայր Ա. Դանի­էլ­եան եւ այլ ներ­կա­ներ ուղ­ղ­ուե­ցան դէ­պի Հէ­քըն­սաք (Նիւ Ճըր­զի) իրենց յար­գան­քի տուր­քը մա­տու­ցե­լու հե­րոս՝ Ար­շա­ւիր Շի­րակ­եա­նին:

About Post Author

admin

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles