Հ.Հ. ՆԱԽԱԳԱՀԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ Հ.Յ.Դ.-Ի ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԱԾ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆ ՕՐԱԿԱՐԳԸ

0 0
Read Time:15 Minute, 2 Second

p2-3 ԵՐԵ­ՒԱՆ.- Վեր­ջերս, “Էրե­բու­նի Փլա­զա“ պան­դո­կին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Հ.Յ.Դ.-ի “Մի­աս­նա­կան օրա­կարգ` նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րուն հա­մար“ խո­րագ­րով խորհր­դա­ժո­ղո­վը, որուն ըն­թաց­քին ներ­կա­յաց­ուե­ցաւ Հ.ՅԴ.-.ի կող­մէ առա­ջարկ­ուած` եօթ ծրագ­րա­յին կէ­տե­րէ բաղ­կա­ցած քա­ղա­քա­կան փլաթ­ֆոր­մը:

Խորհր­դա­ժո­ղո­վին մաս­նակ­ցե­ցան խորհր­դա­րա­նա­կան, ինչ­պէս նա­եւ ար­տա­խորհր­դա­րա­նա­կան քա­ղա­քա­կան ու­ժեր: Բա­ցի անոնց­մէ, ներ­կայ էին հա­սա­րա­կա­կան մար­զի բազ­մա­թիւ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ: Ներ­կայ էին Տիգ­րան Ու­րի­խան­եան (Բար­գա­ւաճ Հա­յաս­տան կու­սակ­ցու­թիւն), Վա­հէ Էնֆ­ի­աճ­եա­նը (Բար­գա­ւաճ Հա­յաս­տան կու­սակ­ցու­թիւն), Ար­մէն Մար­տի­րոս­եան (Ժա­ռան­գու­թիւն), Րաֆ­ֆի Յով­հան­նիս­եան (Ժա­ռան­գու­թիւն), Ռու­բէն Յա­կոբ­եան (Ժա­ռան­գու­թիւն), Ազ­գա­յին ինք­նո­րո­շում մի­ա­ւոր­ման նա­խա­գահ Պա­րոյր Հայ­րիկ­եան, Հայ ազ­գա­յին քոնկ­րէ­սի ան­դամ, Հ.Հ.Շ.-ի վար­չու­թեան նա­խա­գահ Արամ Մա­նուկ­եան եւ այլ ներկա­յա­ցու­ցիչ­ներ:

Հ.Յ.Դ. Հա­յաս­տա­նի Գե­րա­գոյն մար­մի­նի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ար­մէն Ռուս­տամ­եան յայ­տա­րա­րեց, որ այն կար­գա­խօ­սը, որ այ­սօր հրա­ւիր­ուած խորհր­դա­ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին Հ.Յ.Դ.-ն հրա­պա­րա­կեց` Մի­աս­նա­կանօրա­կար­գով` դէ­պինա­խա­գա­հա­կանընտ­րու­թիւն­ներ, լի­ո­վին հա­մա­հունչ է այն իրա­վի­ճա­կին, որ այ­սօր գո­յու­թիւն ու­նի եւ այն պա­հան­ջին, որ այ­սօր կը ձե­ւա­ւոր­ուի հա­սա­րա­կու­թեան մէջ: Ըստ անոր, ընտ­րու­թիւն­նե­րը սո­վո­րա­բար ըն­դու­նակ են որո­շա­կի փո­փո­խու­թիւն­նե­րու ակն­կա­լիք յա­ռա­ջաց­նե­լու, բայց այս մէ­կը, այդ ակն­կա­լիք­նե­րուն մեկ­նար­կա­յին նուա­զա­գոյ­նի տե­սա­կէ­տէն ան­նա­խա­դէպ է:

Պատ­ճա­ռըյստակէ` ընտ­րու­թե­նէընտ­րու­թիւնմար­դոցվստա­հու­թիւնըանոնցնկատ­մամբհա­սածէնուա­զա­գոյնաս­տի­ճա­նի: Այսան­բա­րեն­պաստմթնո­լոր­տըփո­խե­լուեւընտ­րու­թիւն­նե­րըօգ­տա­կարհո­լո­վոյ­թիվե­րա­ծե­լուուղղ­ուածէ: Մի­աս­նա­կանօրա­կար­գով` դէ­պինա­խա­գա­հա­կանընտ­րու­թիւն­ներ կար­գա­խօ­սով հա­սա­րա­կու­թիւնը հա­մախմ­բե­լու մեր նա­խա­ձեռ­նու­թիւնը: Այս­պի­սի իրա­կան կա­րե­լիու­թիւն մենք կը տես­նենք: Բայց որե­ւէ քա­ղա­քա­կան ուժ չի տի­րա­պե­տեր հա­սա­րա­կա­կան այն­պի­սի վստա­հու­թեան, որ կա­րե­նայ ինք­նու­րոյն հաս­նիլ յա­ջո­ղու­թեան: Ատի­կա կար­ծես բո­լորն ալ կ՛ըն­դու­նին: Եւ ընտ­րու­թիւն­նե­րու մի­ջո­ցով իշ­խա­նա­փո­խու­թեան հաս­նե­լու մի­ակ ճամ­բան ընդ­դի­մա­դիր զանգ­ուա­ծի լի­ար­ժէք մի­ա­ւո­րումն է ընդ­հա­նուր նպա­տա­կի եւ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու շուրջ:… Հեր­թա­կա­նու­թիւնը փո­խե­լը փա­կու­ղի է: Որով­հե­տեւ այս­պէս առն­ուազն կ՛ու­նե­նանք հա­մա­ձայ­նեց­ուած օրա­կարգ, որ ինք­նին չա­փա­զանց դրա­կան ազ­դակ է` ուղղ­ուած հա­սա­րա­կու­թեան, եւ կրնայ միշտ հա­սա­րա­կու­թեան հա­մախմբ­ման հա­մար լաւ հիմք ծա­ռա­յել: Այ­նու­հե­տեւ` ոե­ւէ մէ­կը ան­ձամբ այն­պի­սի հե­ղի­նա­կու­թիւն չի վա­յե­լեր, որ իր ան­ձը ինք­նին երաշ­խիք ըլ­լայ ժո­ղո­վուր­դին` այդ­քան անհ­րա­ժեշտ փո­փո­խու­թիւն­նե­րու հաս­նե­լու“, իր խօս­քը հիմ­նա­ւո­րեց Ար­մէն Ռուս­տամ­եան: Ան նշեց, որ այս­պի­սիհեր­թա­կա­նու­թիւնըկա­րե­լիու­թիւնկուտայսկիզ­բէնհար­ցըդուրսբե­րելան­ձե­րունմի­ջեւհա­մե­մա­տու­թիւնկա­տա­րե­լու` խիստառար­կա­յա­կանեւապա­կա­ռու­ցո­ղա­կանդաշ­տէն““, շեշ­տեց Ռուս­տամ­եան:

Հա­յաս­տա­նի ներ­քին եւ ար­տա­քին քա­ղա­քա­կան զար­գա­ցում­նե­րու վատ ըն­թաց­քը փո­խե­լու նպա­տա­կով դրուած է Հ.Յ.Դ. եօթ կէ­տե­րէ բաղ­կա­ցած օրա­կար­գը: Ատի­կա, ըստ Ար­մէն Ռուս­տամ­եա­նի, անհ­րա­ժեշտ եւ բա­ւա­րար քայ­լե­րու ամ­բող­ջու­թիւնն է, որուն մի­ջո­ցով կա­րե­լի է եր­կի­րը դուրս բե­րել այս խոր­քա­յին եւ բազ­մա­կող­մա­նի ընդգր­կում ու­նե­ցող ճգնա­ժա­մէն, ապա­հո­վել անոր անվ­տանգ եւ արա­գըն­թաց զար­գա­ցու­մը: Հ.Յ.Դ. Հա­յաս­տա­նի Գե­րա­գոյն Մար­մի­նի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չին հա­մո­զու­մով` առա­ւե­լա­գոյ­նը լայն հա­մա­ձայ­նու­թեան հաս­նե­լու դժուար, բայց իմաս­տա­լից ճամ­բան մէկն է` նախ եւ առաջ` հաս­նիլ այս մի­աս­նա­կան օրա­կար­գի ըն­դուն­ման եւ անոր կա­տա­րու­մը երաշ­խա­ւո­րող ճամ­բու քար­տէ­սի հա­մա­ձայ­նեց­ման: Յե­տոյ միայն ձեռք բե­րել հա­մա­ձայ­նու­թիւն մի­աս­նա­կան թեկ­նած­ուի վե­րա­բեր­եալ:

Նա­խա­պէս, Հ.Յ.Դ. Հա­յաս­տա­նի Գե­րա­գոյն մար­մի­նի փոխ­ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ար­սէն Համ­բար­ձում­եան բաց­ման խօս­քին ըն­թաց­քին ընդգ­ծեց, որ Հ.Յ.Դ.-ի ներ­կա­յա­ցու­ցած օրա­կար­գա­յին եօթ կէ­տե­րը կրնան մի­աս­նա­կան ճա­կա­տի ձե­ւա­ւոր­ման բեմ հան­դի­սա­նալ: Ան նա­եւ նշեց, որ այս խորհր­դակ­ցու­թիւն­նե­րուն իբ­րեւ ար­դիւնք է, որ իրենք վերջ­նա­կա­նա­պէս պի­տի յստա­կաց­նեն նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րուն իրենց մօ­տե­ցում­նե­րը եւ ձե­ւը: Քու­լի­սա­յինհա­մա­ձայ­նու­թիւն­նե­րումի­ջո­ցովկա­րե­լիչէար­դիւն­քիհաս­նիլ: Յստակճամ­բուքար­տէ­սովընտ­րու­թիւն­նե­րունմաս­նակ­ցե­լուհրա­մա­յա­կա­նինառ­ջեւկանգ­նածենք, նշեց Ար­սէն Համ­բար­ձում­եան:

Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի Հ.Յ.Դ. խմբակ­ցու­թեան պատ­գա­մա­ւոր Արծ­ուիկ Մի­նաս­եան, իր կար­գին ըսաւ թէ առանց մի­աս­նա­կան մօ­տե­ցում­նե­րու, մի­աս­նա­կան ըն­կալ­ման, դժուար է ակն­կա­լել լուրջ յա­ջո­ղու­թիւն յա­ռա­ջի­կայ նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րուն: Բո­լորսգի­տենքեւամէնընտ­րու­թե­նէնետքնո­րէնմա­տովցոյցկուտանքմերհա­սա­րա­կու­թեանաղ­քա­տու­թեանբարձրաս­տի­ճա­նը, մե­նաշ­նոր­հա­յինտնտե­սու­թեան, ըն­կե­րա­յին, տնտե­սա­կան, մշա­կու­թա­յինբազ­մաբ­նոյթիրա­ւունք­նե­րուզանգ­ուա­ծա­յինոտ­նա­հա­րում­նե­րը: Եւակն­կա­լել, որայսվի­ճա­կինմէջգտնուողքա­ղա­քա­ցին, չտես­նե­լովապա­գայ, պատ­րաստէընտ­րու­թիւն­նե­րումաս­նակ­ցիլեւընտ­րելիրնա­խընտ­րածու­ժը, իրնա­խընտ­րածթեկ­նա­ծուն, դժուարէ, եթէչ՛ը­սենքան­կա­րե­լի, ըսաւ ան եւ աւել­ցուց թէ Հ.Յ.Դ.-ի նպա­տա­կը ձե­ւը որա­կի վե­րա­ծե­լու մէջ է:

Խորհր­դա­ժո­ղո­վի ժա­մա­նակ Ժա­ռան­գու­թիւն կու­սակ­ցու­թեան նա­խա­գահ Րաֆ­ֆի Յով­հան­նիս­եան յայտ­նեց, որ տէ ժիւ­րէ սահ­մա­նադ­րա­կան, իրա­ւա­կան, քա­ղա­քաց­ի­ա­կան եւ ազ­գա­յին պե­տու­թիւն ու­նե­նա­լու ճամ­բուն վրայ Հ.Յ.Դ.-ի այս նա­խա­ձեռ­նու­թիւնը` քա­ղա­քաց­ի­ա­կան օրա­կարգ սահ­մա­նե­լու հրա­մա­յա­կա­նի հրա­պա­րա­կու­մը բե­կում­նա­յին է եւ խոստմ­նա­լից: Յով­հան­նիս­եան այս եօթ կէ­տե­րը ամ­բող­ջու­թեամբ կ՛ըն­դու­նի: Աւե­լի՛ն, ան նշեց, որ այդ կէ­տե­րը պէտք է ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին բաց­ուին, եւ նա­խա­գա­հու­թեան իւ­րա­քան­չիւր թեկ­նա­ծու, որ աւե­լի կա­րե­ւոր է‘ ապա­գայ խորհր­դա­րա­նա­կան հան­րա­պե­տու­թեան պա­րա­գա­յին, իւ­րա­քան­չիւր վար­չա­պետ նոյն­պէս, պէտք է առաջ­նորդ­ուին այդ եօթ կէ­տե­րով:

“Մաս­նա­ւո­րա­բար` հին­գե­րորդ կէ­տին մէջ պե­տու­թեան կազ­մա­կեր­պիչ, կար­գա­ւո­րող դե­րա­կա­տա­րու­մը պէտք է են­թադ­րէ պե­տու­թեան նոր որակ, որ կ՛ա­պա­հո­վէ շար­քա­յին հա­յաս­տանցիի ան­հա­տա­կա­նու­թիւնը, իրա­ւուն­քը եւ պե­տա­կա­նու­թեան պատ­կա­նե­լիու­թիւնը: Եւ ոչ ինչ­պէս հի­մա, պե­տու­թեան ան­ուան տակ ճզմուի շար­քա­յին հայ մար­դու ան­հա­տա­կա­նու­թիւնը“, նշեց Րաֆ­ֆի Յով­հան­նիս­եան:

Ան անդ­րա­դար­ձաւ նա­եւ շարք մը այլ կէ­տե­րու‘ նշե­լով, որ անոնք հրա­պա­րա­կա­յին, հա­մազ­գա­յին եւ հա­մա­մարդ­կա­յին մար­տահ­րա­ւէր­ներ են: Յով­հան­նիս­եան յոյս յայտ­նեց, որ մի­աս­նա­բար պէտք է կեան­քի կո­չեն այն, որ այս­քան տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին, ՀՅԴ-ի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ ու բո­լո­րիս մաս­նակ­ցու­թեամբ, կը ներ­կա­յաց­ուի հան­րու­թեան‘ իբ­րեւ առա­ջարկ, իբ­րեւ իւ­րա­քան­չիւ­րը ինք­նի­րեն յաղ­թե­լու եւ իր­մէ վեր կանգ­նե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն:

Միւս կող­մէ, լրագ­րող­նե­րու Հետ Հան­դիպ­ման Ըն­թաց­քին, Հ.Յ.Դ. Բիւ­րո­յի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Հրանդ Մար­գար­եան հաս­տա­տեց թէ Հ.Յ.Դ.-ի Առա­ջարկ­նե­րէն Եր­կու­քը Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հին հա­մար անըն­դու­նե­լի են:

Նշենք թէ Հ.Յ.Դ.-ը իր 7 կէտ­նոց օրա­կար­գը Հա­յաս­տա­նի հան­րա­պե­տա­կան կու­սակ­ցու­թեան եւ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հին հետ քննար­կած էր անց­եալ շա­բա­թա­վեր­ջին: “Մենք նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րուն հար­ցով մի­աս­նա­կան օրա­կարգ մէջ­տեղ բե­րե­լու նա­խա­ձեռ­նու­թիւն ու­նե­ցած ենք եւ փոր­ձած ենք այս մի­աս­նա­կան օրա­կար­գին շուրջ ստեղ­ծել հա­մընդ­հա­նուր հա­մա­խո­հու­թիւն: Այս ծրա­գի­րը ո՛չ որե­ւէ մէ­կուն դէմ եղած է, ո՛չ ալ յա­նուն ոե­ւէ ան­ձի եղած է: Յա­նուն ծրա­գիր եղած է այն, ինչ որ մենք փոր­ձած ենք ընել: Մենք մին­չեւ հի­մա չենք խօ­սած, թէ ո՛ր քա­ղա­քա­կան ու­ժը ին­չին հա­մա­ձայն գտնուած է: Բայց բնա­կան է, որ գոր­ծող նա­խա­գա­հը շատ աւե­լի հիմ­նա­կա­նօ­րէն որոշ բա­ներ մեր­ժեց, չըն­դու­նեց“, ըսաւ Հ.Յ.Դ. Բիւ­րո­յի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը: Ան աւել­ցուց, որ հեր­թա­կան հան­դի­պում­նե­րու շարք մը ու­նե­ցած են քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րուն հետ եւ վեր­ջին հան­դի­պու­մը եղած է Հա­յաս­տա­նի հան­րա­պե­տա­կան կու­սակ­ցու­թեան եւ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգս­եա­նի հետ:

Հրանդ Մար­գար­եան շեշ­տեց, որ առա­ջին օրէն իսկ Հ.Յ.Դ.-ը խօ­սած է Հան­րա­պե­տա­կան կու­սակ­ցու­թեան հետ յա­րա­բե­րու­թեան մա­սին եւ ըսած է, որ պի­տի խորհր­դակ­ցի բո­լո­րին հետ‘ ան­կախ որե­ւէ նա­խա­պա­շա­րու­մէ:

Ան ընդգ­ծեց, որ Հ.Յ.Դ.-ը խորհր­դակ­ցած է Հայ ազ­գա­յին քոնկ­րէ­սին հետ եւ Հան­րա­պե­տա­կան կու­սակ­ցու­թեան հետ ալ պատ­րաստ է խորհր­դակ­ցե­լու: Ըստ անոր, Դաշ­նակ­ցու­թիւնը չի փոր­ձեր թշնամիի յա­րա­բե­րու­թիւն ճշդել: Մար­գար­եան յայտ­նեց, որ Դաշ­նակ­ցու­թիւնը կը խօ­սի իր հար­ցե­րուն մա­սին իր թշնա­մի­նե­րուն հետ եւ խօ­սե­լու մէջ վտանգ չկայ: Ան աւել­ցուց, որ միւս ու­ժե­րուն հարցն է, եթէ պատ­ճառ ու­նին Դաշ­նակ­ցու­թեան չհա­ւա­տա­լու: Հ.Յ.Դ. Բիւ­րո­յի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը շեշ­տեց, որ շատ պատ­ճառ­ներ կան Դաշ­նակ­ցու­թեան հա­ւա­տա­լու, բայց միւս ու­ժե­րուն հա­ւա­տա­լու‘ քիչ պատ­ճառ­ներ:

Մար­գար­եան նշեց, որ նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րուն Հ.Յ.Դաշ­նակ­ցու­թեան մաս­նակ­ցու­թեան ձե­ւա­չա­փին վե­րա­բեր­եալ կու­սակ­ցու­թեան մէջ եր­կու կար­ծիք­ներ կան‘ ու­նե­նալ սե­փա­կան թեկ­նա­ծու կամ հա­մախմբ­ուիլ մի­աս­նա­կան թեկ­նած­ուի մը շուրջ: Ան նա­եւ աւել­ցուց թէ չի բա­ցառ­ուիր, սա­կայն, որ Դաշ­նակ­ցու­թիւնը առ­հա­սա­րակ չմաս­նակ­ցի նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րուն: Ան յայտ­նեց, որ վերջ­նա­կան որո­շում պի­տի տրուի տե­ղի ու­նե­նա­լիք Դաշ­նակ­ցու­թեան ար­տա­կարգ Գե­րա­գոյն ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին: Մար­գար­եան շեշ­տեց, որ կա­րե­ւո­րը իրենց առա­ջար­կած 7 կէ­տե­րը իրա­կա­նու­թիւն դարձ­նելն է, եւ երբ այս գա­ղա­փա­րը առաջ կը մղեն, թող տպա­ւո­րու­թիւն չստեղծ­ուի, որ Հ.Յ.Դ.-ը թեկ­նա­ծու չու­նի:

Պա­տաս­խա­նե­լով այն հար­ցու­մին, որ որ­քա­նո՞վ իրա­տե­սա­կան կը նկա­տէ, որ Բար­գա­ւաճ Հա­յաս­տան կու­սակ­ցու­թեան նա­խա­գահ Գա­գիկ Ծա­ռուկ­եան կրնայ ընդ­դի­մու­թեան մի­աս­նա­կան թեկ­նա­ծուն դառ­նալ, Հրանդ Մար­գար­եան նշեց, որ Ծա­ռուկ­եան կրնայ թեկ­նա­ծու դառ­նալ, բայց չի կրնար ըսել, եթէ մի­աս­նա­կան թեկ­նա­ծու կրնայ դառ­նալ:

“Առա­ւօտ“ թեր­թի մէկ հար­ցու­մին անդ­րա­դառ­նա­լով, Մար­գար­եան ընդգ­ծեց նա­խա­գահ Սարգս­եա­նի չըն­դու­նած կէ­տե­րը: Ար­դա­րեւ Սարգս­եան նշած է, թէ խորհր­դա­րա­նա­կան հա­մա­կար­գը չի պայ­մա­նա­ւո­րեր երկ­րին լաւ ու վատ ըլ­լա­լը, իսկ Հա­յաս­տան – Թուրք­իա ար­ձա­նագ­րու­թեանց հար­ցով նկա­տած է, որ իր քայ­լը ճիշդ եղած է: “Բնա­կա­նա­բար, մենք հա­կա­ռակ կար­ծիք ու­նէ­ինք, միտ­քե­րու փո­խա­նա­կում տե­ղի ու­նե­ցաւ եւ այս հա­կա­ռա­կու­թիւնն ալ նոր երե­ւոյթ չէ: Մենք շատ ան­գամ­ներ հան­դի­պած ենք, շատ ան­գամ­ներ խօ­սած ենք, մա­նա­ւանդ‘ հայ-թրքա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու, ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րու հար­ցով: Ատի­կա միշտ ալ եղած է մեր խօ­սակ­ցու­թեան նիւ­թը եւ նոր յայտ­նա­գոր­ծու­թիւն այդ հան­դիպ­ման ժա­մա­նակ չէ եղած“, շեշ­տեց Մար­գար­եան:

Նշենք, որ շարք մը այլ հար­ցե­րու կող­քին, Հ.Յ.Դ.-ը իր եօթ կէ­տե­րէ բաղ­կա­ցած օրա­կար­գին վրայ կ՛ա­ռա­ջար­կէր խորհր­դա­րա­նա­կան կա­ռա­վար­ման հա­մա­կար­գի գրան­ցում եւ Հա­յաս­տան – Թուրք­իա ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րէն Հա­յաս­տա­նի ստո­րագ­րու­թեան յետս կո­չում:

Հ.Յ.Դ. Բիւ­րո­յի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը անհ­րա­ժեշտ նկա­տեց ան­գամ մը եւս յստա­կաց­նել, որ Հ.Յ.Դ.-ը, իր նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ մէկ նպա­տակ կը հե­տապն­դէ‘ նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րը ոչ թէ ան­ձե­րու պայ­քա­րի վե­րա­ծել, այլ‘ ծրա­գիր­նե­րու: Ան յայ­տա­րա­րեց, որ իրենք չեն խու­սա­փիր զրոյ­ցը շա­րու­նա­կե­լէ, որով­հե­տեւ կը հա­ւա­տան, որ խօ­սակ­ցու­թիւնը կրնայ ընդ­հա­նուր հա­մա­ձայ­նու­թեան յան­գեց­նել: Մար­գար­եան նա­եւ ընդգ­ծեց, որ եթէ Հան­րա­պե­տա­կան կու­սակ­ցու­թիւնը ըն­դու­նի Հ.Յ.Դ.-ը եօթ կէ­տե­րը, շնոր­հա­կալ պի­տի ըլ­լան, եթէ ոչ‘ գո­նէ չեն ու­նե­նար այն մտա­հո­գու­թիւնը, թէ ին­չո՛ւ չբա­ցատ­րե­ցին Հ.Յ.Դ.-ի առա­ջադ­րած օրա­կար­գը:

 

 

 

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles