ԼՈՒՐԵՐ ՆԻՒ ԵՈՐՔԷՆ.- ԿԸ ՄԵ­ԾԱՐ­ՈՒԻ ԳԱՌ­ՆԻԿ ՆԵՐ­ՍԷՍ­ԵԱ­ՆԸ

0 0
Read Time:5 Minute, 45 Second
Ձախէն աջ` Յակոբ Վարդիվառեան , Գառնիկ Ներսէսեան եւ Գրիգոր Սաթամեան
Ձախէն աջ` Յակոբ Վարդիվառեան , Գառնիկ Ներսէսեան եւ Գրիգոր Սաթամեան

Յ.Վ.

Հա­մայն­քա­յին կեան­քէն ներս ծա­նօթ անուն մըն է Գառ­նիկ Ներ­սէս­եա­նը:  Իր ծննդա­վայր Քե­սա­պէն Նիւ Եորք հա­սած երի­տա­սար­դը` 1973ին, ար­դէն ինք­զինք կը նուի­րէ հայ մշա­կոյ­թին:  1980էն ի վեր, եր­կար տա­րի­ներ մաս կը կազ­մէ Հ.Բ.Ը.­Մ.ի “Անդ­րա­նիկ“ պա­րա­խում­բին, որ­պէս մե­նա­պա­րող:  2004ին կը հիմ­նէ Նիւ Եոր­քի Ս. Սար­գիս եկե­ղեց­ւոյ “Երազ“ պա­րա­խում­բը, որ իր յայ­տագ­րա­յին որա­կով կը պա­հէ դա­սա­կան մեր աւան­դա­կան պա­րար­ուես­տի մշա­կում­ներն ու ոճը:

Գառ­նիկ գոր­ծուն­եայ ան­դամն է նա­եւ Մե­ծա­գոյն Նիւ Եոր­քի հայ կա­թո­ղի­կէ հա­մայն­քա­յին կեան­քէն ներս. թէ­եւ փոք­րա­թիւ հա­մայնք մը կայ հոս, սա­կայն կա­րե­ւո­րու­թիւնը անոր մէջ կը կա­յա­նայ, որ Հիւ­սի­սա­յին Ամե­րի­կա­յի Հայ Կա­թո­ղի­կէ գա­ղու­թին առաջ­նոր­դա­րա­նը կը գտնուի այս մեծ ոս­տա­նի մէջ:

Բայց այս ամե­նէն ան­դին, այս գա­ղու­թին մէջ անոր անու­նը սեր­տօ­րէն կապ­ուած կը մնայ թա­տե­րա­կան մեր կեան­քին հետ:  Ան հիմ­նա­դիր ան­դամ­նե­րէն է Թ.Մ.Մ. “Մհեր Մկրտչեան“ թա­տե­րա­խում­բին:  Առա­ջին երե­ւու­մը 1998-ին` գլխա­ւոր դե­րով ան բեմ բարձ­րա­ցաւ մարմ­նա­ւո­րե­լով Պա­րոն­եա­նի Աբի­սո­ղոմ աղան, բե­մադ­րու­թեամբ` Ֆրուն­զի­կի այրի­ին` Թա­մար Յով­հան­նիս­եա­նի: Այ­նու­հե­տեւ, 1999ին, սքան­չե­լի կեր­պով խաղ­ցաւ ՄքԿրե­կըրիի դե­րը Սա­րոյ­եա­նի “Իմ Սիր­տը Լեռ­նե­րուն Մէջ“ թա­տե­րա­խա­ղով, ուր այս դե­րը մարմ­նա­ւո­րած էր հայ բե­մի վար­պե­տը` Վահ­րամ Փա­փազ­եան:

Դե­րեր վեր­ցուց նա­եւ 2000 թուա­կա­նին, Զա­րեհ Մել­քոն­եա­նի “Ո՞ւր Կ՛եր­թաս Ո~վ Հայ Ժո­ղո­վուրդ …“ի մէջ Ոս­կան Որոտ­նեցիի կեր­պա­րով: Գար­լօ Կոլ­տոնիի “Եր­կու Տի­րոջ Ծա­ռայ“ի ներ­կա­յաց­ման մէջ, ան 2002-ին խաղ­ցաւ Ֆլո­րին­տօ Արե­տուզիի դե­րը, բե­մադ­րու­թեամբ` Վար­դան Յով­հան­նիս­եա­նի:

Պա­րոն­եա­նի “Արե­ւել­եան Ատամ­նա­բոյժն“ թա­տե­րա­խա­ղին մէջ Գառ­նիկ կը ստանձ­նէ Թով­մա­սի դե­րը 2004ին եւ եր­կու տա­րի ետք` Շէյքս­փի­րի “Սխալ­նե­րու կա­տա­կեր­գու­թիւն“ի մէջ Արա­մաս­տի դե­րը, բե­մադ­րու­թեամբ` լի­բա­նա­նա­հայ բազ­մա­բե­ղուն բե­մադ­րիչ Պերճ Ֆազլ­եա­նի:  Իսկ 2010ին, “Մհեր Մկրտչեան“ թա­տե­րա­խում­բը դարձ­եալ կը բե­մադ­րէ Սա­րոյ­եա­նի “Իմ Սիր­տը“, ուր Գառ­նիկ կը վերց­նէ նոյն դե­րը. այս ան­գամ բե­մադ­րու­թեամբ` հայ­րե­նի երի­տա­սարդ տա­ղան­դա­ւոր դե­րա­սան Յով­հան­նէս Բա­բա­խան­եա­նի:

Հոկ­տեմ­բեր 2007ին, Գառ­նիկ մաս կազ­մեց թա­տե­րա­խում­բի կա­տա­րած երե­ւան­եան հիւ­րա­խա­ղե­րուն, որ կազ­մա­կերպ­ուած էր Հա­յաս­տա­նի Թէ­քէ­եան Մշա­կու­թա­յին Միու­թեան կող­մէ:

Այս տար­ուան Նո­յեմ­բե­րին, Եր­ուանդ Օտ­եա­նի “Սէր Եւ Ծի­ծաղ“ ներ­կա­յաց­ման մէջ Գառ­նիկ վեր­ցու­ցած եղաւ Ար­թի­նի գլխա­ւոր դե­րը:

Ի գնա­հա­տանք թա­տե­րա­կան իր վաս­տա­կին, թա­տե­րա­խում­բի վար­չու­թիւնը այս տա­րի, Նո­յեմ­բեր 18, 2012-ին կը պատ­ուէ մաս­նա­ւոր “Գնա­հա­տա­գիր“ով:

Կի­րա­կի երե­կոյ­եան, Թե­նըֆ­լա­յի Սուրբ Թով­մաս սրա­հը լե­ցուն է թա­տե­րա­սէր­նե­րով ու թա­տե­րա­խում­բի ան­դամ­նե­րով: Խօսք կ՛առ­նէ թա­տե­րա­խում­բի ատե­նա­պե­տը` Յա­կոբ Վար­դի­վառ­եան եւ կու տայ գնա­հա­տա­կա­նը Գառ­նի­կին կա­տա­րած գոր­ծին ու աստ­ուա­ծա­տուր տա­ղան­դին,  տա­րի­նե­րու վրայ եր­կա­րող անոր հայ մշա­կոյ­թին ծա­ռա­յու­թեան տար­բեր երես­նե­րը վեր առ­նե­լով:

Մե­ծար­եա­լին դուստ­րը`  որ հօ­րը պա­րար­ուես­տի ճամ­բով կ՛ըն­թա­նայ ներ­կա­յա­ցուց հո­գա­տար հայ­րը իր մտեր­մու­թեան մէջ:  Հպար­տու­թեամբ ան վեր առաւ անոր հա­յե­ցի կրթու­թեան եւ տոհ­մա­յին դաստ­ի­ա­րա­կու­թեան նուի­րու­մը իր գեր­դաս­տա­նէն ու ըն­կե­րա­յին կեան­քէն ներս:

Այ­նու­հե­տեւ, յանձ­նե­լու հա­մար “Գնա­հա­տա­գիր“ը, հրա­ւիր­ուե­ցաւ ու­րիշ հայ բե­մի վար­պետ մը` Գրի­գոր Սա­թամ­եան, որ յատ­կա­պէս եկած էր Լոս Ան­ճե­լը­սէն բե­մադ­րե­լու թա­տե­րա­խում­բին “Սէր Եւ Ծի­ծաղ“ ներ­կա­յա­ցու­մը: Սա­թամ­եան եւս իր խօս­քով շեշ­տը դրաւ թա­տե­րա­կան կեան­քին կա­րե­ւո­րու­թեան եւ մեր մշա­կոյ­թի պահ­պան­ման առանցք­նե­րէն մէ­կը նկա­տե­լով, յայտ­նեց իր եր­ջան­կու­թիւնը, որ մկրտչեա­նա­կան­նե­րու մէջ մեծ թիւ մը կը կազ­մեն ամե­րի­կա­ծին երի­տա­սարդ­ներ, որոնք հա­յե­րէն լե­զուով բեմ կը բարձ­րա­նան:

Հուսկ, յու­զու­մով ար­տա­յայտ­ուե­ցաւ Գառ­նիկ Ներ­սէս­եան, որ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց Թէ­քէ­եան Մշա­կու­թա­յին Միու­թեան այս որոշ­ման զինք մե­ծա­րե­լու եւ գնա­հա­տա­գի­րը յանձ­նե­լու հա­մար:  Ան­գամ մը եւս, յանձ­նա­ռու եղաւ շա­րու­նա­կե­լու իր մաս­նակ­ցու­թիւնը հայ թա­տե­րա­կան բե­մին: Շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց նա­եւ իր վա­ղե­մի ըն­կե­րոջ` Յա­րութ Չաթ­մաճ­եա­նին, որ զինք բե­րած էր Թէ­քէ­եա­նի ըն­տա­նի­քէն ներս ու քա­ջա­լե­րած`  բարձ­րա­նա­լու բեմ “Մհեր Մկրտչեան“ թա­տե­րա­խում­բին հետ, որուն հիմ­նադ­րու­թեան 15ամ­եա­կը մեծ շու­քով պի­տի տօն­ուի յա­ռա­ջի­կայ տա­րի:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles