Յետ եղեռնեան շրջանի Հալէպի առաջին ծխական կառոյցը եղած էր, Նոր Գիւղի (Մէյտան) հայ առաքելական Սուրբ Գէորգ եկեղեցին, որ ըստ վաւերական տուեալներու եւ ականատեսներու հաստատումներուն, քանի մը օրէ ի վեր դարձած է հրոյ ճարակ: Այսպէս, ըստ Ազգային Առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեանի, հրկիզուած են եկեղեցւոյ ներքնամասը, քարտուղարութեան, դպրաց դասի եւ յարակից այլ սենեակներ ու եկեղեցւոյ սրբանկարները ու սրբազգեստները: Նաեւ, լուրջ վնասներ կրած է Ազգային Մեսրոպեան վարժարանը` իր մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի բաժիններով:Եկեղեցին ունի երեք խորաններ, վերնատուն, զանգակատուն եւ մկրտութեան աւազան:
Հիմնուած 1923ին, Սուլէյմանիյէ-Րամ շրջանի հայկական հիւղաւաններուն մէջ` որպէս Սուրբ Խաչ եկեղեցի, 1936ին, հիւղաւաններուն վերացումէն ետք, Նոր Գիւղ հայաւանի մէջ 1937ին կառուցուած է Սուրբ Գէորգը` որ թերաւարտ մնացած է մինչեւ 1955 թուական: Եկեղեցին հիմնականօրէն հայկական ոճով վերակառուցուած է, եւ հանդիսաւոր օծումը տեղի ունեցած է Սեպտեմբեր 25-26, 1965ին, ձեռամբ` օրուայ Առաջնորդ Ղեւոնդ Արք.Չէպէեանի:
Զանգակատունը կառուցուած է 1985ին, մկրտութեան աւազանը` 1987ին, 1986ին` Սուրբ Գէորգ Զօրավարի սրբանկարի խորանը, 1987ին` Սուրբ Աստուածածնի սրբանկարին խորանը, 1990ին` Սուրբ Սարգիս Զօրավարի սրբանկարին խորանը:
Փետրուար 1990ին, եկեղեցւոյ շրջափակի արեւելակողմը իրագործուած է Մարաշի Աղէտին նուիրուած Յուշարձան-Որմնաքանդակը: Ապրիլ 23, 1994ին, դարձեալ շրջափակի արեւելակողմը, նախաձեռնութեամբ Զէյթունի Հայրենակցական Միութեան, իրագործուած է Զէյթունի նահատակներուն նուիրուած Յուշարձան-Որմնաքանդակը, իսկ Մայիս 20, 1998ին, կատարուած է բացումը Զարեհ Ա. Կաթողիկոսի կիսանդրին:
Քննադատելով այս սադրիչ արարքը, Ազգային Առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեան յայտնեց.- “Խստիւ կը դատապարտենք ոճրային այս արարքը, այն հաստատ համոզումով ու հաւատքով, որ գէթ Աստուած անպատիժ չի ձգեր Հալէպի պատմական մեծ մզկիթէն այլ աղօթավայրեր ու այսօր Սուրբ Գէորգ եկեղեցի հաւատքի տուներու դէմ գործուած անմարդկային նման սրբապղծումները“: