ԱՐ­ՑԱ­ԽԻ ՆԱԽԱԳԱՀ Բ. ՍԱՀԱԿԵԱՆ ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ԱՒՍՏՐԱԼԻՈՅ ՆԻՒ ՍԱՈՒԹ ՈՒԷՅԼԶ ՆԱՀԱՆԳԻՆ

0 0
Read Time:1 Minute, 23 Second

 ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ .- Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան երախտագիտութիւն յայտնեց Աւստրալիոյ Նիւ Սաութ Ուէյլզ նահանգին, որ վերջերս ճանչցած էր Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը:

Նախագահը նաեւ խորին շնորհակալութիւն յայտնած է տեղւոյն Հայ Դատի յանձնախումբին, որ այս գծով ժրաջան աշխատանք տարած է: Այս գծով, կառոյցի գործադիր տնօրէն Վաչէ Գահրամանեանի հետ ունեցած հեռաձայնային զրոյցին ընթացքին` Արցախի Հանրապետութեան նախագահը շնորհակալութիւն յայտնեց յանձնախումբին ներդրած ջանքերուն համար, որոնց շնորհիւ Աւստրալիոյ մեծագոյն նահանգ Նիւ Սաութ Ուէյլզը ճանչցաւ Արցախի անկախութիւնը եւ անոր ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը: Գահրամանեան նախագահ Սահակեանին վստահեցուց, որ Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբը եւ իր մասնաճիւղերու ցանցը պիտի շարունակեն իրենց ջանքերը` հասնելու Արցախի անկախութեան ճանաչման: “Արցախը մշտապէս մեր միտքին մէջ է եւ աւստրալիահայ համայնքը աջակցութիւն պիտի ցուցաբերէ Արցախի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ անոր հպարտ ժողովուրդին“ ըսաւ ան եւ շեշտեց թէ այս բանաձեւի որդեգրումը Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի երկար ամիսներու քարոզարշաւի եւ հետեւողական աշխատանքի շնորհիւ կատարուած է:

“Մենք շնորհակալութիւն կը յայտնենք Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբին եւ բոլոր անոնց, որոնք մասնակցեցան Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ճանաչման ուղղուած հոլովոյթին: Մենք համոզուած ենք, որ անցեալին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան աջակցութեան ուղղուած ջանքերը պիտի շարունակուին նոյն եռանդով ապագային եւս: Այսպիսի գործողութիւններ ոչ միայն կը լուծեն Լեռնային Ղարաբաղի ինքնորոշման իրաւունքի հարցը, այլ նաեւ զգալիօրէն կը ներգործեն` բարձրացնելու մեր քաղաքացիներու բարոյական վիճակը“, յայտնեց  Բակօ Սահակեան:

Նշենք թէ բանաձեւը ներկայացուած է օրէնսդիր խորհուրդի անդամ Մարի Ֆիկարայի կողմէ, որ հայկական հարցերու վաղեմի ջատագովն ու աջակիցն է: Բանաձեւը կը ճանչնայ Արցախի անկախութեան քսանամեակը, կ՛աջակցի հանրապետութեան ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքին եւ կոչ կ՛ուղղէ Աւստրալիոյ դաշնակցային կառավարութեան, որ ինքն ալ նոյն ձեւով ճանչնայ Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը եւ յարաբերութիւններ ստեղծէ Աւստրալիոյ ու Արցախի միջեւ:

Միացեալ Նահանգներու Ռոտ Այլընտ եւ Մասաչուսեց նահանգներու օրէնսդիր մարմիններէն ետք, այլ երկրի մը մեծագոյն նահանգի օրէնսդիր մարմինը եւս կը ճանչնայ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքն ու անկախ հանրապետութիւնը:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles