ԺՈ­ՂՈՎ` ՄԱՍ­ՆԱԿ­ՑՈՒ­ԹԵԱՄԲ ՊՈՍ­ԹԸ­ՆԻ ԿԱ­ՌՈՅՑ­ՆԵ­ՐՈՒՆ

0 0
Read Time:2 Minute, 31 Second

Շա­բաթ, Սեպ­տեմ­բեր 15, 2012-ին, Հ.Յ.Դ. Պոս­թը­նի “Սար­դա­րա­պատ“ կո­մի­տէի հրա­ւէ­րով, շրջա­նի հայ­կա­կան կա­ռոյց­նե­րու եւ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ ժո­ղով մը գու­մա­րե­ցին Ուա­թըր­թաու­նի վե­րա­նո­րոգ­ուած Հ.Յ.Դ. “Բաբ­գէն Սիւ­նի“ ակում­բէն ներս մի­աս­նա­բար քննե­լու հա­մար տար­ուած աշ­խա­տանքն ու գա­ղու­թի ընդ­հա­նուր կա­րիք­նե­րը: Հա­ւա­քը յատ­կա­պէս կեդ­րո­նա­ցաւ Ո՞ւր կ՛ու­զենք մեր գա­ղու­թը տես­նել հինգ տա­րի ետք հար­ցու­մին վրայ` կազ­մա­կեր­պա­կան, հո­գե­ւոր, քա­ղա­քա­կան, մշա­կու­թա­յին ու կրթա­կան մար­զե­րէն ներս: Բո­լոր թե­մա­նե­րու պա­րա­գա­յին շեշ­տը դրուե­ցաւ երի­տա­սար­դու­թեան վրայ, քննե­լով անոնց կա­րիք­նե­րը բա­ւա­րա­րող մտա­ւո­րա­կան ու ֆի­զի­քա­կան մի­ջա­վայ­րի ստեղ­ծու­մը եւ երի­տա­սար­դու­թեան ներգ­րա­ւու­մը աշ­խա­տան­քի մէջ: Մաս­նակ­ցող կա­ռոյց­ներն էին.- Սուրբ Ստե­փա­նոս Հայ Առա­քե­լա­կան Եկե­ղե­ցի, Հ.Յ.Դ. Պոս­թը­նի “Սար­դա­րա­պատ“ կո­մի­տէ, Հ.Ե.Դ. “Նժդեհ“ մաս­նա­ճիւղ, Հայ Դա­տի յանձ­նա­խումբ, Հ.Օ.Մ.-ի “Լէ­օ­լա Սա­սու­նի“ եւ “Շու­շի“ մաս­նա­ճիւ­ղեր, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Պոս­թը­նի մաս­նա­ճիւղ, Հա­մազ­գա­յի­նի Պոս­թը­նի մաս­նա­ճիւղ, Հայ Կրթա­կան եւ Մշա­կու­թա­յին Կեդ­րոն, Սուրբ Ստեափ­նոս Ամե­նօր­եայ եւ Շա­բա­թօր­եայ վար­ժա­րան­ներ եւ “Հայ­րե­նիք“ Շա­բա­թա­թերթ:

Ժո­ղո­վը սկսաւ իւ­րա­քան­չիւր կա­ռոյ­ցի եւ կազ­մա­կեր­պու­թեան մա­սին ամ­փոփ զե­կոյց մը լսե­լով, որուն յա­ջոր­դեց օրա­կար­գի կէ­տե­րու քննար­կում եւ հա­մա­պա­տաս­խան եզ­րա­կա­ցու­թիւն­նե­րու բա­նա­ձե­ւում` պոս­տո­նա­հայ հայ­կա­կան կա­ռոյց­նե­րու եւ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու մի­ջեւ գոր­ծակ­ցու­թիւնը խո­րաց­նե­լու եւ աշ­խա­տանք­նե­րու հա­մադ­րու­մով առա­ւե­լա­գոյնս ար­դիւ­նա­ւո­րե­լու բո­լո­րի ճի­գե­րը:

Ժո­ղո­վին մաս­նա­կից կա­ռոյց­ներն ու կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը որո­շե­ցին յա­ջոր­դին այս հան­դի­պում­նե­րը շա­րու­նա­կել անոնց հրա­ւի­րե­լով աւե­լի լայն շրջա­նակ մը ինչ­պէս նա­եւ կազ­մա­կեր­պե­լով թե­մա­նե­րու քննարկ­ման հան­րա­յին հա­ւաք­ներ:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles