Ա.Ս.
Ծ.Խ.- Ընդառաջելով մեր ընթերցողներու ցանկութեան, Մաէսթրօ Արսէն Սայեան իւրայատուկ այս սիւնակով պարբերաբար պիտի անդրադառնայ հայ երաժշտութեան վերաբերեալ նիւթերուն, ժողովրդական, հոգեւոր, դասական բնոյթի ստեղծագործութիւններուն, ինչպէս նաեւ հայութեան ծառայած երաժշտական ականաւոր դէմքերու կեանքին ու գործունէութեան:
Անցնելով մեր ակնարկի բուն նիւթին, անհրաժեշտ կը նկատենք հակիրճ կերպով կանգ առնելու հայոց երաժշտական արուեստի պատմութեան հեռաւոր անցեալին վրայ:
Այդ շրջանը տեւած է տասը դար, սկսած այն ժամանակէն, երբ ժողովուրդի նախնիները Երեւան սկսան գալ առաջաւոր Ասիական ժողովուրդներու շարքին, առաջին-երկրորդ դարերուն, երբ ծաղկեցաւ հայ պետական կեանքը:
Տրամաբանօրէն դատելով, պէտք է եզրակացնել որ տուեալ շրջանին, հայկական խօսակցական լեզուի զարգացման պայմաններու ընթացքին, դրուած են նաեւ հայ երաժշտութեան արտայայտչական միջոցներու, այսինքն երաժշտական գծով, որն առնչուած է, օրինակ, հայ գիւղացիի աշխատանքային գործունէութեան հետ:
Հայ գիւղացիներու ինչպէս նաեւ հարեւան այլ ազգերու “Հորովել“ներու համեմատութեամբ` հնարաւոր է յայտնաբերել, մշտապէս գոյութիւն ունեցող ձայնական մի քանի դարձուածքներ, որոնք տուեալ երաժշտական ստեղծագործութեան հիմնական կորիզը կը կազմեն:
Այդ բացականչական եղանակները ուղղուած են կամ գործող անասուններուն եւ կամ երեւակայական ուժերուն, որոնց կը դիմէր երկրագործը իր աշխատանքի յաջողութիւնն ապահովելու համար:
“Հորովել“ներու հնագոյն ձեւերը հիանալի օրինակներ են, թէ ինչպէս` խօսակցական հնչիւններու փոփոխութիւններէն, ծնունդ կ՛առնեն երաժշտական հնչիւնները: Օրինակ` “Հօ՜, հորովել, լուսը բացուեց, բարին բացուեց, հօ՜, եզօ ջան“ը:
Հնագոյն շրջանին վերաբերող ստեղծագործութիւններու քննարկումը ցոյց կու տայ որ հայ ժողովրդական երաժշտութեան կազմուածքը, սկիզբէն եղած է` միաձայն: Գուցէ “Հորովել“ները անցեալին, որպէս մեներգ, անհատ անձնաւորութիւններ կատարած են, ինչպէս տեղի է ունեցած նաեւ աւելի ուշ ժամանակներուն, ապա, շուրջպարային մեղեդիները կատարուած են, գործողութեան բոլոր մասնակիցներու կողմէ խմբովին` թէեւ մէկ եղանակով:
Հայ երաժշտութեան` ծագումով միաձայնութեան հանգամանքը, էական դեր կատարած է զարգացման ընթացքին: Այդ երեւոյթը նպաստած է հայ ժողովուրդի երաժշտական ցայտուն մեղեդիականացման, որն աւելի ուշ իր բարերար ազդեցութիւնն ունեցաւ հայ երգահաններու ստեղծագործութիւններուն վրայ: Այստեղ անհրաժեշտ է նշել, որ արդէն իսկ այդ շրջանին ժողովուրդի մօտ, երեւան եկած էր միաձայն եղանակներն իրենց կերպարային բնորոշ յատկութիւններով, մէկը միւսէն զանազանելու եւ տարբերելու ձգտումը: Այսպիսով Երեւան եկած են որոշ թիւով մեղեդիական խումբեր, որոնց իւրաքանչիւրը կը բնութագրուի եղանակի որոշակի յատկութեամբ:
Այդ երգերը ոչ միայն նպատակ ունեցած են հաճելի դարձնել գիւղական աշխատանքը, այլ կարգաւորել` աշխատանքի կշռոյթը: Այս կարգի ստեղծագործութիւններէն է օրինակ, Կոմիտասի “Կալի Երգ“ը:
Ձեւով սեղմ, կշռոյթով աշխոյժ այս երգերը, լի են կենսունակութեան եւ կատակի արտայայտութիւններով, որ հայ երաժշտութեան մէջ առաջին անգամ բնորոշուած են սրտաբուխ սիրային զեղումներով: Այդ երգերը աւելի ուշ ժամանակներուն, հայ ժողովրդական երաժշտութեան մէջ զարգացած են այնքան լայնօրէն: