Հայ Օգնութեան Միութեան Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանի 92-րդ Պատգամաւորական Ժողովը, տեղի ունեցաւ Օգոստոս 2-5-ին, Ֆլորիտայի ծովեզերեայ Տիրֆիլտ քաղաքի “Ուինտէըմ“ պանդոկին մէջ, հիւրընկալութեամբ շրջանի “Սօսէ“ մասնաճիւղին:
Ժողովին պաշտօնական բացումը կատարեց “Սօսէ“ մասնաճիւղի ատենապետուհի Մէյրի Անտոնեան, որ բարի գալուստի խօսքերէն ետք, յաջողութիւն մաղթեց ժողովին: Շրջանի ատենապետուհի Սիլվա Գույումճեան գնահատանքի խօսք ուղղեց բոլոր ընկերուհիներուն, որոնք իրենց անշահախնդիր նուիրումով, ու բարձր ոգիով հիւրընկալեցին պատգամաւորները:
Ապա, խօսք առաւ Արեւելեան Ա.Մ.Ն.Ի Փոխ Առաջնորդ Եպս. Անուշաւան Դանիէլեան, որ յայտնեց թէ Հայ Օգնութեան Միութիւնը իր բարեսիրական, կրթական, խնամատարական լայնածաւալ գործունէութեան ընդմէջէն, հայրենասիրութեան լաւագոյն արտայայտիչն է, եւ իրաւացիօրէն հպարտութեան զգացումներ կը ներշնչէ բոլորին: “Դուք կը հասնիք հայու բոլոր կարիքներուն“: Ձեր հայրենանուէր գործունէութեամբ կը սատարէք հայրենիքի վերելքին:
Հ.Յ.Դ. Արեւելեան շրջանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ` ընկհ. Անժէլ Մանուկեան իր կարգին խօսք առնելով նշեց, թէ ժողովուրդին միշտ ալ սիրելի կը թուի միութիւնը, որուն նպատակները հանդիսացած են ազգային արժէքներու պահպանման ու խնամատարութեան: Ան հաստատեց թէ Հ.Օ.Մ.ը տասնամեակներու իր բարեսիրական, դաստիարակչական, ընկերային մարտահրաւէրներու դիմաց բարձր ու ամուր կանգնած, կը ծառայէ ոչ միայն հայասիրական կարիքներու, այլ` համամարդկային կոչումներու: Այսօր Սուրիահայեր կոչ կ’ուղղեն Սփիւռքին ու մենք կազմ ու պատրաստ պիտի հասնինք բոլորին:
Նաեւ խօսք առաւ, Հ.Օ.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Ընկհ. Գարոլին Շմաւոնեան, տարիներ շարունակ Հ. Օ. Միութիւնը արթուն վիճակի մէջ պահած է իր ուժերը եւ աշխոյժ գործունէութեան մղուած է իր անդամուհիներու ջանքերուն շնորհիւ: Իր խօսքին մէջ ան յայտնեց կարելի է տեսնել դրականը մեր դժուարութիւններուն ընդմէջէն եւ հպարտանալ, որ մեր ժողովուրդի յառաջխաղացքին մէջ Հ.Օ.Մ.-ը եւս իր լուման ունեցաւ, լուռ, անխօս, ճառախօսութիւններէ հեռու, ինչպէս տիպար հայ մայրն ու կինը, որ կը դառնայ իր տան ու ընտանիքին անխօս սիւնը: Ան բարձր գնահատեց արեւելեան շրջանի աշխատանքներն ու պարտաճանաչութիւնը գործադրելու ու սատարելու Կեդրոնական Վարչութեան աշխատանքներուն:
Կ.Կ.-ի ներկայացուցիչ Անդրանիկ Գասպարեան, իր կարգին կարեւորեց Հ.Օ.Մ.-ի դերը Հայաստանի կողքին, Արցախի եւ Ջաւախքէն ներս:
Ապա Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ Ք. Էլիզապէթ Դրամկոչեան իր Վարչութեան Խօսքը փոխանցեց ու մաղթեց յարատեւ յաջողութիւն:
41 Պատգամաւորներ, ներկայացած 19 մասնաճիւղերէ եւ հիւրեր բերին իրենց մասնակցութիւնը: Հրաւիրուած հիւրերն էին, տարիներ շարունակ Հ.Օ.Մ.ին ու գաղութէն ներս ծառայած, ընկերուհի` Միմի Բարսեղեան, Թալին Տաղլեան եւ ընկերներ Թամ Վարդապետեան եւ Վահրամ Դանիէլեան:
Քարոլ Ճաֆարեան ներկայացուց Շրջանային Վարչութեան նիւթաբարոյական տեղեկագիրը Power Point-ով: Շրջանային Վարչութիւնը շեշտեց, որ անդամուհիներու նուիրումին արդիւնք, միութիւնը յաջողած է յառաջ տանիլ իր բոլոր աշխատանքներն ու իրագործել բոլոր իր պարտաւորութիւնները:
92րդ Պատգամաւորական Ժողովի պատգամաւորները հարազատ մթնոլորտի մէջ վերարժեւորեցին կազմակերպութեան բազմերես աշխատանքները: Արեւելեան Ամերիկայի շրջանը Սփիւռքի ամէնակարեւոր շրջաններէն մէկը եղած է ու զօրավիգ պիտի մնայ հայութեան հոգեկան թէ նիւթաբարոյական կարիքներուն գոհացման ի խնդիր տարուող աշխատանքներուն:
Պատգամաւորական Ժողովի 2012-2013ի բանաձեւերու աշխատանքին անձնելով, Ժողովը անրադարձաւ Սուրիոյ ներկայ իրավիճակին ու կրթօճախներու օժանդակութեան: Պատգամաւորները իրենց մասնաճիւղի անունով նիւթական նուիրատուութիւններ յայտարարեցին, ու շուտով մթնոլորտը տրամադրուեցաւ, ուր պատգամաւորներն ու ներկաներ անհատական նուիրատուութիւններով գումարը հասցուցին 22 հազար տոլարի ու խոստացան շարունակել աշխատանքը հասնելու ուր, որ կարիքը կայ: Ուրբաթ երեկոյեան ժողովականները ուղղուեցան կեդրոն ուր տեղւոյն “Սօսէ“ մասնաճիւղի հիւրասիրութիւնը վայելեցին:
Ժողովը իր սահուն ու առողջ ընթացքը շարունակեց ընտրելով 2012-2013-ի Շրջանային Վարչութեան կազմը: Ընկերուհիներ` Սեւան Գոլէճեան եւ Թալին Մկրտիչեան նոր անդամներ ընտրուեցան Շրջանային Վարչութեան անձնակազմին միանալով: Այսպէս 2012-2013 Շրջանային Անձնակազմը կը բաղկանայ հետեւեալ անդամներէն.-
Անի Աթթար, Ատենապետուհի
Սուզան Ազարեան, Փոխ-Ատենապետուհի
Թալին Մկրտիչեան, Գանձապահ
Գարոլ Ճաֆարեան, Քարտուղար
Վալանթին Պէրպէրեան, Խորհրդական
Անի Քէշիշեան, Խորհրդական
Սեւան Գոլէճեան, Խորհրդական
Պատգամաւորական ժողովը շնորհակալութիւն յայտնեց ընթացաւարտ ընկերուհիներ Սիլվա Գույումճեանին եւ Վարսէն Պետրոսեանին, որոնք իրենց կարգին խօսք առնելով շնորհակալութիւն յայտնեցին բոլորին որ առիթը տրուեցաւ իրենց կազմակերպութեան ղեկավար անձնակազմի մաս կազմելու ու պատրաստակամութիւնը յայտնեցին ծառայելու ուր որ կարիքը կայ:
Շաբաթ գիշեր, պատգամաւորները հաւաքուեցան երեկոյեան խրախճանքի: Օրուան հանդիսավար Սօսէ Թոքաթլեան, մասնաճիւղի անունով արտասանած բարի գալուստի խօսքերէն ետք հրաւիրեց ընթացաւարտ Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի Սիլվա Գույումճեան օրուան գնահատականները փոխանցելու: Գույումճեան հրաւիրեց Միմի Բարսեղեանը, ստանալու բարձրագոյն “Ակնունի“ Մրցանակը, գնահատելու անոր տասնամեակներ շարունակ երկարատեւ ու անսակարկ ծառայութիւնը կազմակերպութեանս, եւ այլ անձնակազմերու վրայ: Գույումճեան ըսաւ թէ.- “Բարսեղեան ինծի համար եղած է առաջնորդ, ուսուցիչ, մեծ քոյր եւ շատ սիրելի ընկերուհի: Ան սորվեցուց ծառայել եւ ուղղեց, որ լաւագոյնս տամ ի շահ կազմակերպութեան վերելքին“: Նշենք թէ Միմի Բարսեղեան անդամակցած է Հ.Օ.Մ.-ին: 1980-ին, ան ծառայեց Շրջանային Վարչութեան կազմին վրայ որպէս ատենապետուհի, փոխ ատենապետուհի, գանձապահ, ինչպէս նաեւ Հ.Օ.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան, եւ “Քէմփ Հայաստան“ի Վարչական Կազմին:
Ապա Գույումճեան Գնահատագրով մը պատուեց Թամ Վարդապետեանը իր ծառայութեան համար: Թամ հետեւողականօրէն լրագրած է Հ.Օ.Մ.-ի մասնաճիւղերու պատմութիւնը, ինչպէս նաեւ անդրադարձած է միութեան արեւելեան շրջանի աշխատանքներուն, յատկապէս հարիւրամեակի ընթացքին, կանոնաւորապէս գրութիւններ տրամադրելով մամուլին:
Գնահատանքի ծաղկեփունջեր ստացան նաեւ Ընկհ. Գարոլին Շմաւոնեան, որ շրջանը աւարտեց երբ ընտրուեցաւ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ, Ընկհ. Վարսէն Պետրոսեան, Ընկհ Սիլվա Գույումճեան եւ Ընկհ. Վարդուհի Չիլոյեան, Հ.Օ.Մ.ի Արեւելեան Շրջանի Գործադիր Քարտուղարուհի , որ անաչառ կերպով աշխատանք տարած էր մանրակրկիտ հետեւողականութեամբ եւ պարտաճանաչութեամբ, իր պարտականութիւնը կատարելու:
Երեկոն խանդավառեց Երգիչ Սթիւ Իսքէնտերեան եւ իր նուագախումբը:
Դադարի ընդմիջումին տեղի ունեցաւ այս տարուայ Վիճակահանութիւնը.-
1st Prize Cash Prize
$1,500 ticket # 001341
Margaret Bloxdorf, Racine, WI
2nd Prize Cash Prize
$1,000 ticket # 001155
Avo Bazarian, Watertown, MA
3rd Prize
14kt. Ladies White Gold Cross Necklace with Sapphires and .25 ct. Diamonds
ticket # 001761
Hasmig Eskandarian, McLean, VA
4th Prize
Ladies Bulova Watch
ticket #001174
Siran Cormier, Bedford, MA
5th Prize Silver Bracelet and Earrings Set
ticket #002533
Evlyn Davidian, Morton Grove, IL
ԿՐԹԱՆՊԱՍՏ ՍՏԱՑՈՂ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐ
Հայ Օգնութեան Միութեան Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային Վարչութիւնը Նախա-աւարտականի եւ Աւարտականի կրթանպաստ ստացող աշակերտներուն անունները յայտարարեց 2012-2013 Ուսումնական Տարեշրջանին:
Պարգեւատրութիւնները հիմնուած են ըստ անհատին գործօն մասնակցութեան Հայ համայնքէն ներս, նիւթական պէտքին եւ ակադեմական կատարելագործման: Նպաստընկալը պէտք է ըլլայ ծագումով Հայ եւ արձանագրուած ուսումնարան կամ համալիր Ամերիկայի մէջ: Այս տարի Հ.Օ.Մ.-ը պարգեւատրեց 24 աշակերտներ 12 տարբեր նահանգներէ աւելի քան 32,000.00 տոլարի գումարով մը:
Հ.Օ.Մ.-ի Ուսումնական հիմնադրամը գոյացած է շատ մը բարերարներու առատաձեռն նուիրատուութիւններով, որոնք օժտած են ՀՕՄ.-ը նիւթական աղբիւրներով նպաստելու Հայ աշակերտներուն աւելի քան երեսուն տարիներ:
Առաւել, Հ.Օ.Մ.-ի Ճորճ եւ Պիաթրիս Լազարեան հիմնադրամը կրթանպաստ հայթայթած է հարիւրաւոր արժանավայել Հայ աշակերտներու:
Հ.Օ.Մ.-ը հիմնուած 1910-ին, անշահախնդիր, բարեսիրական կազմակերպութիւն մըն է, կազմուած Հայ անձնուէր անձերէ, որոնք ճիգ եւ ժամանակ չեն խնայեր թիկունք կանգնելու Հայ Ժողովուրդին ուսումնական եւ մարդասիրական պէտքերուն աշխարհի չորս ծագերուն վրայ: Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Հ.Օ.Միութիւնը ունի 32 մասնաճիւղեր, անդամներու ընդհանուր թիւ ունենալով 1200:
Կրթանպաստներու ուղեցոյցն ու դիմումնագրերը կարելի է համակարգիչի վրայ Հ.Օ.Մ.-ի Արեւելեան Ամերիկայի կայքէջէն տպել
www.arseastusa.org
Դիմումնագրեր կարելի է ստանալ նաեւ Շրջանային Վարչութեան գրասենեակին հետ կապ պահելով
80 Bigelow Ave., Suite 200, Watertown, MA
Դիմումնագրերը ներկայացնելու ժամկէտն է Ապրիլ 1.
Լազարեան Աւարտականի կրթանպաստ ստացողներ
Գայանէ Հապէշեան
Անի Մկրտիչեան
Արմինէ Սարգիսեան
Իվէթ Բարսեղեան
Արա Ռոսթոմեան
Քրիսթա Պազարեան
Կրանդ Պետրոսեան
Դատէ Վարդանեան
Քնար Աբրահամեան
Մարք Քիրէճեան
Օլկա ՄքԱտամս
Նախա-Աւարտականի կրթանպաստ ստացողներ
Սեւան Սիմոնեան
Վարագ Պարոնեան
Յակոբ Մարկոսեան
Նորա Ֆրունճեան
Ալեքսանտր Քալիքեան
Լորապէլ Տոնիկեան
Կարին Հապէշեան
Լիլի Թորոսեամ
Արեւ Տինքճեան
Ալեք Պէնզէր
Նարինէ Օհանեան
Արէն Տապաղեան
Սոնա Մովսիսեան
Քրիսթին Շալեան