Ի՞ՆԶ ԿՐՆԱՆՔ ԸՆԵԼ ՍՈՒՐԻԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ

0 0
Read Time:3 Minute, 38 Second

  Պետրոս Քհնյ. Շիթիլեան

Սփրինկֆիլտ, Մասաչուսէց

          Հասկնալի պատճառով Սուրիոյ հարցը առաջնահերթութիւն դարձած է շատերուս համար: Մեզմէ շատեր ծագումով այդ երկրէն են, մեզմէ շատեր դեռ հոն հարազատներ ու բարեկամներ ունին: Սուրիոյ ¢ սուրիահայութեան հարցը, բացի անձնական հանգամանք ունենալէն, համազգային տարողութիւն ունի: Վերջին տասնամեակներուն Սուրիոյ կայուն վիճակը ու անոր կառավարութեան ունեցած դրական վերաբերմունքը փոքրամասնութիւններուն նկատմամբ պատճառ դարձած էին, որ սուրիահայ գաղութը ըլլար կայուն ու բարգաւաճ: Ասոր վրայ պէտք է նշել, որ վերջին տարիներուն Սուրիոյ ապրած տնտեսական աճը իր դրական ազդեցութիւնը ունեցած էր այդ երկրէն արտագաղթին նուազեցման վրայ: Նոյնիսկ շարժում մը սկսած էր, թէկուզ ոչ մեծ թիւերով, դէպի հայրենիք տեղափոխուելու ¢ կամ հոն գործեր սկսելու: Այս բոլորը խարխափեցաւ սուրիական տագնապին պատճառով: Սուրիահայութեան հարցը լուրջ համգամանք ստացաւ մանաւանդ վերջին երեք շաբաթներուն ընթացքին, երբ զինեալ բախումները հասան մօտաւորապէս յիսուն հազար հայութիւն ունեցող սուրիահայ գաղութին կեդրոն` Հալէպ քաղաքը:

Այս բոլորին մէջ, մեզի` հայերուս համար հիմնականը սուրիահայութեան անվտանգութեան հարցն է: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին փորձը մեզի կը յուշէ, որ այսպիսի տագնապներու ժամանակ կարելի եղած չափով պէտք է չէզոքութիւն պահել, առաջ չերթալ, առաջին գիծերուն վրայ չըլլալ: Այս մէկը իրականացնելը դիւրին չէ, որովհետեւ բոլորն ալ գիտեն, թէ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւնը, իր մէջը ըլլալով հայերը կը համակրին պետութեան:  Ըլլալով նախկին սուրիահայ, մօտէն հետեւած եմ Սուրիոյ տագնապին իր առաջին օրէն սկսեալ ասկէ մէկ ու կէս տարի առաջ: Պէտք է նշել օրինակ, որ Սուրիոյ պետական հեռատեսիլի կայանէն` հայերու կողմէն եղած պետութեան աջակցող ելոյթները նուազագոյնը եղած են, ի տարբերութիւն ուրիշ քրիստոնեայ համայնքներու ներկայացուցիչներուն: Այս մէկը իմաստուն ընթացք մըն է: Գալով ինքնապաշտպանութեան հարցին, վստահ եմ (դարձեալ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին փորձը յիշելով), որ մեր ազգային կազմակերպութիւնները զգօն ու պատրաստ են, եթէ հարցը հասնի ուղղակիօրէն հայ գաղութի ֆիզիքական գոյութեան ապահովման: Առ այժմ այս հարցը հրատապ չէ, քանի դեռ ուղղակիօրէն ¢ բացայայտօրէն հակահայկական կեցուածքներ չկան ընդիմութեան կողմէն ու քանի բախումները դեռ չեն հասած հայկական թաղամասերը: Հակառակ ասոր, պէտք է պատրաստ ըլլալ բոլոր կարելիութիւններուն: Յոյսով ենք, որ Հալէպի հարցը արագ պիտի վերջանայ ¢ Հալէպը պիտի վերադառնայ համեմատաբար իր կայուն վիճակին:

Facebook-ին մէջ հալէպահայութեան ¢ սուրիահայութեան յատուկ քանի մը էջեր կան, որոնց միջոցաւ կարելի է գաղութին զարկերակը ստուգել, օրինակ. Inch Ga Chiga, Armenians of Syria…¢ այլն:

Այս վիճակին մէջ, մենք հո՛ս Ամերիկայի մէջ, մանաւանդ նախկին սուրիահայերս, ին՞չ կրնանք ընել:

Հայաստանցի մեր եղբայրներուն փորձը մեզի կրնայ օրինակ ծառայել: Այսօր տարեկան մէկ պիլիոն ամերիկեան տոլար կը մտնէ Հայաստան, անձնական դրամական փոխանցումներու պատճառով: Իրականին մէջ այս գումարը աւելի բարձր է, եթէ այս թիւին վրայ աւելցնենք ձեռքով ¢ ոչ գրանցուած ձեւերով ղրկուած գումարները: Հայաստանի տարեկան 2.8 պիլիոն ամերիկեան տոլարի պետական պիւտճէն նկատի առած, այս գումարը աչքի կը զարնէ: Փաստօրէն դուրսէն (հիմնականօրէն Ռուսիայէն)  եկած ¢ ուղղակիօրէն անձ է անձ ուղղարկուած այս գումարներն են, որ պատճառ կը հանդիսանան Հայաստանի ներքին ընկերային վիճակին կայունութեան, չնայած տնտեսական ծանր վիճակին:

Սուրիոյ մէջ մարդիկ ամիսներով չեն աշխատիր: Մանաւանդ նման վիճակը ծանր կրնայ անդրադառնալ սահմանափակ եկամուտ ունեցողներուն վրայ: Գործատէրեր անգամ կը բողոքեն իրենց վիճակէն: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի կոչը, Հ.Բ.Ը.Մ.-եան յատկացուցած մէկ միլիոն գումարը, հայկական հիմնադրամի կողմէն սուրիահայերուն օգնութեան համար յատուկ հաշիւ մը բանալը, Հ.Օ.Մ.-ի կատարած հանքանակութիւնը, անհրաժեշտ ու ճիշդ քայլեր են, սակայն ասոնցմէ անդին մեր հարազատներուն ու բարեկամներուն մեր կողմէն ուղղակիօրէն փոխանցուած նիւթական աջակցութիւնը կրնայ շատ կարեւոր դեր ունենալ: Այս կոչը առաջին կարգին ուղղուած է նախկին սուրիահայերուն, բայց նա¢ բոլորին: Մենք հոս, որպէս անհատ հայեր ա՛յս կրնանք ընել ու պէ՛տք է ընենք: Նման նիւթական աջակցութիւնը նա¢ դրականօրէն կրնայ ազդել մեր հայրենակիցներուն հոգեկան վիճակին վրայ, բան մը որ շատ կարեւոր է այս հանգրուանին: Չբաւարարուինք միայն հետաքրքրուելով ¢ հեռաձայնելով: Խօսքէն աւելի գործն է կարեւորը: Այս մէկը ընենք առանց աղմուկի ¢ առանց հպարտութեան: Չբաւարարուինք միայն մէկ անգամ հարցնելով, այլ փորձենք խորանալ ու առանց դիմացինին վիրաւորելու պնդենք: Western Union-ը յարմար  սակագին ունի Սուրիա գումարներ փոխանցելու համար: Միւս կողմէն, անձ է անձ ուղղակիօրէն նիւթական փոխանցման այս ձեւը, մեզի կը վստահեցնէ որ մեր ղրկածը ճշգրիտ հասցէին պիտի հասնի:

Չմոռնանք, որ եթէ այսօր, այս օտար ափերուն վրայ մենք մեզ լաւ հայ կ՛ըզգանք, ատոր պատճառը այն մթնոլորտն ու դաստիարակութիւնն է, որ ստացած ենք սուրիահայ գաղութին մէջ: Գաղութ մը` որ բացի Մայր Գաղութ կոչուելէն, կրնայ նա¢ բնորոշուիլ որպէս գաղութ մը` ուր կարելի չէ հայ չըլլալ, որովհետ¢ ազգային դաստիարակութիւնը զօրաւոր հիմքերու վրայ դրուած է հոն, գաղութ մը` որ գրեթէ հարիւր տոկոս հայերէն կը խօսի, գաղութ մը` որուն ամուսնութիւնները ջախջախիչ թիւով հայերու միջ¢ են: Հասկնանք կարեւորութիւնը Հայաստանի ¢ Թուրքիոյ մօտը նման զօրաւոր գաղութի մը գոյութեան, ու չմոռնանք նա¢` որպէս առաջին քրիստոնեայ ժողովուրդ, որ նեղութեան մէջ եղողին օգնելը քրիստոնէութեան հիմնական սկզբունքներէն ու պահանջքներէն մէկն է:

Սուրիահայութեան օգնելը, այսօր պէտք է դառնայ համայն հայութեան ու մանաւա՛նդ նախկին սուրիահայերուն գլխաւոր մտահոգութիւնը:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles