ԱԿՆԱՐԿ.- ՍՈՒՐԻՈՅ ԲՆԱԿՉՈՒԹԵԱՆ, ՆԱ՛ԵՒ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՎԻՃԱԿՈՒԱԾ ՀՐԴԵՀԻՆ ԼՈՅՍԻՆ ՏԱԿ

0 0
Read Time:6 Minute, 10 Second

 

 Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ 

Արաբական աշխարհը արիւնալի փոթորիկներու մատնող իրադարձութեանց նորագոյն կիզակէտը Սուրիան է: Եգիպտոսը, Լիպիան ու Արաբական Ծոցի կարգ մը երկիրները ահաւոր տագնապներու մատնելէ ետք, ուռականին “աչքը“ վերջին ամիսներուն կեդրոնացաւ Սուրիոյ վրայ, լուսարձակներէ դուրս ձգելով յիշեալ երկիրները, որոնք այլապէս կը շարունակեն տառապիլ ծանրակշիռ դէպքերու ճնշումին տակ, թէեւ ձեւով մը մոռացութեան կը տրուին, ինչպէս որ է պարագան տառապող Իրաքին, Աֆղանիստանին ու… Գ. Աշխարհամարտը փոխարինող տագնապահար երկիրներուն:

Մեր նպատակը դէպքերուն ծննդոցն ու զարգացման ընթացքը, վատ ու դրական ազդեցութիւնները մեկնաբանել չէ. շատ բան կը գրուի, անհատնում մեկնաբանութիւններ ու նախատեսութիւններ կը կատարուին Սուրիոյ տագնապին ներքին ու մանաւադ արտաքին գործօններուն մասին: Վերջին քանի մը շաբաթներուն, դէպքերն ու միջամտութիւնները ստացած են այնպիսի գահավէժ ընթացք, որ մեկնաբանութիւններն ու նախատեսութիւնները ժամանակավրէպ կը դառնան, կրնան դառնալ մէկ վայրկեանէն միւսը: Խօսքի աճուրդներէն անդին, սակայն, կայ դառն իրականութիւն մը` երկրին աւերումն ու ժողովուրդէն գանձուած արեան տուրքն է, դառն իրողութիւն` որ պէտք էր, պէտք է խնայել այս երկրին, ո՛րեւէ երկրի ու անոր ժողովուրդին: Այս բաղձանքը լաւագոյնս կը հասկանան Լիբանանի, Իրաքի ու նոյնանման տագնապներ ճաշակած երկիրներ ու անոնց ժողովուրդները, որոնք հազարաւորներու արեան գնով փորձառութիւն շահեցան, ըմբռնեցին (թէեւ հասկացողութիւնը համատարած չէ տակաւին) թէ բաղձալի կամ պատրուակ ծառայող բարեկարգումներու ճամբան բիրտ ուժը չէ, չի կրնար ըլլալ, ի՛նչ քողի տակ ալ յառաջ տարուին հակամարտութիւնները: Աւելի քան տասնհինգ տարի ահաւոր բախումներու, անիմաստ հակամարտութիւններու փորձառութիւն ապրած Լիբանանը կրնայ լաւագոյն դասատուն ըլլալ այսօրուան հակամարտներուն, եթէ անշուշտ անոնք պատրաստ են իրենց աչքը, ականջն ու յիշողութիւնը գործածելու ի շահ յայտարարուած նպատակներուն…

 

***

          Սուրիոյ իրադարձութիւնները բնականաբար տագնապի ու մտահոգութեան կը մատնեն մեզ` հայութիւնը, ի Հայաստան եւ արտերկրի օճախներուն մէջ, նկատի ունենալով, որ Սուրիոյ մէջ ունինք կենսունակ գաղութ, որ նախա-եղեռնեան շրջանէն ի վեր ու մինչեւ այսօր, կերտած է երկար ճամբայ, ստեղծած է երախտիք` համահայկական առումով, ու տարբեր ոլորտներու մէջ իր դերակատարութիւնը չէ զլացած: Կը տագնապինք, մանաւանդ աչքի առջեւ ունենալով Լիբանանի, Իրաքի, Եգիպտոսի, Պաղեստինի եւ այլ երկիրներու վիճակուած ծանօթ տագնապները, որոնցմէ չէին կրնար զերծ մնալ այդ գաղութներու հայութիւնը, իբրեւ հաւասար-ճակատագրակից այդ երկիրներու բնակիչներուն: Եթէ այդ երկիրներուն մէջ հայութեան ներկայութիւնը 1915էն առաջ ունէր տարբեր նկարագիր ու դրուածք, Ցեղասպանութենէն ետք այդ նկարագիրը ապրեցաւ իր հարկադիր ու բնական զարգացումը, եղափոխութիւնը, հասնելու համար այսօրուան պատկերին, տնտեսակն, մշակութային թէ քաղաքական հասունացումի իմաստով:

Այլ երկիրներու նման, Սուրիան ալ նորագոյն պատմութեան մէջ ապրեցաւ մեծ ու փոքր վերիվայրումներու բազմաթիւ հանգրուաններ, սկսելով Օսմանեան կայսրութեան ենթակայութեան տարիներէն, անցնելով ֆրանսական հոգատարութեան տասնամեակներէն, հասնելով անկախացումին յաջորդած հանգրուանները` 50ականներուն, 60ականներուն, արաբ-իսրայէյլեան հակամարտութեանց թէ “միջ-արաբական տագնապներ“ու հանգրուաններուն: Եթէ այդ հանգրուանները ժողովուրդէն անհրաժեշտ կամ անհարկի տուրքեր խլեցին, հայութիւնն ալ, իբրեւ այդ երկրին բնակչութեան մէկ մասնիկը, բոլոր հպատակներուն պէս, տուրքի իր բաժինը տուաւ, որովհետեւ տարբեր չէր կրնար ըլլալ:

Վիճակը այսօր ալ նոյնն է:

 

***

 

Արագ զարգացող դէպքերը բնականաբար անակնկալի մատնած են անոնց ազդեցութիւնը իրենց մորթին ու առօրեային մէջ ապրող գաղութի զաւակները` գլխաւորաբար: Կեանքի-ապրուստի բնականոն պայմանները քանի մը շաբթուան մէջ այնպիսի գահավիժում կրեցին, որ անխուսափելիօրէն ստեղծեցին խուճապի վիճակ. խուճապի հոգեբանութիւն ստեղծուեցաւ նաեւ Հայաստանի թէ սուրիահայութեամբ մտահոգ մեր գաղութներուն մէջ, այնքան մը, որ ուղղակի կամ անուղղակի խրատներ, թելադրանքներ ու յորդորներ սկսան ուղղուիլ շրջանի հայութեան, հրապարակ նետուեցան նախաձեռնութեանց առաջարկներ, որոնք զերծ չմնացին անտեղի քարոզչութիւններէ ու… չարաշահումներէ: Մինչդեռ, նման պայմաններու մէջ, ամէնէն կարեւորը` գլուխ ու հաւասարակշութիւն չկորսնցնելն է, մնալն է շրջահայեաց եւ տիրութիւն ընել սեփական ճակատագիրին, համահունչ` երկրի բնակչութիւնը կազմող բոլոր տարրերուն հետ, անոնց արձանագրուած ըլլան “փոքրամասնութիւններ“ կամ “մեծամասնութիւն“ խորագիրներուն տակ:

Անմիջապէս նշենք, որ նախընթաց տագնապալի հանգրուաններուն ալ տենդագին վիճակներ ստեղծուեցան, մեծ ու փոքր վնասներ արձանագրուեցան, սակայն փոթորիկները ի վերջոյ անցան, բացուած վէրքերը դարմանուեցան, թէեւ բոլորովին չմոռցուեցան: Եւ այդ չմոռցուող յիշատակներն են որ այսօր կարեւոր բաժին պիտի ունենան ներկայ հանգրուանը շրջահայեացութեամբ դիմագրաւելու եւ այս փոթորիկէն կարելի նուազագոյն վնասով դուրս գալու համար, ինչպէս որ նուազագոյն վնասը ունենալու բաղձանքով եւ յոյսով կ՛ապրին երկրի բոլոր խմբաւորումները:

Այսօր, Սուրիոյ տագնապահար ժողովուրդը, մանաւանդ մեզ անմիջականօրէն մտահոգող հայկական գաղութը ունի հիմնական մէկ ակնկալութիւն. ան պիտի զգայ ու գործնապէս պիտի շօշափէ, որ առանձին չէ, անոր կարեկից, զօրակից են հայութեան բոլոր օճախներուն զաւակները, բարոյապէս ու նիւթապէս պատրաստ են նեցուկ կանգնելու իրենց, այնպէս` ինչպէս որ մօտիկ անցեալին, Լիբանանի հայութիւնը իր կողքին զգաց տարբեր գաղութներու հայութիւնը: Նոյն հոգեվիճակը ապրեցան երկրաշարժի հարուածը կրող հայրենի հայութիւնը, Արցախի, Իրաքի հայ զաւակները, տարբեր պայմաններու մէջ, սակայն հասարակաց իրերանման գիծեր ապրելով: Աջակցութիւնն ու զօրակցութիւնը հիմնականին մէջ պիտի ունենան հայկական զսպանակ, պիտի չմեկնին ծուռ հաշիւներէ հասնող թելադրանքներէ:

Եւ ինչպէս այլ տագնապահար գաղութներու, նոյնպէս ալ Սուրիոյ մեր գաղութին պարագային, կացութիւնը դիմագրաւելու գլխաւոր դերակատարը պիտի ըլլայ ինք` տեղւոյն ղեկավարութիւնը, իր բոլոր օղակներով, միասնական կեցուածքով, իր կողքին ունենալով ժողովուրդը, բարերար ու ձեռներէց դասը: Այլ շրջաններու աջակցութիւնը պիտի կառուցուի նոյնինքն տեղականին խարիսխին վրայ, որուն կերտումին ատակ են գաղութի զաւակները, ինչպէս ցոյց տուաւ իրական պատկերը` վերջին շաբաթներուն: Ազգային իշխանութիւններուն շուրջ բոլորուած գաղութի զաւակները քանիցս հանդարտութեան պատգամներ ուղղեցին երկրի սահաններէն դուրս անձկութեան մատնուողներուս, մէկէ աւելի առիթներով հերքելով տարաձայնութիւններ ու չափազանցեալ տեղեկութիւններ: Գլխաւորաբար Հալէպէն եկող պատգամները չըսին, թէ ամէն բան վարդագոյն է, վնասներ չունինք, այլ բառացիօրէն հասկցուցին, թէ ծայր տուած դէպքերը բնականաբար իրենց վատ անդրադարձը կ՛ունենան նա՛եւ հայութեան եւ հայկական շրջաններու վրայ, որոնք, նոյնպէս բնականաբար, կ՛ապրին երկրի հպատակներուն հետ կողք-կողքի, բաժնեկից են նոյն ճակատագիրին:

Սուրիոյ հայութեան օգնութեան ձեռք երկարելու նախաձեռնութիւնները ճամբայ ելած են նոյնպէս առողջ ու ողջմիտ մօտեցումով: Հայկական բարեսիրական երկու գլխաւոր միութիւնները արդէն գործի անցած են, անոնց պիտի միանան հայութեան բոլոր զաւակները, ծայրագոյն արեւելքէն մինչեւ արեւմտեան ափեր: Սրտառուչ էր մանաւանդ Արցախէն հնչած պատրաստակամութիւնը` աջակցելու Սուրիոյ հայութեան…

 

***

 

Ստեղծուած տարապայման կացութեան մէջ, քողարկուած կամ բացայայտ զրոյցներ ալ հրապարակ եկան հայութեան դերակատարութեան ու դիրրքորոշումին մասին: Այս ոլորտին մէջ ալ տրուեցան բացատրութիւններ եւ լուսաբանութիւններ, որոնք կրնան ամփոփուիլ սապէս: Հայութիւնը մէկ մասնիկն է երկրի բնակչութեան, անոր հետ կը բաժնեկցի լաւ ու վատ օրերը: Եթէ յետ-ցեղասպանութեան տարիներուն, հայութեան մէջ երախտագիտութեան զգացումը աւելի ուժեղ էր, քան ինչ որ է այսօր, այդ զգացումը զարգացում ապրած է տասնամեակներու ընթացքին, երկրին հայ “դասակարգը“ վերածած է բոլորին համահաւասար քաղաքացիի, որ գիտակից է իր իրաւունքներուն ու պարտաւորութիւններուն, գիտէ զանոնք կիրարկել արդար ու հաւասարակշուած ձեւով, պէտք չունի ոեւէ կողմի խրատին, խորհուրդին ու թելադրանքին, ինչպէս որ էր Լիբանանի հայութեան վիճակը` երէկ, տագնապի օրերուն: Սուրիոյ հպատակ հայը այս հայրենիքին նկատմամբ ունի երախտագիտութեան այն զգացումը, զոր պարտաւոր են ունենալ երկրին բոլոր զաւակները` անխտիր: Այս զգացումը կը կոչուի հայրենասիրութիւն:

Աւելորդ ու անտեղի պիտի չըլլայ յիշեցնել, իբրեւ նորօրեայ փորձառութիւն եւ պատգամ, թէ Լիբանանի հայութիւնը, աւերիչ դէպքերու օրերուն, համաքաղաքացիներուն ներկայացաւ առողջ ու հայրենասիրական կեցուածքով մը, որ զգեցաւ “Դրական Չէզոքութիւն“ անուանումը: Հայութեան այդ կեցուածքը ո՛չ կրաւորականութիւն էր, ո՛չ խուսափողականութիւն, ոչ ալ կը նշանակէր ըլլալ հակամարտներէն մէկուն կամ միւսին կողքին: Հայութեան կեցուածը կը բխէր ԵՐԿՐԻՆ ու ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ընդհանուր շահերուն նկատմամբ նախանձախնդրութենէ, որովհետեւ ի վերջոյ, բոլորն ալ միեւնոյն հայրենիքին զաւակներն էին եւ են, տարակարծութիւններն ու հակամարտութիւնները չեն կրնար յաւիտեանս շարունակուիլ, համախոհութեան օրը կու գայ ուշ կամ կանուխ: Փաստօրէն, աւելի քան տասնհինգ տարիներու հրդեհէ ու աւերէ, զիրար բնաջնջելու սպառնալիքներէ ետք, այսօր, աւելի քան քսան տարիէ ի վեր, Լիբանան մեծ մասամբ անցեալի էջերուն թողած է տագնապի տարիներու վիճակները. թէեւ անմասն չէ տնտեսական ու առօրեան ցնցող այլ տագնապներէ, սակայն չ՛ապրիր պատերազմի տարիներու ահաւոր մթնոլորտը (բարեբախտաբար):

Ճիշդ է. կարելի չէ Սուրիոյ վիճակը համեմատել Լիբանանի, Իրաքի կամ (հայ բնակիչ ունեցող) այլ երկիրներու վիճակին, սակայն կան հիմնական հասարակաց գիծեր, որոնք անփոփոխ են ու անփոփոխելի` տագնապներու դիմագրաւման, շրջապատին հետ յարաբերութեանց շրջագիծերուն մէջ:

Այս դրուածքով ալ, հայրենիքին ու պետութեան գերագոյն շահերուն նկատմամբ նախանձախնդրութիւնը Սուրիոյ հայութիւնը կը դնէ այն գիծին վրայ, որ Լիբանանի հայութեանն էր երէկ: Այս իրականութեան պէտք է իրազեկ ըլլան բոլորը, սկսելով մեզմէ ու հասնելով մեր բոլոր ճակատագրակիցներուն, ի՛նչ դիրքի ու խրամատի մէջ ալ գտնուին անոնք:

Որեւէ երկրի անվտանգութեան ու բարգաւաճման պատասխանատուութեան բաժնեկից են այդ երկրի բոլոր զաւակները, առանց գոյնի կամ հագուստի խտրութեան: Արտաքին միջամտութիւնները, որքան ալ բարի տրամադրութիւններով ու նպատակներով հրապարակ նետուին, չեն կրնար փոխարինել ներքին համերաշխութեան անխուսափելի պատուանդանը: Այս ճամբով է որ կարելի կ՛ըլլայ յաւելեալ դառնութիւններ ու արիւն խնայել:

Օգոստոս 8, 2012

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles