Գլխաւոր

ԻՐԱՆԻ ԵՐԿՐԱՇԱՐԺ.- ԱՏՐՊԱՏԱԿԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՎԱՆՔԵՐԸ ԱՆՎՆԱՍ

Ատրպատականի Հայոց Թեմի պատմական զոյգ վանքերը` Սուրբ Ստեփանոս…

 Թաւրիզի Ազգային Առաջնորդարանը, շաբաթասկիզբին յատուկ հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ թէ Շաբաթ Օգոստոս 11-ին, հիւսիսային Իրանի մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժէն, անվնաս մնացած են Ատրպատականի Հայոց Թեմի պատմական զոյգ վանքերը` Սուրբ Թադէն եւ Սուրբ Ստեփանոսը:

… եւ Սուրբ Թադէն

Թեմի Առաջնորդ Գերպ. Տ. Գրիգոր Ծ. Վրդ. Չիֆթճեան, կապ հաստատեց զոյգ վանքերուն մէջ բնակող հնագիտական հիմնարկի պաշտօնեանե­րուն, ինչպէս նաեւ Իրանի մէջ Եունեսքոյի հետ կապի պա­տասխանատու` Տիկին Շէրլի Աւետեանին հետ եւ հետեւողական քննութիւններու արդիւնքները ցոյց տուին, թէ զոյգ վանքերու պատերուն վրայ չափագրուած նախկին ճաքաչափերը մնացած էին նոյն հեռաւորութեան վրայ, երբեք չ՛ազդուելով կատարուած ցնցումէն: Երկրա շարժը նաեւ ցնցած է Արցախն ու Մեղրիի շրջանը:

Նշենք թէ,  Ատրպատականի Հայոց Թեմը զոյգ վանքերուն մէջ ձեռնարկած է սեն­եակներու վերադասաւորման աշխատանքին, յարմարաւէտ պայմաններ ստեղծե­լու համար տարեկան ուխտագնացութեանց ընթացքին:

 

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button