Խմբագրական “Դրօշակ“ի
Ատենէ մը ի վեր նորութիւն կայ հայութեան քաղաքական ժամանակակից պահանջներու մարզէն ներս. Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման պահանջին կողքին հետզհետէ բեմին վրայ կը քաշուի հայկական պահանջատիրութեան խնդիրը: Ատիկա կը կատարուի փոքր քայլերով, սակայն զարմանալիօրէն անմիջական արդիւնքներով: Այսպէս, սեղանի վրայ դրուեցաւ Թուրքիոյ կողմէ հայութեան բռնագրաւուած եկեղեցական նիւթական ժառանգութեան հարցը, որ անյապաղ դրականօրէն ընկալուեցաւ քաղաքական Արեւմուտքին կողմէ: Արդարեւ Միացեալ Նահանգներու օրէնսդրականը որդեգրեց համապատասխան բանաձեւ, իսկ գործադիրը կատարեց յայտարարութիւններ` նոյն ուղղութեամբ: Եկեղեցական գետնի վրայ Կոնստանտնոպոլսոյ Պատրիարքութիւնը ներկայացուց իր պահանջները օգտուելու համար համայնքային կալուածներուն առնչուող յայտարարուած նոր օրէնքէն, իսկ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը իր կազմակերպած օրէնսգիտական խորհրդաժողովէն ետք կը պատրաստուի ներկայացնել իր պահանջները: Թօթափելէ ետք զոհի հոգեբանութիւնը հայութիւնը տատամսոտ քայլերով անցած է յարձակողականի:
Հայ քաղաքական մտքի որդեգրած այս մարտավարական փոփոխութիւնը կու գայ ճիշդ ժամանակին, քանի Թուրքիա-Ատրպէյճան զոյգը համաշխարհային մասշտապի վրայ կազմակերպուած գործողութիւններով կը փորձէ չէզոքացնել Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ուղղութեամբ արձանագրուող շարունակական յաջողութիւնները: Ինչ որ հայութիւնը կը փորձէ միջազգային ընտանիքէն ստանալ գործածելով միջազգային իրաւունքի վրայ հիմնուած փաստարկներ, դիմացի կողմը կը փորձէ զանոնք չեղեալ յայտարարել գործածելով իր տնտեսական, քաղաքական ու ռազմավարական իրողական գերակշռութիւնը: Երեւութապէս անհաւասար այս կռիւին մէջ սակայն առաւելութիւնները կը թեքին դէպի հայկական կողմը, թէեւ ժամանակը ի նպաստ իրեն չի հոսիր մէկէ աւելի պատճառներով. հայութիւնը մեծ փորձ ձեռք ձգած է շնորհիւ տասնամեակներու վրայ երկարող իր աշխատանքներուն. իրաւազրկուողը հանդիսանալով` ան կը վայելէ ժողովրդավար ուժեղ երկիրներու հանրային կարծիքի համակրանքը. նոյն պատճառով կ’ապահովուի անոր ճիգին յարատեւութիւնը. իր կողմը ունի միջազգային օրէնքը. սակայն նաեւ` ժամանակը կը ջլատէ իր ուժերը եւ կը սպառէ անշահագրգիռ կողմերու համբերութիւնը:
Իրենց շղթայազերծած լայնածաւալ ու բազմամիջոց պայքարին մէջ Թուրքիա եւ Ազրպէյճան կը դիմեն յատկապէս պայքարի ամենէն տարրական` հայութիւնը պառակտելու միջոցին: Հետեւողական կերպով, առանց լուրջ յաջողութեան, կը փորձեն սեպ խրել Հայաստանի եւ սփիւռքահայութեան միջեւ: Առանց հրաժարելու իրենց այդ նպատակէն` անոնք ներկայիս սփիւռքահայութենէն ներս ճեղքեր բանալու ճիգին մէջ են: Ժամանակէ մը ի վեր անոնք կապեր կը հաստատեն հայ անհատներու հետ անոնց ներկայացնելով տնտեսապէս հրապուրիչ առաջարկներ: Ասիկա ժամանակի ընթացքին հայութիւնը պառակտելու միտող ամենէն պարզ ձեւն է: Իսկ պառակտումը փոքր ժողովուրդներու ամենէն մեծ թշնամին է:
Հայ Դատի նորագոյն փուլի աշխատանքներուն թրքական հաշուառելի պետական լուրջ հակազդեցութիւնները կը զուգադիպին նախորդ կայսերական վարչակարգի գործադրած Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի հայութեան կողմէ նշումին նախապատրաստական աշխատանքներուն: Ցեղասպանութեան պատասխանատու թրքական պետութիւնը իր յիշողութեան մէջ վստահաբար արձանագրած է, որ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ճիգերը սկսան 50-րդ տարելիցի նախօրեակին: Հիմա անոնք ամէն ճիգ պիտի թափեն կանխարգիլելու համար 100-րդ տարելիցին արձակուելիք հայկական ճիչը, որ կը խոստանայ հանդիսանալ հայկական պահանջատիրութեան գործնական ազդանշանը:
Ի հարկ է այս նախաձեռնութիւնը մեծ դժուարութիւններու դէմ յանդիման պիտի գտնուի թէ՛ ներքին, թէ՛ մանաւանդ արտաքին կացութիւններու պատճառով: Հիմնականը սակայն այն է, թէ պահանջատիրութեան խնդիրին շուրջ պէտք է ստեղծուի կարելի եղածին չափ լայն համահայկական համախոհութիւն: Նաեւ պահանջատիրութեան փոխարէն իբրեւ անոր հոմանիշ գործածուող հատուցում բառը պէտք չէ շփոթել անհատական կամ նոյնիսկ հաւաքական նիւթական հատուցումներու հետ: Այստեղ գոյութիւն ունի կորսուած հայրենիքի մը դատը եւ ամէն ինչ պէտք է ընել, որպէսզի որեւէ ձեւով չնսենեմանայ այդ ազգային հիմնահարցը:
Առ այժմ սակայն հարկ է մտածել հայկական պահանջատիրութիւնը հայկական ընդհանուր հաւաքականութեան գիտակցութեան մէջ ամրօրէն տեղաւորելու մասին` օգտագործելով հայութեան տրամադրութեան տակ գտնուող բոլոր միջոցները, մասնաւորաբար` կրթական, մշակութային, քարոզչական ու քաղաքական մարզերէն ներս: Կորսուած հայրենիքի պահանջին հետապնդումը ինքնապաշտպանութեան եւ ինքնապահպանման ամենէն ազդու միջոցներէն է:
Oգոստոս 8, 2012