Այս տարուան “Քէմփ Հայաստան“ի բանակումին, մասնակցող պատանի բանակողներ իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին սուրիահայութեան, նկատի ունենալով, տիրող մտահոգիչ իրավիճակը:
Պատանիներու անմեղ ու պարզամիտ գրութիւնները հետաքրքրական են, ստորեւ քանի մը օրինակներ.-
Սիրելի ընկերներ,
Ես Սուրիոյ խնդիրը լսեցի: Դուն առանձին չես, դուն եւ ես մէկ ընտանիք ենք: Աստուած հետդ ըլլայ, յուսամ որ խնդիրդ կը լուծուի շուտով, համբերէ հոգիս համբերէ:
ՆԱՐԵԿ ԱՊՈՅԵԱՆ
Սիրելի ընկերներ,
Ես կ՛ապրիմ Ամերիկա, բայց հայ եմ: Ես իմ հեռատեսիլիս վրայ կրնամ տեսնել ինչքան դժուար է ապրիլը Սուրիա: Իմ ընկերս Սուրիայէն եկաւ, ինքը ինծի կ՛ըսէ, որ շատ վատ է, բայց մենք եւ ամերիկացիները կ՛օգնենք, որ այս գէշ հանրապետութիւնը սրբենք որ Սուրիան ազատի Հայաստանի պէս: Մենք ուտելիք եւ զէնքեր կը ղրկենք, լաւ եւ քաջ կռուողներու որ Սուրիայի մարդիկը յաղթեն:
Ցտեսութիւն քո սիրելի
ՆՇԱՆ ԿԼՈՐԻԿԵԱՆ
Սիրելի ընկերներ,
Մենք կը սորվինք Սուրիայի մասին եւ կռիւները Սուրիայի մէջ: Մենք քեզի նամակ կը գրենք, որովհետեւ մենք գիտենք ի՞նչ կը դիմանաս: Պէտք է յոյս ունենաս: Մենք կը յուսանք որ ամէն բան լաւ պիտի ըլլայ եւ ուրախ պիտի ըլլաս:
ԱԼԻՔ ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ–ՖԻՇԸՐ
Սիրելի ընկերներ,
Գիտենք, որ գէշ բաներու մէջէն կանցնիք, բայց վերջաւորութեան ամէն ինչ լաւ պիտի ըլլայ: Պէտք է քաջ ըլլաս, այսպէս պիտի չմնայ:
ՄԷՅՐԻ ՊՈՅԱՃԵԱՆ
Սիրելի ընկերներ,
Եթէ ես քեզի էի միշտ հայերէն կը խօսէի, կը սորվէի, կը գրէի եւ բնաւ չէի մոռնար իմ մշակոյթս:
ՊԷՐՃ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
Սիրելի ընկերներ,
Ես գիտեմ ինչքան դժուար է ձեզի համար պէտք է քաջ մնաք: Մենք հոս Ամերիկայի մէջ կը փորձենք ձեզի ազատել: Մենք կը սորվինք ձեր դժուարութեան մասին: Չմոռնաք ձեր լեզուն եւ միշտ հայերէն խօսեցէք: Փորձեցէք նոր բաներ սորվիլ: Ամէն օր յիշեցէք որ հայ ես եւ հայ պիտի մնաս: Ոչ մէկը այդ չի կարող փոխել:
ՍԱՐԻՆ ՄԱՐՈՒԽԵԱՆ
Սիրելի ընկեր,
Մի վախնար: Ամէն մարդ պիտի փորձէ որ դուն եւ ընտանիքդ աւելի հաճելի կեանք ունենայ: Գիտենք, որ դուք շատ հանգիստ կեանք չունիք: Անոր համար քեզի պիտի օգնենք:
ՆԱՐԵԿ ՍՏԵՓԱՆԵԱՆ
Սիրելի ընկեր կամ ընկերուհի,
Ես այս նամակը գրեմ Ամերիկայէն: Մենք պիտի փորձենք ձեզի օգնել, որովհետեւ գիտենք քո երկրիդ վիճակը եւ կ՛ուզենք օգնել: Ես տեսած եմ նկարներ որոնք շատ ցաւալի են:
Բարեւ անունս Սանան է: Ես Ամերիկայէն եմ: Ես գիտեմ, որ դուք դժուար խնդիրի մէջ էք: Կ՛ուզեմ ըսել ես ձեզի պիտի օգնեմ: Մի վախնաք մենք ձեզ հետ ենք:
ՍԱՆԱՆ
Սիրելի ընկեր,
Գիտեմ որ վիճակը գէշ է Սուրիոյ: Բայց մի վախնար: Մէկ հայ միւսին կ՛օգնէ: Ես կ՛ուզեմ օգնել քեզի: Ամէն մարդու կ՛ըսեմ ինչ եղաւ: Սիրտս կտրեցաւ երբ լսեցի որ շատ շատ բաներ եղեր է:
Սիրելի ընկեր,
Կը հասկնանք ամէն ինչ որ հոն կը պատահի: Կը հասկնամ որ շատ վախնալիք է քեզի համար եւ չես գիտեր ինչ պիտի ըլլայ: Գիտցիր, որ մենք քեզի պիտի օգնենք եւ ասկեց վերջ շատ աւելի լաւ տեղի մէջ պիտի ըլլաս: Վերջապէս, մի վախնար: Առանձին չես, ես հոստեղ եմ, սիրով կ՛աղօթենք քեզի համար:
ԹԱԼԻՆ ՏՕՆՈՅԵԱՆ