ԿԱՐՊԻՍ ԳՈՃԱՆԵԱՆ
Երրորդ յաջորդական տարին ըլլալով, պոսթընահայութիւնը ճիգ չի խնայեր, լաւագոյնս յաջողցնելու եւ աւանդական դարձնելու այս յանդուգն միջոցառումը:
Հարիւրի հասնող գործող անձնակազմը իր մեղուաջան աշխատանքով եւ սիրայօժար նուիրումով կը նպաստէ այս ազգանուէր ծրագրի իրագործման:
Իբրեւ Քերմէսի վայր ընտրուած է, Հայ Մշակութային եւ Կրթական Կեդրոնի (ACEC) եւ “Հայրենիք“ խմբագրատան դիմաց երկարող թաղամասը (մասնայատուկ արտօնագրով), ինչպէս նաեւ (parking lot)ի լայնածաւալ հողամասը:
Հսկայ վրաններ, տասնեակ տաղավարներ, փոքրիկներու խաղավայրեր զուարճալիքներով, բեմահարթակներ (գլխաւոր եւ մասնակի), ելեկտրական տեսակաւոր սարգեր, ճաշասեղաններ, կ՛ամբողջացնեն համայնապատկերը:
ACECի վարչութեան կազմակերպութեամբ եւ զանազան Հայ միութիւններու աջակցութեամբ, տիկնանց յանձնախումբերու քրտնաջան մասնակցութեամբ եւ այլազան կամաւոր նուիրեալներու գործակցութեամբ կ՛ընթանայ այս հսկայածաւալ միջոցառումը:
Աշխատող կանանց խոհարարական փորձարութիւնը կը վկայէ համադամ ճաշերու եւ անուշեղէններու առկայութիւնը:
Քերմէսի գեղարուեստական յայտագիրները կը կազմեն ամենէն յատկանշական երեւոյթները:
Յայտագիրներուն մաս կը կազմեն, տեղական զանազան նուագախումբեր, երգի եւ պարի խումբեր, ինչպէս նաեւ հիւրաբար Պոսթըն ժամանած տաղանդաւոր եւ մեծ համբաւ ունեցող երգիչներ իրենց նուագախումբերով:
Հայրենիքէն` Արման Յովհաննիսեան, Հայաստանի Հանրապետութեան վաստակաւոր արուեստագէտ, երիտասարդ շնորհալի երգիչ, կարճ ժամանակի մէջ մեծ հռչակ շահած ու աստղ դարձած, բազմահազար երկրպագուներ ունեցած, առինքնող ձայնով եւ գրաւիչ ներկայութեամբ:
Քալիֆորնիայէն Յարութ Փամպուքճեան, սփիւռքահայութեան պաշտելի տաղանդաշատ երգիչ, ինքնատիպ եւ սիրելի ներկայութեամբ:
Ուրբաթ, Յուլիս 20, քերմէսի առաջին օրը, կէսօրէ ետք տաղավարներու պատասխանատուները կ՛աշխատին ցնծագին ոգեւորութեամբ եւ աշխոյժ: Խուռներամ հասարակութիւնը կը խուժէ, նախ խոհանոց, ուր կ՛աշխատին ժրաջանութեամբ, հսկողութեամբ հանրածանօթ խոհարար, շէֆ` Սարգիս Անդրէասեան, ապա կը դիմեն մեծ վրանին տակ սեղաններուն շուրջ, սպասելով իրենց շատ սիրելի երգիչին` Յարութ Փամպուքճեանի ելոյթին:
Բեմահարթակ կ՛երեւին, Համազգայինի նորակազմ պարախումբէն երկու փոքրիկ պարուհիներ, որոնք կը պարեն նազանքով:
Ապա տիրապետող ձայնով կը հնչեն բացման խօսքերը, հանդիսավարներ, Նանոր Գոճանեան (Ներկիզեան)ի եւ Ճորճ Պարմաքեանի, հայերէնով եւ անգլերէնով:
Ապա քերմէսի ընդհանուր պատասխանատու` Արա Նազարեան կը ներկայացնէ կազմակերպող անձնակազմի խօսքը, իսկ Արժ. Տէր Անդրանիկ Ա. քհնյ. Պալճեան կը հաղորդէ օրհնանքի իր հոգեպարար պատգամը:
Բեմ կը հրաւիրուի, անհամբեր սպասուած Յարութ Փամպուքճեան, ան իր սրտառուչ ձայնով, տպաւորիչ կատարողութեամբ սրահը կ՛ողողէ անհուն ցնծութեամբ, կը պարեն մեծ հրճուանքով, որ կը տեւէ մինչեւ ուշ գիշեր:
Շաբաթ, Յուլիս 21, կէսօրին բացումը կը կատարուի (ACEC)ի սրահին մէջ տեղադրուած ցուցահանդէսին զարթեղէններու, յիշարժան իրերու եւ գիրքերու, ուր մասնայատուկ ուշադրութիւն կը գրաւեն, երկու նորատիպ հայափոյր գիրքեր մեծ գրողներու (Chris Bohjalian)ի եւ (Susan Pattie)ի:
Քերմէսի յատկացուած թաղամասին` զետեղուած ճաշասեղանները կը վխտան ներկաներով, ուր զետեղուած բեմին վրայ հեզասահօրէն կը նուագեն` (classic groove) ճազային նուագախումբը, ապա ելոյթ կ՛ունենայ, հանրածանօթ, Համազգայինի “Արեւիկ“ նուագախումբը իր գողտրիկ մեղեդիներով եւ ուշագրաւ երգեցողութեամբ:
Երեկոյեան քերմէսի բոլոր տարածքները ողողուած են խուռներամ բազմութեամբ, արեւելահայերէն խօսակցութիւնները կը տիրեն ամէն կողմէ:
Ժամը 7:30ին մեծ վրանին տակ, կեդրոնական բեմահարթակին վրայ ելոյթ կ՛ունենայ “Զանգակներ“ փոքրիկներու երգչախումբը, իրենց սրտառուչ կատարողութեամբ, ուշագրաւ էր փոքրիկն Մարի Գալստեանի երգեցողութիւնը իբրեւ մենակատար, խլելով հանդիսականներու ուշադրութիւնը, արժանանալով որոտընդոստ ծափահարութեան:
Ժողովուրդը անհամբեր կը սպասէ վաստակաւոր երգիչի ելոյթին, Արման Յովհաննիսեան անունը ներգրաւած է պոսթընահայութեան բոլոր հատուածները:
Երեկոյեան Արմանի ելոյթին` տօն է, բերկրանք պար ու խրախճանք, հեզասահ երգերէն կը սփռուի հայրենի հողի բուրմունքը, առինքնող նրբաճաշակ ձայնով կը գերէ ներկաներու հոգիները, այդ գիշեր հայ երգարուեստի տօնախմբութիւն էր:
Կիրակի, Յուլիս 22, կէսօրին թաղը լեցուն է ներկաներով, բեմին վրայ կը հնչէ Քարէն Քոչարեանի հայկական ճազի նուագախումբը հեզասահ երաժշտութեամբ:
Ապա ելոյթ կ՛ունենայ Սամուէլ Գալստեանի Հայկական Ժողովրդական երգերու, ճազային րիթմով, նուագախումբը, Սամուէլի երգերը հաղորդական են ու փափկասուն:
Ժամը 3ին, մեծ վրանին տակ, կեդրոնական բեմահարթակին վրայ, կը հնչեն ազգագրական նուագարաններու երաժշտութիւնը, երգեցողութեամբ` Օննիկ Տինքճեանի հոգեհարազատ ձայնով, նուագակցութեամբ եւ ղեկավարութեամբ Ճոն Պէրպէրեանի (քլարինէթ), սրահը պատուելով հին օրերու աննման երգերու մթնոլորտով, կը պարեն մեծահասակներն ու երիտասարդները հայաբոյր երգերու եւ եղանակներու կշռոյթին ներքեւ:
Քերմէսը հասած է իր աւարտին, հանդիսավար Նանոր կը յայտնէ փակումը այս նախաձեռնութեան (անգլերէնով) շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր անոնք, որոնք սատար հանդիսացան այս մեծ միջոցառման:
Երեք օրերու ընթացքին ներկաներու թիւը կը հասնի 5000ի, անկախ եկամուտէն ամենամեծ յաջողութիւնը կը կայանայ պոսթընահայութեան ամէն տեսակի հատուածներուն, բռունցք դարձած համախմբումը, ուժականութեան ցուցադրութիւնը, հայ գեղարուեստի յաղթանակը եւ հայ աւանդութիւններու վերակենդանացումը: