Սուրիոյ մէջ կատարուող վերջին տարիներու անցուդարձերն ու դէպքերու ընթացքը, այնպիսի կացութիւն մը ստեղծած են, որ գոյութիւն չունի լրատուական աղբիւր մը, որ կարենայ ներկայացնել թէ ճիշդ ի՞նչ կը կատարուի այս երկրէն ներս: Արդէն իսկ Արեւմտեան Աշխարհի քարոզչական “ծանր հրետանի“ն, յանձին “Ֆոքս“երու, “NBC“ներու (կամ այբուբենէն առնուած այլ եռեակներ ու քառեակներ), “Նիւ Եորք Թայմզ“երու, եւայլն ծայրայեղ կերպով եւ յամառօրէն կը պայքարին իշխող ներկայ ղեկավարութեան դէմ: Այնքան մը, դեռ քանի մը օր առաջ, ըստ անոնց սփռած տեղեկութիւններուն, աշխարհի պատմութեան ամենէն հին մայրաքաղաք` Դամասկոսը, ազատագրուած էր:
…Սակայն, դէպքերն ու իրադարձութիւնները ցոյց տուած էին, թէ հակառակն է որ պատահած էր: Փոխարէն, Մոսկուայէն սփռող պատկերասփիւռի կայաններ կամ օրաթերթեր ճիշտ հակառակն է որ կը տեղեկացնեն:
Իսկ վերջին տարիներուն մեծ ժողովրդականութիւն վայելող “ԱլԺազիրա“ն, որ Իրաքի պատերազմին, թէ Թունուզէն ծայր առած “Արաբական գարուն“ին (աշո՞ւն թէ սաստիկ ձմեռ… հարցական է նմանօրինակ անուանում) կը ներկայացնէր իսկական պատկերը դաշտին վրայ, այսօր ինքն ալ իր անուան նման կղզիացած է եւ իր երկրի եւ ղեկավարութեան` Քաթարի հովանիին տակ…արեւմտեան աշխարհի քարոզչական մեքենային միեւնոյն թմբուկը կը հարուածէ, շատ հաւանաբար դրացի Սէուտական Արաբիայէն ստանալով նիւթական գերշօշափելի ներդրում:
Զարմանալիօրէն Միջազգային Ձախն ալ, որ յանձին իր քարոզչական մեքենային, այլ կացութիւններու պարագային շատ աւելի ազատամիտ ու արդարամիտ մօտեցում ունեցած էր, այս Սուրիական թնճուկին առնչութեամբ, ոչ թէ միայն կրաւորական ոճով, այլ նոյնիսկ վերոյիշեալ արեւմտեան աշխարհի քարոզարշաւին հոսանքին հետ, հեզասահօրէն կ՛ընթանայ, իսկական հարուած մը տալով լրատուական միջոցներու ներկայ իրավիճակին:
Հազուադէպ են այն պարագաները, ուր ընդհանրապէս ձախ թեքումներու տէր յօդուածագիրներ կը տեղեկացնեն կամ աւելի ճիշդը կը “մերկացնեն“ իրականութիւնը, թէ ներկայ մենատիրական ղեկավարութիւն մը վար առնելու համար, այլ մենատիրական կամ ծայրայեղ կրօնամոլներով ղեկավարուած ընդդիմադիր ճակատ մը, անդունդ կրնայ փոխադրել ո՛չ միայն երկիր` Սուրիան, այլ ամբողջ շրջանը:
Հետեւաբար կարելի է պարզ ու մէկին եզրակացնել` թէ Սուրիոյ այս թնճուկին ամենէն աւելի մեծ պարտեալը` նոյնինքն տեղեկատուական–քարոզչական բնագաւառն է, որ կորսնցուցած է իր երբեմնի տեղեկատուական հաւասարակշռուած ու արդար լրաբերի պարտականութիւնը:
Դեռ աւելին, անտեղի մեկնաբանութիւններ եւ հրահրումներն են, որոնք կրնան ահաւոր աւեր գործել: Յատկապէս, օրինակի համար կացութիւն մը ստեղծելու եւ ահազանգ հնչեցնելու համար, վերոյիշեալ քարոզչական մեքենան բազմիցս սկսած է նշել թէ Սուրիոյ փոքրամասնութիւններն ալ, որոնք ներկայ ղեկավարութեան հովանիին տակ կը գտնուին պէտք է որ գործակցին յեղաշրջում կատարող շարժումին հետ:
Հայորդին մաս կազմելով այս փոքրամասնութեան, քաջատեղեակ է կացութեան եւ շատ աւելի կը գիտակցի իր բնակած երկրի պատկանելիութեան եւ յստակօրէն, երբեք կարիքը չունի միջազգային եւ յատկապէս “համաշխարհայնացած“ ցուցմունքներու:
ՀԱՅՐԵՆԻՔ