ԽՈՒԼԻԿԱՆՆԵՐ…ՈՃԻՐ ԵՒ ՊԱՏԻԺ

0 0
Read Time:1 Minute, 27 Second

 Անծանօթ զինուոր մըն էր Հ.Հ. բանակին ծառայող սպայ – բժիշկ Վահէ Աւետեանը, նախքան “Հարսնաքար“ի սարսափազդու դէպքն ու քստմնելի ոճիրը:

Իր դաժան մահէն ետք, Վահէն անծանօթ չէ այլեւս…այլ այնքան մը հանրածանօթ, որ կարելի չէ զինք անծանօթ զինուոր նկատի ունենալ եւ յարգանքի ծաղկեփունջ զետեղել: Առ այդ, ծաղկեփունջեր, ցաւակցականներ եւ յետ մահու գրութիւններ կը շարունակուին զետեղուիլ, յայտնուիլ ու լոյս ընծայուիլ:

…Եւ այս բոլորը մեծ ծաւալով, ներառեալ նոյնիսկ դէպքին վայրին տիրոջմէն` Հայաստանի Ազգային Ժողովի պատգամաւոր Ռուբէն Հայրապետեանէն, որ բաւական մը տատամսելէ ետք յանգած էր այդ արդար որոշումին եւ անշուշտ բաւական մը ճնշումի տակ ըլլալէ ետք:

Անմեղ զոհ մըն էր Վահէ Ասատրեանը, որ ինքն ալ չէր գիտեր թէ ճաշարանային համալիր “Հարսնաքար“ին, կամ աւելի ճիշդը խուլիկանային համալիր-սպանդանոցին մէջ…հիմնաքարը պիտի դրուէր իր տապանաքարին:

Հայրապետեան չէր ենթագիտակցած թէ, իր պատրաստած համալիրն ու անձնակազմը այնպիսի կառոյց մը ստեղծած էին որ, կրնար խնճոյքի վայր մը շուտով վերածել ըմբշամարտի ռինկի եւ աւելի՛ն` սգավայրի:

Խուլիկաններ, որոնք հաւանաբար անգլիացի գրագէտ Էնթընի Պըրկէսի 1962-ին մտայղացուած “Ինքնագործ Նարինջ“ (“Է Քլաքուըրք Օրէյնճ“, նաեւ 1971-ին վերածուած ժապաւէնի` բրիտանացի Սթէնլի Քիւպրիքի կողմէ) նորավէպէն ներշնչուած կատարած են այս ոճիրը:

“Ոճիր եւ Պատիժ“…Ֆիոտոր Տոսթոյեւսքիի կոթողային վէպին հետ կարելի չէ բաղդատել այս պատահածը, բացի պարզապէս անուան կոչումէն: Վահէն սպաննողները, վստահաբար տեղեակ չեն Տոսթոյեւսքիի այդ գործէն, ուր գործին հերոսը` Ռասքոլնիքով կը կատարէ ոճիր մը, ինքզինք արդարացնելով եւ բաղդատելով Նափոլէoն Պոնափարթի հետ:

Ո՛չ…Յունիս 17-ին “Հարսնաքար“ ճաշարանային համալիրին թիկնապահներուն քմահաճոյքն էր դիմել ծայրայեղ “Մէտ Մաքս“եան խուլիկանութեան եւ իրենց ըմբշամարտիկի եւ կռփամարտիկի կարողութիւնները ցոյց տալ եւ ի վերջոյ եզրակացնել Քունտերայական գաղափարաբանութիւն մը` գիրք մը, թէ կեանքը որքա՜ն անհանդուրժելիօրէն թեթեւ է:

Ո՛չ ոճրագործները, ո՛չ ալ պատժուողները որոնք այս պարագային նոյն անձերը կրնան չըլլալ, կրնան ենթագիտակցիլ իրենց կատարածին: …Եւ այդ ալ ի վնաս Վահէին եւ անոր նման վէրք ստացողներուն:

ՀԱՅՐԵՆԻՔ

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles