ԶԱՆԳՈՒԱԾՆԵՐԸ ԸՆԴՎԶԵՑՆՈՂ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԽՈՐՔԸ.- ԸՆՏՐԱՊԱՅՔԱՐՆԵՐԷՆ ԱՆԴԻՆ, ՈՒ ԱՆՈՆՑՄԷ ԱՆԿԱԽ
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Հոկտեմբեր 22-ին, Օպամա-Ռոմնի պատկերասփռուած բանավէճի երրորդ ու վերջին արարը վարագոյրը իջեցուց նախագահական ընտրապայքարի վերջին նախապատրաստութեանց բեմադրութեան վրայ, որ հանրութեան անգամ մը եւս հրամցուեցաւ ``ժողովրդավարութեան...