ՄԱ­ՍԱ­ՉՈՒ­ՍԷՑ.- ՍՈՒՐԲ ՅԱ­ԿՈԲ ԵԿԵ­ՂԵՑ­ՒՈՅ ՄԷՋ ՑՈՒ­ՑԱ­ՀԱՆ­ԴԷՍ ՆՈՒԻՐ­ՈՒԱԾ ՀԱՅ ՏՊԱԳ­ՐՈՒ­ԹԵԱՆ 500-ԱՄ­ԵԱ­ԿԻՆ

0 0
Read Time:1 Minute, 35 Second

 Կի­րա­կի, Հոկ­տեմ­բեր 28-ին, յետ Սուրբ Պա­տա­րա­գի, կազ­մա­կեր­պու­թեամբ Ուաթըր­թաու­նի Սուրբ Յա­կոբ եկե­ղեց­ւոյ մշա­կու­թա­յին յանձ­նա­խում­բին, ցու­ցա­հան­դէս մը տե­ղի ու­նե­ցաւ Հայ Գրատ­պագ­րու­թեան 500-րդ տա­րա­դար­ձին առ­թիւ, եկե­ղեց­ւոյ Մշա­կու­թա­յին հա­մա­լի­րին մէջ:

Ցու­ցադր­ուած էին աւե­լի քան երե­սուն հայ հնա­տիպ գիր­քեր, որոնց­մէ յի­շենք տպա­գիր առա­ջին հա­յե­րէն գիր­քը` Ուր­բա­թա­գիր­քը, Ոս­կան Երե­ւան­ցի վար­դա­պե­տի տպած առա­ջին հա­յե­րէն Աստ­ուա­ծա­շուն­չը եւ Մխի­թար Աբ­բա­հօր Աստ­ուա­ծա­շուն­չը. ըն­տիր նմոյշ­ներ կա­յին Սուրբ Ղա­զա­րու, Ֆրան­սա­յի, Սբ. Էջմ­ի­ած­նի, Հնդկաս­տա­նի, Վի­են­նա­յի, Ամս­թեր­տա­մի, Թիֆ­լի­սի եւ Երու­սա­ղէ­մի հայ­կա­կան տպա­րան­նե­րուն մէջ տպուած հնա­տիպ­նե­րէ:

Մշա­կու­թա­յին Յանձ­նա­խում­բի Ատե­նա­պետ Ալեքս Գա­լայճ­եան խօ­սե­ցաւ հայ­կա­կան տպագ­րու­թեան սկզբնա­ւոր­ման մա­սին, ան բա­ցատ­րեց թէ ի՞նչ էին պատ­ճառ­նե­րը` հայ­կա­կան առա­ջին գիր­քը հայ­րե­նի­քէն հե­ռու` Վե­նե­տի­կի մէջ տպուած ըլ­լա­լուն հա­մար:

Հա­կիրճ խօս­քով հան­դէս եկաւ եկե­ղեց­ւոյ Հո­գե­ւոր Հո­վիւ Արժ. Տ. Առա­քել Քհնյ. Ալ­ճալ­եա­նը որ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց Մշա­կու­թա­յին Յանձ­նա­խում­բի ան­դամ­նե­րուն իրենց նուիր­եալ եւ շնոր­հա­կալ գոր­ծին հա­մար: Աւար­տին, տե­ղի ու­նե­ցաւ հիւ­րա­սի­րու­թիւն:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles